Համազգայինի Սուրիոյ Շրջան

Համազգայինը իր առաքելութեամբ 1928 Մայիս 28-ին Գահիրէի մէջ հիմնուած Համազգային Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը կեանքի կոչուած էր գաղափարապաշտ գործիչներու եւ մտաւորականներու, ինչպէս՝ Լեւոն Շանթ, Նիկոլ Աղբալեան, Համօ Օհանջանեան, Գասպար Իփէկեան, Ստեփան Եսայեան, Մինաս Խաչատուրեան, Վահան Նաւասարդեան, Գուրգէն Մխիթարեան, որոնք որպէս հիմնադիր մարմին նպատակադրած էին հայկական Սփիւռքը օժտել այնպիսի կառոյցով մը, որ հայ ժողովուրդին եւ մանաւանդ նոր սերունդին կարենար տրամադրել հայ կրթական եւ մշակութային ենթահողը եւ նոր ստեղծագործութիւններու համար անհրաժեշտ միջոցներ։ Անցնող 75 տարիներուն Համազգայինը իր բազմաթիւ մասնաճիւղերով դարձաւ սփիւռքահայութեան մշակութային մեծագոյն կազմակերպութիւնը Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի, Անգլիոյ, Յունաստանի, Եգիպտոսի, Լիբանանի, Աւստրալիոյ, ինչպէս նաեւ՝ Սուրիոյ մէջ, տարածելով իր գործունէութեան դաշտը մինչեւ անոր ծայրամասերը։ Հալէպի Հ.Ե.Մ. մասնաճիւղը հիմնուած 1929-ին, այժմ 300 անդամ-անդամուհիներով.

«Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղը հիմնուած 1930-ին, այժմ 400 անդամ-անդամուհիներով. Դամասկոսի «Լ. Շանթ» մասնաճիւղը հիմնուած 1951-ին, այժմ 197 անդամ-անդամուհիներով.

Գամիշլիի «Ա. Ահարոնեան» մասնաճիւղը հիմնուած 1978-ին, այժմ 79 անդամ-անդամուհիներով.

Քեսապի «Հ. Օհանջանեան» մասնաճիւղը հիմնուած 1988-ին, այժմ 53 անդամ-անդամուհիներով.

Լաթաքիոյ «Վ. Նաւասարդեան» մասնաճիւղը հիմնուած 1989-ին, այժմ 73 անդամ-անդամուհիներով յանձնառու եղած են իրենց վստահուած պարտականութեան։ Համազգայինի «Զուարթնոց» Երգչախմբային Միաւորի Վարչութեան նախաձեռնութեամբ երգչախումբը 50տարիներու իր յաղթական ելոյթներուն կողքին գեղարուեստական ղեկավարութեամբ հայրենի արուեստագէտներ Տիարք Պօղոս Ապաճեանի, Ռ. Ալթունեանի, Խ. Մեխանաճեանի, Սեդրակ Երկանեանի, Ռ. Սվաճեանի, Սամուէլ Վարոսեանի, Կարէն Սարգիսեանի, Գերշ. Տ. Կոմիտաս Ծյրգ. Վրդ. Օհանեանի, մասնակցութիւն բերած է ազգային թէ պետական տօներու առթիւ կազմակերպուած հրապարակային հանդիսութեանց, առաւել եւս ընդառաջելով հրաւէրներու խանդավառած է Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայահոծ գաղութները իր համերգներով։ Ելոյթ ունեցած է ի պատիւ Կիլիկիոյ Թեմի Ազգ. Կրօնական Ժողովի (գումարուած 1992-ին) պատգամաւորներուն, հովանաւորութեամբ երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին։

Համազգայինի «Զաւարեան» Թատերական Միաւորի Վարչութեան նախաձեռնութեամբ «Զաւարեան» թատերախումբը սկիզբ առած 1944-ին, թատերասէր հասարակութեան ներկայացուցած է հայ թէ օտար թատերագրերու գործերը, բեմադրութեամբ հայրենիքէն վկայեալ բեմադրիչներ Յ. Չննոզեանի, Գր. Քէլէշեանի եւ Լիբանանէն հրաւիրուած «Թատրոն 67»ի բեմադրիչ Վ. Խտշեանի, որոնք իրենց հնարաւոր ճիգերով ջանացած են լաւագոյն ձեւով ներկայացնել պատմական թէ ժամանակակից թատերախաղը, ողբերգութիւնն ու կատակերգութիւնը։

Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» Երժշտ. Դպրոցը հիմնուած 1986-ին, աւելի քան 200 աշակերտներով երաժշտական դաստիարակման ճամբով կը տանի արդիւնաւէտ աշխատանք. երաժշտական գործիքներու ուսուցումը կը կատարուի տեղւոյս թէ հայրենիքէն վկայեալ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու կողմէ, որոնց աշխատանքը կ‏þընդգրկէ ուսումնական տարեշրջանի ժամանակամիջոցը, կիսամեայ եւ ամավերջի քննութիւններով, իսկ տարեշրջանի աւարտին դպրոցի սաները ելոյթ կ‏‏՛ունենան հրապարակային երաժշտական ձեռնարկներով։ Միաւորի Վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած են դաշնամուրային, փողային եւ լարային նուագահանդէսներ, նուիրուած մեծ երաժշտահաններու։

Համազգայինի Հայագիտական Դասընթացքը հիմնադրուած է 1996-ին, ընթացք տալով ազգային կեանքի այժմու պահանջքներու.- հայ լեզուի եւ գրականութեան դասատու պատրաստելու, իսկ հասարակական կեանքէ ներս՝ մարդոյժ։ Այսպէս կ‏՛ընթանան առաւօտեան եւ յետմիջօրէի դասընթացքները, որոնց դասաւանդութիւնը վստահուած է քաղաքիս թէ հայրենիքէն վկայեալ դասախօսներու, որոնք բծախնդրօրէն կը տանին հայ լեզուի եւ յարակից նիւթերու ուսուցման բազմերես աշխատանքը։ Հայագիտական այս դասընթացքը կը յարատեւէ յատկապէս Գ. Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան, Ազգ. Իշխանութեան, Հ.Օ.Մ.-ի Կեդր. Վարչութեան եւ Ս.Օ.Խաչի Շրջ. Վարչութեան յատկացումներով։

Համազգայինի Սուրիոյ ընատնիքը իր շրջաններու գործունէութիւնը համադրուած եւ կենսունակ մակարդակի վրայ պահելու յառաջադրանքին մղուած, յանձին տուեալ շրջաններու ներկայացուցիչներու 21/6/1987-ին Սուրիոյ ներկայացուցչական Ա. Ժողովով յառաջացուցած է Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւնը, որ զբաղած է ներքին կազմակերչական եւ շրջաններու մշակութային կեանքը յուզող հարցերով, առաւել անոր գլխաւոր առաքելութիւնը եղած է միջ-մասնաճիւղային գործունէութեան համադրումը։ Ուղարկած է Սուրիոյ շրջաններու մասնաճիւղերուն Հալէպի մէջ կայացած բարձրորակ մակարդակի ձեռնարկներն ու դասախօսները։ Շրջ. Վարչութեան գործունէութիւնը կեդրոնացած է նաեւ Սփիւռք-հայրենիք մշակութային կապերու ամրապնդման շուրջ։ Այսպէս՝ հիւրընկալած է հայրենի գեղարուեստական խումբեր, հրաւիրած է մշակութային վերելքի տեսլականով։

«Սարդարապատ» պարախումբի որպէս պարուսոյց հրաւիրած է Տիարք Նորիկ Մեհրապեան, Փայլակ Սարգիսեան, Գէորգ Այվազեան, Յովհաննէս Խաչիկեան, Գագիկ Կարապետեան, որոնք միատեղ ջանքերով պահած են պարախումբը պատուաբեր դիրքի վրայ։ «Սարդարապատ» պարախումբի կողմէ որպէս մեծագոյն իրագործումներ կարելի է համարել Հայաստանի Հայ Մշակոյթի Աշխատողներու Միութեան կազմակերպութեամբ 1993-ի Սեպտ.ին կայացած փառատօնի մասնակցութիւնը, ապա՝ եզրափակիչ համերգով հանդէս գալը Երեւանի պետական օփերայի սրահէն ներս։ 1999-ին պարախումի ելոյթը Սուրիոյ պատմական քաղաք Պուսրայի մէջ, ապա՝ մասնակցութիւնը դարձեալ հայրենիքէն ներս «Մէկ ազգ մէկ մշակոյթ» փառատօնին, ներկայութեամբ պետական աւագանիին. ապա նաեւ ելոյթ՝ Կիպրոսի մէջ։

«Ն. Աղբալեան» Մասնաճիւղի «Ա. Կորքի» գծ. արուեստանոցին համար որպէս դասատու հայրենիքէն հրաւիրած է արուեստագիտուհի Սոնա Բանոյեան, որ իր օգտաշատ ներդրումը ունեցած է գծագրական արուեստի ճամբով։ 1985-ին հիմնադրուած ուսումնարանը կոչուած աշխարհահռչակ հայազգի գեղանկարիչ Արշիլ Կորքիի անունով Մանկապատանեկան դաստիարակութեան ձգտող դպրոցն է, ուր աւելի քան 50 պատանի տղաք եւ աղջիկներ շաբաթական 4 դասապահերով կը հետեւին հայրենիքէն վկայեալ տիար Վարդգէս Պարսումեանի ցուցմունքներուն։ Կերպարուեստի ակադեմիայի ստեղծումն ու գոայտեւումը կը մատնանշեն Համազգայինի նախաձեռնութիւնը հայկական կերպարուեստի ուսուցման եւ զարգացման կարեւոր գործին մէջ։ Կերպարուեստի Յանձնախումբը կազմակերպած է ցուցահանդէս-վաճառքներ հայրենի թէ տեղական արուեստագէտներու գործերու, ինչպէս նաեւ՝ «Աշուն» եւ «Ստուերներ» շարքի ցուցահանդէսները, մասնակցութեամբ հայ թէ արաբ կերպարուեստագէտներու։

Համազգայինի թատերական գործունէութիւնը դրսեւորուած է «Զաւարեան» Թատերական Միաւորի, «Ն. Աղբալեան» Մասնաճիւղի «Լ. Շանթ» եւ Հ.Ե.Մ.-ի Մասնաճիւղի մանկապատանեկան «Ռազմիկ» թատերախումբերու ընդմէջէն, որոնք յաջորդաբար ներկայացուցած են թատերական որակաւոր գործեր։ Համազգայինի Հ.Ե.Մ.-ի Մասնաճիւղը տարած է ծրագրուած աշխատանքը հայ-արաբ մշկթ. կապի ամրապնդման ձգտող ձեռնարկներու կազմակերպմամբ եւ տոհմիկ երեկոներու ներկայացմամբ։ Պետական Symphonic նուագախումբի ելոյթները՝ գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Սուլ‎ֆի Էլ-Ուատիի տպաւորած են խորապէս հալեպահայ արուեստասէր հասարակութիւնը։ Կազմակերպուած է պետական թէ ազգ. տօներու նուիրուած հրապարակային հանդիսութիւններ։ Մասնաճիւղի Վարչութիւնը ունենալով պետական ճանաչում, ապահոված է Համազգայինի եւ քոյր միութեանց ձեռնարկներու պետական արտօնագրերը։

Դամասկոսի «Լ. Շանթ» Մասնաճիւղը խանդավառած է տեղւոյն հայկական գաղութը դասախօսական երեկոներով, ազգային եւ կրօնական տօներու նուիրուած հրապարակային հանդիսութիւններով, գեղարուեստական ձեռնարկներով թատերական ելոյթներով եւ երգչախմբային համերգներով, խմբավարութեամբ հայրենիքէն վկայեալ Տիկ. Արմենուհի Բարսեղեանի։ Գնահատանքով կարելի է յիշատակել մասնաճիւղի վարչութեան նախաձեռնութիւնը Համալսարանականներու Յանձնախումբի յառաջացման մէջ, նկատի ունենալով որ իր շուրջ համախմբած է մշակութասէր երիտասարդ ընտրանին։

Քեսապի «Հ. Օհանջանեան» մասնաճիւղի յատկանշական գործունէութիւնը, թատերականի կողքին, վերջին 2 տարիներուն կը կայանայ մանկապատանեկան պարախումբի եւ երգչախումբի իրագործման մէջ։ Արդարեւ «Արցախ» պարախումբն ու «Կանդեղ» երգչախումբը աննախընթաց ոգեւորութիւն յառաջացուցած են գաղութի արուեստասէր շրջանակներէն ներս։ Տեղի ունեցած են Տոհմիկ երեկոներ, դասախօսական ձեռնարկներ եւ հայ գրքի ցուցահանդէսներ. Քեսապի ազգագրական երգերու ձայներիզ մը, նախաձեռնութեամբ Տիար Ժիրայր Թրթռեանի։ Ս. Աստուածածնայ Տօնին առթիւ կազմակերպուած են փառատօներ Քեսապի եւ Էսկիւրանի մէջ։ Լաթաքիոյ «Վ. Նաւասարդեան» մասնաճիւղը եւս մեծ յառաջխաղացում ունեցած է նոյն շրջանին դարձեալ Հալէպէն հրաւիրուած Տիկ. Գ. Տէրեանի Խմբավարութեամբ հանդէս եկած «Նարեկ» երգչախումբով, որուն կողքին յաջողութիւն արձանագրած է նաեւ «Գեղարդ» պարախումբը։ Յիշեալ զոյգ շրջաններու պարախումբերու պատրաստութեան աշխատանքը տարած են Հալէպէն գորուղղուած եւ «Սարդարապատ» պարախումբէն ներս տարիներու վաստակ ունեցող տղաքը։ Վարչութիւնը կազմակերպած է նաեւ դաշնամուրի դասընթացք հայրենի արուեստագիտուհի Ք. Փիլոսեանի ցուցմունքներով։ Յառաջացուցած են ասմուքի խմբակ մը եւ կազմակերպած դասախօսութեանց շարքին հայ գրքի ցուցահանդէսներ։ Գամիշլիի «Ա. Ահարոնեան» մասնաճիւղը իր կարգին ձեռնարկած է «Վանայ» երգչախումբի յառաջացման, գաղութէ ներս խանդավառութեան ալիք յառաջացնելու խոր համոզումով։ Զարկ տուած է Գրադարանի աշխուժացման, կազմակերպած է միօրեայ դրութեամբ անգլերէն լեզուի եւ գծագրութեան դասընթացքներ. նաեւ՝ արուեստի գործերու, լուսանկարներու եւ գրքերու ցուցահանդէսներ։ Կազմակերպած է գրական երեկոներ նուիրուած հայ թէ օտար բանաստեղծներու։ Յատուկ ձեռնարկներով մասնակցութիւն բերած է ազգային թէ պետական տօներու նուիրուած հանդիսութեանց։

Համազգայինի Սուրիոյ «Բ. Կանաչեան» Երժշտ. Դպրոցը հիմնուած 1986-ին։ Մինչեւ 1997 թուականը դպրոցը կը գործէր ՀԵՄ-ի անմիջական հովանաւորութեան տակ։ 1997-ի Սուրիոյ Շրջանային Թ. Ներկայացուցչական ժողովի որոշումով, «Բ. Կանաչեան» երժշտ. դպրոցը դարձաւ Համազգայինի միաւոր, որ իր գործունէութիւնը կը շարունակէ Ազգ. Սահակեան Վրժ.էն ներս, դրսեւորելով նորահաս սերունդին երաժշտական շնորհներու ծաղկումը։ Երաժշտանոցէն ներս կը դասաւանդուին այլազան գործիքներ, ինչպէս նաեւ հարմոնի եւ սօլՖէժ։ Երաժշտական գործիքներու ուսուցումը կը կատարուի տեղւոյս թէ հայրենիքէն վկայեալ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու կողմէ, որոնց աշխատանքը կ‏þընդգրկէ ուսումնական տարեշրջանի ժամանակամիջոցը, կիսամեայ եւ ամավերջի քննութիւններով, իսկ տարեշրջանի աւարտին դպրոցի սաները ելոյթ կ‏‏þունենան հրապարակային երաժշտական ձեռնարկներով։ Ուսանողները կը հաշուեն տարեկան շուրջ 350 աշակերտներ, իսկ ուսուցչական կազմը՝ 30 դասատուներ։ Երաժշտական դպրոցը ունի նաեւ վարչական եւ ծառայողական պաշտօնէութիւն։ դպրոցի վարչական տնօրէնութիւնը վստահուած է Տիկ. Թագի Տողրամաճեանին եւ Տիկին Ազնիւ Շէօհմէլեանին։ Յաջորդական քանի մը տարիներ հրաւիրած են հայրենի երաժիշտ Արմէն Ճէնտէրէճեանը, որպէս գեղարուեստական պատասխանատու նաեւ` հայրենի երաժշտագէտ Դոցենտ Դաւիթ Պօղոսեանը։ «Բ. Կանաչեան» Երաժշտական միաւորի հովանիին տակ կը գործեն.- -«Մեղեդի» Քանոններու խմբակը - Լարային քառեակը -Սենեկային նուագախումբը Գեղարուեստական խումբերը ունեցած են աշխոյժ գործունէութիւն։ Դպրոցը երաժշտական դաստիարակման ճամբով, գաղութէս ներս կը տանի արդիւնաւէտ աշխատանք. Միաւորի Վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած են դաշնամուրային, փողային եւ լարային նուագահանդէսներ, նուիրուած մեծ երաժշտահաններու։