Jump to content

Հայկ Եազըճեան

Հայկ Եազըճեան
Անուն Հայկ Եազըճեան
Կայքէջ http://www.haigyazdjian.com/

Հայկ Եազըճեան՝ Յունաստանաբնակ սուրիահայ հանրածանօթ Երգիչ, երգահան եւ ուտի վարպետ:

  • Ուտի վարպետ, երգիչ Հայկ Եազըճեան ծնած է 1959-ին, Հալէպ, Սուրիա: Ծնողքը արմատներով՝ Կեսարիա քաղաքի եւ Նեվշեհիր մարզի (Կեդրոնական Անատոլիա) գաղթած հայեր են: 1980-ական թուականներուն ան իր ծնողքին հետ գաղթեր է Յունաստան: Երիտասարդ Հայկը միշտ նախընտրած էր ելեկտրական կիթառը քան ուտը: Նուագարանի հնչականութեան մէջ, սակայն, ան յայտնաբերեց իր արտահայտիչ հետապնդումներու չբացայայտուած հողերը:
  • Ընդամէնը քանի մը տարի յետոյ ան դարձաւ Յունաստանի առաջատար մենակատար, հեղինակութիւն եւ հռչակ վայելող, որը զինք տարաւ նշանաւոր երաժշտահաններու եւ առաջատար երգիչներու շարքին:
  • 2005 թ.-ին Գանատայի համաշխարհային երաժշտութեան տիվա՝ Լորիննա ՄաքՔեննիթը (music diva Loreenna McKennit), աշխարհի տարբեր երաժիշտներուն ունկնդրելէն յետոյ, ընտրեց Հայկ Եազըճեանին ըլլալ մէկը իր ամենավերջին «ձայներ» «voices» նախագիծին:
  • Անգլիոյ Ռիլ ուըրլտ (Real World studios) տաղաւարներու մէջ կատարած լայն ու ընդարձակ փորձերու եւ ձայնագրութեան նստաշրջաններէն յետոյ Հայկ Եազըճեանի ուտային նուագակցութիւնը գտաւ իր ճանապարհը` երգչուհի (Loreenna McKennit) Լորիննա ՄաքՔեննիթի՝ «An Ancient Muse» մենանուագ ալպոմի (solo album) երգերուն մէջ, որ 2005 թուականներուն յաջողութեամբ յայտնուած էր վաճառատուներու մէջ: Որուն յաջորդեց եւրոպական կարճ շրջագայութիւն, ինչպէս նաեւ նկարահանումներ եւ շուտով թողարկուած ուղիղ հեռարձակումով «Երկու Գիշերներ» խորագրով DVD ձայ­նաս­կա­ւա­ռակ­ (Alhambra) Ալհամպրայի մէջ:[1]
  • Երգիչ Հայկ Եազըճեանը աշխատած է նաեւ բազմաթիւ արուեստագէտներու եւ երգահաններու հետ, ինչպէս՝ Արա Տինքճեան, Թեոտոսի Սփասով (Theodosii Spasov), Էլեֆթերիա Արվանիթաքի (Eleftheria Arvanitaki), Էլենի Վիթալի (Eleni Vitali) եւ ուրիշներ:
ուրախ եմ որ Հայկ Եազըճեանը Հալէպէն է եւ իմ հետս նուագած է որպէս կիթարիսթ
- երգիչ Մինաս Փալանճեան Minas Palanjian


Իր ամենանշանակալի գործերէն մէկը կը կոչուի AMALUR

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պասքերէն ( Փիրինեաններու մէջ, ֆրանս.-Սպանական- ինքնորոյն լեզու) Ամալուր կը նշանակէ «մայր երկիր»: Թերեւս, այդ տարօրինակ թուի, բայց եզրաբառը առաւել նուրբ ձեւով կ'արտայայտէ այն ձեւը, որմով Հայկը կը հասկնայ պատկանելութիւնը ոչ թէ որոշակի երկրի կամ տարածաշրջանի, այլ երաժշտական ոգեշնչման եւ ստեղծագործութեան խոր նոյնացմանը: Հալէպ, Սուրիա ծնած ծագումով հայ ծնողքի մը զաւակ ըլլալով, Յունաստան բնակող եւ աշխարհի քաղաքացի, Հայկ Եազճեանը (ուտ վիրթուոզ, բեղմնաւոր երաժշտահան եւ նրբագեղ երգիչ) կը զգայ, որ «Ամալուր» բառի ձայնը ամբողջութեամբ ներմուծուած է իր երաժշտական զգացումին մէջ։[2]

Ունկնդրելով Հայկ Եազըճեանի ալպոմի երաժշտութիւնը,աներկբայօրէն կը հասկնաք, թէ ինչու… Անցեալ տասնամեակի համաշխարհային ճազային երաժշտական բեմի հիասքանչ ձայներէն մէկը `Հայկ Եազըճեանը այժմ մեզի կը ներկայացնէ եւս մէկ զարմանալի աշխատանք ստեղծագործութիւն: «Ամալուր» յօրինուածքը իր գրական ոճով եւ ուտ նուագելու եթերային եղանակով ՝ կը գրէ հինգ տարուայ ժամանակագրութիւնը՝ աշխարհ ճանապարհորդութիւնը իր առաջին կարգի երաժիշտներուն հետ, համաշխարհային երաժշտական բեմի առանցքային գործիչներու հետ բազմաթիւ համագործակցութիւնները (Թէոտոսսի Սփասով, Կլեն Վելեզ, Ջիվան Գասպարեան եւ Լորիննա ՄաքՔէննիթ Loreenna McKennitt եւ ուրիշներ ), եւ արտայայտման նոր միջոցներու փորձարական հմտութիւնները, ինչպիսիք են՝ Ելեկտրական Ուտը, գործիք, որ ան առաջին անգամ օգտագործեր է ձայնագրութեան մէջ:

Հայկ Եազըճեան համաշխարհային երաժշտութեան մեծ դէմքերէն մին է:

  • 2016 թուականին, Թուրքիոյ Պուրսա նահանգի Նիլիւֆեր շրջանին մէջ համերգ տուաւ երգահան եւ ուտի վարպետ Հայկ Եազըճեան, եւ իր կատարմամբ հնչեցին հայկական, յունական եւ արաբական մեղեդիներ՝ համեմուած ժամանակակից եւ համաշխարհային երաժշտական հնչիւններով:[3]
  • 29 Մարտ 2018-ին, Թեսաղոնիկէի «Duende Jazz Bar» սրճարանէն ներս տեղի ունեցաւ Հայկ Եազըճեանի եւ իր նուագախումբին բարձրօրակ ելոյթը, ներկայութեամբ յոյն եւ օտար հանդիսականներու ու մանաւանդ Թեսաղոնիկահայ մշակութասէրներու։ Ելոյթի ընթացքին լսուեցան Հայերէն, Արաբերէն, Յունարէն եւ Արեւելեան երգեր եւ նուագակցութիւններ: Սոյն ելոյթին ներկայ էին նաեւ Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի անդամներ՝ Կարօ Նատեան եւ Պետրոս Հալաճեան, իրենց կողքին ունենալով շրջանիս Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեանը։[4]
  • 22 Նոյեմբեր 2019-ին, Նիկոսիոյ քաղաքապետարանի թատերասրահէն ներս, տեղի ունեցաւ ՝ Ս. Աստուածածին Մայր Եկեղեցւոյ Երգչախումբերու Համերգը՝ «Հայ երգը անցեալէն ներկայ», կազմակերպութեամբ՝ Նիկոսիոյ քաղաքապետարանին եւ Ս. Աստուածածին Մայր եկեղեցւոյ Երգչախումբերու վարչութեան, հովանաւորութեամբ՝ Կիպրոսի հայոց թեմի Կաթ. Փոխ. Գերաշնորհ Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանի, նախագահութեամբ՝ Կիպրահայ համայնքի Պետ. Ներկ. Տիար Վարդգէս Մահտեսեանի: Յունաստանաբնակ սիրուած երգիչ Հայկ Եազճեան ապրումով երգեց յաջորդաբար՝ «Հազար Նազով Եար», «Խռոված Էր», «Էրիմոս», «Եար Քո Բարակ», «Այ Լոտի», «Մայրօ» երգերը, իր ուտին նուագակցութեամբ, ոգեշնչելով ներկաները երգերու իւրայատուկ մատուցումով:[5]

Երաժշտական ալպոմ՝ սկաւառակներ Discography

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • 1995: Nihavend Ionga. Label: FM Records
  • 1996: Talar. Libra Music
  • 1998: Garin. Libra Music
  • 2001: Beast on the Moon. Label: Haig
  • 2001: Yeraz The Master Oud Player. Label: WMI [6]
  • 2007: Amalur. Label: Libra Music
  • 2009: Rhythm In Topkapı Palace Orient Percussion - Arras. Label: Jet Plak Kaset
  • 2010: Imerologio. Warner
  • 2011: Stou Tragoudiou Tin Ohthi No 6. Warner

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]