Jump to content

Կերպարուեստ (հանդէս)

Կերպարուեստ
Տեսակ հանդէս
Լեզու հայերէն, որոշ էջեր՝ ռուսերէն
Հրատարակիչ «Դիզայն կենտրոն» կոոպերատիվ
Երկիր Հայաստան
Տպաքանակ 1200
ISI 0
SCOPUS 0
ԲՈՀ ցանկ 1

«Կերպարուեստ», Հայաստանի նկարիչներու միութեան պարբերականը, որ լոյս տեսած է 2003-2014 թուականներուն։ Հրատարակիչ՝ «Դիզայն կենտրոն» կոոպերատիւ։

Առաջին համարը լոյս տեսած է 5 Սեպտեմբեր 2003-ին[1]։ Կերպարուեստը լուսաբանող մասնագիտական լրատուամիջոց էր։ Հանրահռչակած է հայ աւանդական եւ ժամանակակից ազգային կերպարուեստը։ Տպագրած է վերլուծական նիւթեր, ներկայացուցած ցուցահանդէսներ, անդրադարձած հայ նշանաւոր վարպետներու յոբելեաններուն եւ նկարիչներու միութեան գործունէութեան։

Պարբերականին մէջ, հայերէնէն զատ, տպագրուած են նաեւ ռուսերէն նիւթեր։ Հրատարակուած է 1200-էն աւելի տպաքանակով տարին 1 կամ 2 անգամ[2], տարածուած ՀՆՄ անդամներու եւ արուեստասէր հասարակութեան մէջ, ուղարկուած միութեան մասնաճիւղեր եւ արտերկիր։

Ընդգրկուած եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն որակաւորման յանձնաժողովի (ՀՀ ԲՈՀ) սահմանած դոկտորական եւ թեկնածուական ատենախօսութիւններու հիմնական արդիւնքներու եւ դրոյթներու հրատարակման համար ընդունելի պարբերական գիտական հրատարակութիւններու ցուցակին մէջ։

Հանդէսի վերջին համարը լոյս տեսած է Սեպտեմբեր 2014-ին։ Հրատարակումը դադրեցուցած է ֆինանսներու բացակայութեան պատճառով[3]։

Խմբագրական խորհուրդ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Կերպարուեստի» խմբագրական խորհուրդը ձեւաւորուած եղած է նկարիչներու միութեան բաժիններու նախագահներէն եւ կերպարուեստի ոլորտի ճանչցուած գիտնականներէն։

Պարբերականի խմբագրական խորհուրդի նախագահն էր Կարէն Աղամեանը, գլխաւոր խմբագիրը՝ Վրէժ Առաքելեանը[4]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. ««Կերպարվեստի» ուրախ-տխուր գույները»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014 թ․ սեպտեմբերի 12-ին։ արտագրուած է՝ 2014 թ․ փետրվարի 12 
  2. «Սա «հնարավորությունների» ամսագիր է»
  3. Վրեժ Առաքելյանն առաջարկում է Հայաստանը հռչակել «կերպարվեստի Երուսաղեմ»
  4. «ԿԵՐՊԱՐՎԵՍՏ» ամսագիրը 10 տարեկան է[permanent dead link]Կաղապար:Չաշխատող արտաքին հղում