Կրպակ
Կրպակ, (յուն․՝ Περίπτερο)․ մայթի կամ հրապարակի վրայ փոքր շարժական շինութիւն, տեղական սպասարկութիւններէն ձեռքբերած յատուկ արտօնութեամբ որ կը ծառայէ որպէս մանրախանութ։ Ինչպէս նաեւ իրերու ցուցադրութեան (ցուցահանդէսներու կրպակ) համար։
Կրպակին կը հանդիպինք զանազան երկիրներու մէջ ուր կը վաճառուին՝ մանր իրեր, սիկարէթ, թերթ, թեթեւ կերակուր «սնաք», ինչպէս նաեւ տեղական հետաքրքրութիւնը վայելով իրեր։
Յունաստան կրպակները «փերիփթերօ» կը կոչուին․ փերիփթերօ բառը յառաջ եկած է հնադարէն որպէս ածական՝ փերիփթերօ տաճար (տաճարը որ շրջապատուած է սիւներէ)։ Կը ծախեն առուտուրի ամէն տեսակ․ օրաթերթեր, պարբերաթերթեր, սիկաթէթներ, հրահաններ, չոր միրգեր, թաշկինակներ, Սիմ-տոմսեր (ձեռքի հեռաձայնի կանխաւ վճառուած տոմսեր), թեթեւ կերակուրներ, կաթ, մածուն, ըմպելիքեր՝ զովացուցիչ եւ կամ ալքոլական, քաղցրեղէնի բազմազան տեսակներ՝ ծամոն, շաքար, շոքոլա, երկնեփ, պաղպաղակ, եւայլն։ Անոնք ընդհանրապէս ամբողջ օրը բաց են՝ 24 ժամ։