Jump to content

Կիսապարզ թիւ

Կիսապարզ թիւ՝ այն թիւն է, որ կրնայ ներկայացուիլ երկու Պարզ թիւերու արտադրեալի տեսքով:

Կիսապարզ թիւերը OEIS-ին մէջ ներկայացուած են  A001358  յաջորդականութեամբ՝

4, 6, 9, 10, 14, 15, 21, 22, 25, 26, 33, 34, 35, 38, 39, 46, 49, 51, 55, 57, 58, 62, 65, 69, 74, 77, 82, 85, 86, 87, 91, 93, 94, 95 ...

Որեւէ պարզ թիւի քառակուսին կիսապարզ թիւ է. այսպէս՝ Յունուար 2016-ի դրութեամբ յայտնի ամէնամեծ կիսապարզ թիւն է (274207281 − 1)2-ը: Անիկա հաւասար է ամէնամեծ յայտնի պարզ թիւի քառակուսիին, որ Մերսէնի թիւ է՝ M74207281 = 274207281 − 1: Չէ ապացուցուած, սակայն հաւանական է, որ գտնուի աւելի մեծ կիասպարզ թիւ հնարաւոր է առանց երկու արտադրիչներն իմանալու:[1]

1974 թուականին դէպի աստղաբոյլ ուղարկուած Արեսիպոյի ուղերձը պարունակած է 1679 նիշ: 1679-ը ընտրուած է, քանի որ անիկա 23×73 տեսքով կիսապարզ թիւ մըն է, ուղարկուած պատկերը կրնայ ներկայացուիլ միայն 23 տողերով եւ 73 սիւնակներով, կամ 73 տողերով եւ 23 սիւնակներով:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Chris Caldwell, The Prime Glossary: semiprime at The Prime Pages. Retrieved on 2013-09-04.