Jump to content

Կլոսթաշայի Պանիր Գլորելու Մրցումը

Կլոսթաշայի պանիր գլորելու մրցումը, ամէն տարի, Մայիս ամսուան վերջին Երկուշաբթին, Անգլիոյ Կլոսթաշայի շրջանին մէջ` Քուփըրզ Հիլ բլուրին վրայ տեղի ունեցող մրցում:

Այս արտասովոր մրցումին ընթացքին մասնակիցները պէտք է վազեն` գլորին զառիթափ բլուրին վրայէն, բռնելու համար 3,6 քիլօ կշռող գլորուող պանիրը[1]:

Կ'ենթադրուի, թէ այս խանդավառ առիթը սկսած է 1800-ական թուականներուն, իբրեւ միջոց մը հողատէրերու միջեւ վէճերը լուծելու: Մրցումը գաղտնի կը մնայ տասնեակ տարիներ, եւ միայն շրջանի բնակիչները տեղեակ էին այս մասին:

2009-ին 15 հազար անձ կը խուժէ Քուփըրզ Հիլ` մրցումը դիտելու համար: Մրցումին պատասխանատուները մտահոգ, կ'որոշեն զայն ջնջել վիրաւորներ ունենալու վտանգներէն վախնալով: Սակայն ասիկա չ'արգիլեր, որ այս մրցումին սիրահարները ամէն տարի հաւաքուին նոյն թուականին` սովորութիւնը շարունակելու համար[2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]