Կիտրոնի տօնը
Արտաքին տեսք
Կիտրոնի տօնը | |
---|---|
| |
Տեսակ | Դիմակահանդէս |
Կը տօնուի | Ֆրանսա |
Կիտրոնի տօնը (ֆրանսերէն՝ Fête du Citron) ամէն տարի տեղի կ'ունենայ ձմրան վերջաւորութեան` Փետրուար ամսուան, Ֆրանսայի Մանթոն քաղաքին մէջ, Մանթոնի բարեկենդանին ընթացքին:
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]ԺԹ. դարու վերջաւորութեան կը ստեղծուի բարեկենդանի տողանցք մը` ձմրան քաղաքին մէջ քիչ մը շարժում ստեղծելու համար: 1920-ական թուականներուն քաղաքը դարձած է լեմոնի, նարինջի տարբեր տեսակներ արտադրող մեծ շրջան մը:
Այս ձեւով, 1934 թուականին կը ծնի «Լեմոնի տօն»ը, որուն ընթացքին կը տողանցեն լեմոններով, նարինջներով ծածկուած տարբեր հսկայական կառոյցներ: Այս տարբեր նիւթեր ներկայացնող «արձաններ»ը կը կարօտին քսան թոն պտուղներու, որոնք կը բերուին Սպանիայէն, մէկ միլիոն ձգախէժէ կապերու, 15 օրուան աշխատանքի եւ մօտաւորապէս հարիւր հոգիներու մասնակցութեան[1]: