Կիլկամէշ (Դիւցազներգութիւն)

Կիլկամէշ, շումերաբաբելական հերոսական դիւցազներգութեան անուանումը։
Աշխարհի ամէնէն հին պահպանուած գրական ստեղծագործութիւններէն մէկն է, սեպագիրով գրուած ամէնէն մեծ երկը, Հին Արեւելքի գրականութեան մեծագոյն նմուշներէն մէկը։ Դիւցազներգութիւնը ստեղծուած է աքքատերէնով շումերական աւանդազրոյցներուն հիման վրայ մեկուկէս հազարամեակի ընթացքին՝ Ք.Ա. 18-17-րդ դարերէն։ Անոր ամբողջական տարբերակը յայտնաբերուած է 19-րդ դարու կէսերուն Նինուէի՝ Աշուրպանիպալի գրադարանին մէջ կատարուած պեղումներու ընթացքին։ Անիկա գրուած է տասներկու վեցասիւն քարէ տախտակներու վրայ մանր սեպագիրերով, կը ներառէ շուրջ երեք հազար տող եւ թուագրուած է Ք.Ա. 7-րդ դարուն։ Քսաներորդ դարուն գտնուած են նաեւ հատուածներ դիւցազներգութեան այլ տարբերակներէն, որոնցմէ՝ խուռիերէն եւ խեթերէն։
Էպոսի գլխաւոր հերոսներն են Շումերի (մ.թ.ա. 28-րդ դար) Ուրուկ քաղաքի կիսաառասպելական տիրակալ Կիլկամէշն ու Էնկիտուն, որոնց մասին պահպանուած են նաեւ առանձին երգեր շումերերէնով, որոնցմէ մէկ քանին ստեղծուած են դեռ III հազարամեակի առաջին կիսուն։ Առաւել լաւ պահպանուած աքքատական «Ամէն ինչ տեսածի մասին...» մեկնակերպը, որու գրառումը կու գայ մ.թ.ա. 19-18-րդ դարերէն։ Տաղաչափութիւնը շեշտային է (բանատողի մէջ գլխաւորաբար չորս շեշտակիր վանկ)։ «Կիլկամէշին» բնորոշ են հերոսական էպոսի գիծերը՝ աւանդական սիւժէն (հերոսի բուռն երիտասարդութիւնը, անոր հանդիպումը Էնկիտիի հակառակորդ վայրենիի հետ, որ յետոյ կը դառնայ անոր դաշնակիցը), հերոսական թափառաշրջիկները (որու ընթացքին բարեկամները շարք մը սխրանքներ կը կատարեն), աստուածապայքարի մոթիֆները (Իշթար աստուածուհիի սիրոյ մերժումը, անոր ուղարկած ցուլի սպանութիւնը)։ Հերոսները ունին մէկ ընդհանուր թշնամի՝ Խումպապան, որ կը պահպանէ սրբազան մայրիները։ Անոնց սխրանքներուն կը հետեւին աստուածները, որոնք շումերական երգերուն մէջ ունին շումերական անուններ, իսկ Կիլկամէշի մասին էպոսին մէջ՝ աքքատական։ «Կիլկամէշի մասին էպոսը» հիմն է ընկերութեան, որ ո՛չ միայն կ'օգնէ արտաքին խոչընդոտներու յաղթահարման, այլեւ կը վերափոխէ, կ'ազնուացնէ։
Էպոսի գլխաւոր կոլիզիան Էնգիտուի մահն է, որ կը ցնցէ Կիլկամէշը։ Ան կը սկսի անմահութիւն փնտռել։ Արեւի աստուծոյ ուղիով կ'երթայ երանելի Ուդնաբիշդիմի կղզին, որ համաշխարհային ջրհեղեղ վերապրած է, ձեռք կը բերէ յաւերժական երիտասարդութեան ծաղիկը, բայց օձը կ'առեւանգէ զայն (անդրաշխարհ ճամբորդելու աւանդական այս մոթիֆը էպոսին մէջ ենթարկուած է հերոսական նպատակներու)։ «Կիլկամէշ» էպոսին մէջ համաշխարհային գրականութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ կը բարձրանայ մարդու մահկանացու ըլլալու եւ անոր կեանքի իմաստի խնդիրը։ Մահուան ողբերգական անխուսափելիութիւնը կը յաղթահարուի հերոսական արարքներու անմահութեամբ[1]։
Ծանօթագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ (հայերեն) Գիլգամեշ (էպոս), 2024-06-08, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D4%B3%D5%AB%D5%AC%D5%A3%D5%A1%D5%B4%D5%A5%D5%B7_(%D5%A7%D5%BA%D5%B8%D5%BD)&oldid=9989798, վերցված է 2025-06-26