Jump to content

Հայկ Շէքէրճեան

Հայկ Շէքէրճեան, հայկական ծագմամբ ամերիկեան ռազմական գործիչ։ Աւագ գնդապետ, հայկական ծագումով առաջին շրջանաւարտը՝ Ուէսթ Փոյնթի հռչակաւոր ռազմական ուսումնարանին եւ ամերիկեան բանակին մէջ ծառայած՝ ամէնաբարձր աստիճանով ամերիկահայերէն մէկը։

Ծնած է Ատափազար (Թուրքիա)։ Հինգ տարեկանին Միացեալ Նահանգներ փոխադրուած է իր ծնողներուն հետ։ 1907-1911-ին ուսանած է Ուէսթ Փոյնթի մէջ, շրջանաւարտ ըլլալով գիտութեան վկայականով։

Ամերիկեան բանակը մտած է հետեւակազօրի Բ. տեղակալի աստիճանով եւ Ապրիլ 1916-էն Փետրուար 1917-ին մասնակցած է Մեքսիքոյի ռազմարշաւին, ընդդէմ մեքսիքական յեղափոխական զօրավար Փանչօ Վիլլայի։ Ա. Աշխարհամարտին ծառայած է իբրեւ զինուորական օգնական կցորդ՝ Յունաստանի մէջ եւ այնուհետեւ՝ Միջին Արեւելքի դաշնակից բանակներուն մէջ[1]։

1919-ին այցելած է Արեւմտեան եւ Արեւելեան Հայաստան՝ մաս կազմելով ամերիկեան զինուորական առաքելութեան եւ ականատես եղած՝ հայերու սրտաճմլիկ վիճակին։

1923-ին փոխանցուած է բանակի քիմիական պատերազմի սպասարկութեան, ուր ծառայած է մինչեւ հանգստեան կոչուիլը՝ 1946-ին։

Նախագահ Ֆրէնքլին Ռուզվելթի հրամանով, Շէքէրճեան ստացած է պրիկատիր զօրավարի աստիճանը 1942-ին, դառնալով նման տիտղոսի արժանացող առաջին ամերիկահայը։

1942-1943-ին քիմիական պատերազմի փոխանորդներու մարզումի կեդրոնի հրամանատար նշանակուած է: 1943-1945-ին՝ Սիպըրթ ճամբարի (Ալապամա) հրամանատար, եւ 1945-1946ին՝ միջին-արեւելեան ռազմաբեմի բանակի եւ ծովուժի հաշուեյարդարի յանձնախումբի վարիչի տեղակալ։

Բ. Աշխարհամարտի ընթացքին, Շէքէրճեան բազմիցս ամերիկահայութեան դիմումներ ըրած է՝ պատերազմական ճիգերուն անոր աջակցութիւնը ապահովելու համար։ Իր ծառայութեան համար, ստացած է Արժանեաց շքանշանը։

Հանգստեան կոչուելէ ետք, Շէքէրճեան ներգրաւուած է Ճորճ Մարտիկեանի գլխաւորած Անտուն Հայերու Օժանդակութեան Ամերիկեան Ազգային Յանձնախումբի (ԱՆՉԱ) աշխատանքներուն մէջ։ ԱՆՉԱն հազարաւոր հայերու օժանդակած է, որոնք խորհրդային բանակի նախկին ռազմագերիներ էին Եւրոպայի տարածքին, յատկապէս՝ Գերմանիոյ մէջ մնացած։

1948ին Շէքէրճեան մեկնած է Գերմանիա, ուր ԱՆՉԱյի տեղւոյն ներկայացուցիչը դարձած է՝ Շթութկարթի հայկական ճամբարին մօտ։

Ան գործօն մասնակցութիւն ունեցած է շուրջ 3,500 հայերու տեղափոխութեան մէջ, որոնց մեծ մասը Միացեալ Նահանգներ հաստատուած է, իսկ մնացեալը՝ Հարաւային Ամերիկա եւ Միջին Արեւելք։

Թաղուած է քաղաքի ազգային գերեզմանատան մէջ իր կնոջ՝ Հելըն Պէյն Շէքէրճեանի (1892-1982) կողքին։

1907 թուականին 21-ամեայ Հայկ Շէքէրճեան կ'ընդունուի ԱՄՆ-ի Վեսթ-Փոյնթ ռազմական ակադեմիա որ այսօր ալ կը համարուի է աշխարհի ամէնահեղինակաւոր ռազմական ուսումնական հաստատութիւններէն մէկը: Ան հայազգի առաջին ամերիկացի զինուորականն էր, որ ընդունուած է Ուեսթ Փոյնթի Ռազմական ակադեմիա՝ բացառիկ քաղաքացիական արիութեան համար, որ ցուցաբերած է դեռեւս պատանի տարիքին (16 տարեկանին ան նետուած է կրակի ճիրաններուն մէջ յայտնուած շէնք ու փրկած՝ կին մը եւ իր երեխան)։

1911 թուականի Յունիս 13-ին՝ իր ծննդեան օրը երիտասարդ Հայկ Շէքէրճեանը՝ Վեսթ-Փոյնթի հայկական ծագումով առաջին կադետը (կուրսանտ), կը դառնայ ԱՄՆ-ի Զինուած Ուժերի գլխաւոր ռազմական ակադեմիայի շրջանաւարտ։ ԱՄՆ-ի բանակի լեյտենանտի ռազմական կոչումի հետ միասին իրեն կը շնորհուի նաեւ պաքալավրի գիտական աստիճան։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]