Հայաստանեան Ճակատ

«Հայաստանեան Ճակատ», 1946-1950 թուականներուն Պուխարեսթի մէջ լոյս տեսած հասարակական, քաղաքական շաբաթաթերթ։ Պուխարեսթի Հայաստանեան ճակատ կազմակերպութեան կեդրոնական կոմիտէի հրատարակութիւն։ Տնօրէն-խմբագիր՝ Հ․ Պապոյեան։

Հանդէս եկած է Հայ դատի պաշտպանութեամբ, մերկացուցած է Թուրքիոյ երկդիմի քաղաքականութիւնը Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին մէջ։Տպագրած է գիտական եւ մշակութային նիւթեր։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մասը վերցուած է Հայկական համառօտ հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի մէջ։