Կարպիս Զաքարեան

Կարպիս Զաքարեան
Ծնած է 1930-ին
Ծննդավայր Պոլիս, Թուրքիա
Մահացած է 25 Յունուար 2020(2020-01-25) (89 տարեկանին)
Մահուան վայր Պոլիս, հիւանադանոցին մէջ
Քաղաքացիութիւն  Թուրքիա
Ազգութիւն Հայ
Մայրենի լեզու թրքերէն
Կրօնք Քրիստոնեայ
Կարողութիւն «Երկաթէ բռունցք» ծածկանունով
Մասնագիտութիւն Արհեստավարժ բռնցքամարտ, կռփամարտիկ
Աշխատավայր բռնցքամարտիկ, մարզիչ

Կարպիս Զաքարեան (ծնած է Պոլիս,1930-ին - մահացած է Պոլիս, 27 Յունուար 27 2020-ին):Արհեստավարժ բռնցքամարտի մարզաձեւին մէջ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը առաջին անգամ ներկայացուցած է ազգութեամբ հայ Կարպիս Զաքարեանը: Ան առասպելական հայ բռնցքամարտիկն էր յայտնի է «Երկաթէ բռունցք» ծածկանունով:

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պոլսոյ հայկական Շիշլի թաղամասին մէջ ծնած հայ բռնցքամարտիկ Կարպիս Զաքարեանը Թուրքիոյ մէջ յայտնի է «Երկաթէ բռունցք» ծածկանունով:

Զաքարեան ստիպուած եղած է 5րդ դասարանէն ձգելու դպրոցը եւ աշխատելու նամակատար՝ ծնողներուն օգնելու համար:

Հայ բռնցքամարտիկի ասպարէզը սկսած է 14 տարեկանին: 1948ին ան դարձած է Թուրքիոյ ախոյեան 48 քկ. դասակարգին մէջ, իսկ 1951ին՝ երկրի առաջին արհեստավարժ բռնցքամարտիկը:

Իր մարզական ասպարէզին ընթացքին աշխարհի տասնեակ երկիրներու մէջ Կարպիս Զաքարեանը մասնակցած է 206 սիրողական եւ 50 արհեստավարժ բռնցքամարտի մրցաշարքերու, տօնած է 226 յաղթանակ, ունեցած է միայն երկու նոքաութ:

1960ականներու վերջաւորութեան, միջազգային մարմնամարզութեան մէջ Թուրքիոյ փառք բերած Կարպիս Զաքարեան սկսած է աշխատիլ իբրեւ մարզիչ:

Առասպելական կռփամարտիկ Կարպիս Զաքարեան, որ իր նուաճած ախոյենութիւններով մեծ պատիւ բերած էր մեր համայնքին։ Ան Շիշլի մարզակումբի ամենախորհրդանշական անուններէն մին էր։ Որպէս արհեստավարժ կռփամարտիկ՝ հասած էր մեծ նուաճումներու եւ միջազգային բազում մրցաշարքերու ժամանակ ներկայացուցած էր նաեւ Թուրքիան։ Ժամանակի մամուլին մէջ լայնօրէն կը լուսաբանուէր իր գործունէութիւնը։ Իր սերնդակիցներուն եւ մեր մարզասէրներուն տեսակէտէ ոգեւորող կերպար մըն էր Կարպիս Զաքարեան, որու արձանագրած յաջողութիւններու արձագանգները կը շարունակուէին՝ նոյնիսկ իր մարզական գործունէութեան եզրափակուելէն վերջ։

88ամեայ բռնցքամարտիկը իր կնոջ հետ կ՛ապրէր Պոլսոյ Շիշլի թաղամասին մէջ։ Անոր մարզական եւ անձնական կեանքին մասին պոլսահայ գրող Արամ Քուրան եւ թուրք գրող Էրտեն Աքթողու գիրք մը համահեղինակած են՝ Պոլսոյ Երեք խորան եկեղեցւոյ հիմնադրամին աջակցութեամբ:

Կարպիս Զաքարեանի առողջութիւնը վերջին շրջանին բաւական վատթարացած էր։ Շաբաթավերջին ան աչքերը փակեց կեանքին՝ իր դարմանուած հիւանդանոցին մէջ՝ 27 Յունուար 2020-ին:

Կարպիս Զաքարեանի յուղարկաւորութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Չորեքշաբթի, 29 Յունուար 2020-ին, 2020Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ կռփամարտիկ Կարպիս Զաքարեանի յուղարկաւորութիւնը, որ համախմբեց մարզական աշխարհէն բազում ծանօթ դէմքեր։ Յուզումնախառն արարողութեան նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Յուղարկաւորներու շարքին էին Մարմնամարզի ու երիտասարդութեան նախարար Մուհարրէմ Քասափօղլու, Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Երլիքայա, Մարմնամարզի ընդհանուր տնօրէն Մեհմէտ Պայքան, Թուրքիոյ Կռփամարտի դաշնակցութեան նախագահ Էյիւպ Էօզկենչ, երեսփոխաններ, քաղաքապետներ, ինչպէս նաեւ մեր համայնքէն հոծ թիւով սգաւորներ։ Լուսաշող տաճարին ճիշդ կեդրոնը զետեղուած էր հոգելոյս Կարպիս Զաքարեանի դագաղը, որու շուրջ կերոնակիրներու շարքին էին Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ, Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք, Թաքսիմ մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Կարօ Համամճեան եւ այլ ազգայիններ։ Յուղարկաւորութեան հանդիսապետեց Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան։

Կարպիս Զաքարեան, որ կենդանութեան օրօք «Երկաթեայ բռունցք» կը համարուէր, երկրաւոր կեանքէ հրաժեշտ առաւ աղօթքով, խունկով եւ ծաղիկներով։ Իր մասին կուռ դամբանական մը խօսեցաւ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ եւ դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, որ վեր առաւ ողբացեալի մարզական կեանքէ ներս ապահոված նուաճումներն ու արդարօրէն վայելած բարի համբաւը։

Յուղարկաւորութենէն վերջ դագաղը եկեղեցիէն դուրս բերուեցաւ ուսամբարձ։ Դրօշակով ծածկուած դագաղը զետեղուեցաւ ամպիոնին առջեւ՝ միշտ հոծ բազմութեան մը ուղեկցութեամբ։ Բակին մէջ կարճ հրաժեշտի խօսքերով հանդէս եկան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, նախարար Քասափօղլու, կուսակալ Երլիքայա եւ երէց սերունդէ յայտնի մարզական հաղորդավար Օրհան Այհան։ Բոլորն ալ իրենց դրական վկայութիւնը բերին Կարպիս Զաքարեանին՝ մարզական աշխարհի սեփականութիւնը դարձած ազնիւ անձնաւորութեան մասին։

Արարողութենէն վերջ հանգուցեալ Կարպիս Զաքարեանի մարմինը ամփոփուեցաւ Շիշլիի ազգային գերեզմանատան մէջ։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]