Կոտրուած Աթոռ
|
Կոտրուած աթոռ, զուիցերացի արուեստագէտ Դանիէլ Պերսէի գործը փայտէ մոնումէնտալ քանդակը Ժընեւի մէջ, ատաղձագործ՝ Լուի Ջենեւ: Աթոռը կը բաղկանայ է 5,5 տօննա փայտէ եւ ունի 12 մեթր բարձրութիւն:
Քանդակը կը պատկերէ կոտրուած ոտքով մեծածաւալ աթոռ՝ տեղակայուած Ժընեւի Ազգերու հրապարակին մէջ՝ Ազգերու պալատի մուտքի դիմաց (ՄԱԿ-ի եւրոպական գլխամաս): Տեղադրուածէ Օգոստոս1997-ին: Քանդակը տեղադրուած է իբրեւ համադրութիւն ցամաքային արկերու եւ ռումբերու եւ կը յիշեցնէ Ժընեւ այցելող քաղաքական գործիչներուն եւ այլոց:
Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
«Կոտրուած աթոռը» զուիցերական Handicap Internationa-ի համահիմնադիր եւ տնօրէն Փօլ Վերմէուլենի բնօրինակ նախագիծն է: Հոկտեմբեր1996-ին ան արուեստագէտին պատուիրեց աշխատիլ աւելի քան 10 մեթր բարձրութեամբ յուշարձանային աթոռ՝ կոտրուած ոտքով, որ պէտք է տեղադրուի Ազգերու պալատին մէջ։ Նպատակն էր Դեկտեմբեր1997-ին ունենալ Ականներու մասին Օթաուայի պայմանագիրը ստորագրող հնարաւորինս մեծ թիւով պետութիւններ: Քանդակը Handicap International-ը տեղադրած է 18 Օգոստոս1997-ին Ժընեւի մէջ՝ Ազգերու պալատի գլխաւոր մուտքի դիմաց, ուր կը նախատեսուէր մնալ երեք ամիս՝ մինչեւ Դեկտեմբեր 1997՝ Օթաուայի մէջ Օթաուայի պայմանագրի ստորագրումը: 40 երկիրներւկ կողմէ վաւերացումէն ետք Պայմանագիրը 1 Մարտ1999-ին ուժի մէջ մտաւ իբրեւ միջազգային իրաւունքի փաստաթուղթ:
Քանի որ պայմանագիրը չէին ստորագրած նշանակալի երկիրներ եւ քանդակի համար հասարակական մեծ աջակցութիւնը պատճառ դարձաւ, որ այն մնայ մինչեւ 2005, երբ հեռացուեցաւ Ազգերու պալատի վերափոխման հետ կապուած[1]: Աշխատանքի աւարտէն ետք այն վերատեղադրուածէ նոյն տեղը՝ 26 Փետրուար 2007-ին՝ Ժընեւի մէջ գտնուող ՄԱԿ-ի գրասենեակի դիմաց:
Փետրուար 2007-ին Կոտրուած աթոռի վերատեղադրումը պաշտօնապէս յանձնուեցաւ Handicap International-ին` աջակցելու Քլաստերային ռումբերը արգիլելու միջազգային պայմանագրի ստորագրման, որ տեղի ունեցաւ Օսլոյի մէջ Դեկտեմբեր 2008-ին:
Ստեղծագործութիւնը քանդակագործի սեփականութիւնը եղած է մինչեւ 2004, երբ ան սեփականութեան իրաւունքը փոխանցած է Handicap International-ին:
Նմանատիպ քանդակներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Մեծածաւալ աթոռի քանդակներ աշխատած են նաեւ այլ արուեստագէտներ, ինչպէս՝ Աթոռի քանդակը ԱՄՆ-ի մէջ, Ջանքառլօ Ներիի ժամանակաւոր «Գրողը» քանդակը Լոնտոնի մէջ:
Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
- ↑ « Une prothèse pour la chaise cassée de Handicap International » (photogr. Laurent Guiraud), Tribune de Genève, 30 novembre 2015