Jump to content

Կոմունիզմի Համար

«Կոմունիզմի համար», խորհրդային շրջանի հայկական երկօրեայ թերթ, նախկին ՀԿԿ Հոկտեմբերեանի շրջկոմի, ժողովրդական դէպուտատներու շրջանային եւ քաղաքային խորհուրդներու օրգան։

Առաջին անգամ լոյս տեսած է 1963 թուականին, Հոկտեմբերեանի մէջ (այժմ՝ Արմաւիր)։ Փորձած է արտացոլել շրջանի աշխատաւորութեան առօրեան, կուսակցական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու աշխատանքները, գիւղատնտեսութեան եւ արդիւնաբերութեան անցուդարձը, լուսաբանած դպրոցական, մշակութային եւ մարզական կեանքը, երթեւեկութեան ու շինարարութեան վերաբերող հարցերը։

Խորհրդային գաղափարախօսութեան սահմաններուն մէջ փորձած է ծանօթացնել գիտութեան ու տեխնիկայի նուաճումները, գովազդած գրականութեան ու մշակոյթի նորոյթները։ Յաջորդած է «Բոլշեւիկեան տեմպով» (1931—1953 թուականներ), «Դէպի կոմունիզմ» (19531962 թուականներ) թերթերուն։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։