Կոթոքուճի տաճարը

Կոթոքուճի տաճարը, Ճափոնի մէջ պուտտայական տաճար մըն է, որ ճանչցուած է իբրեւ մանեքիւնեքոյի, այսինքն «բախտաբեր կատուի»ն ծննդավայրը[1]:

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ըստ տեղական աւանդութեան, 1400-ական թուականներուն, այդ տաճարը փոքրիկ խրճիթ մըն էր. տաճարին հոգ տանող վանականը կը պայքարէր իր շատ փոքր եկամուտով ապրելու համար: Ան ունէր կատու մը, զոր շատ կը սիրէր եւ անոր հետ կը բաժնեկցէր իր ուտելիքը:

Օր մը, փոթորիկի մը ընթացքին բազմաթիւ սամուրայ ասպետներ կու գան ապաստանելու տաճարին մէջ, ուր կատուն թաթը բարձրացուցած, նշան կ'ընէր անոնց` ներս մտնելու: Վանականը անոնց թէյ կը հրամցնէ եւ անոնց հետ կը խորհրդակցի: Սամուրայները շատ գոհ կը մնան:

Այս ասպետներէն մէկը, որուն վրայ մեծ ազդեցութիւն ձգած էին վանականին խորհուրդները, տաճարին կը նուիրէ բրինձի դաշտեր եւ հողեր` մշակելու համար, զայն վերածելով ներկայի մեծ տաճարին:

Այնուհետեւ, Կոթոքուճի տաճարը այցելողները հոն կը ձգեն կատուի փոքրիկ արձանիկ մը` իբրեւ երախտագիտութիւն մաղթանքներու իրականացումին:

Տարիներ ետք, երբ կատուն կը սատկի, ի պատիւ անոր կը շինուի կոթող մը, որ կը ներկայացնէր Շոպիօ Քաննոն` ողորմութեան աստուածուհին[2]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]