Jump to content

Կարապետ Քհնյ. Նալպանտեան

Տ. Կարապետ Քհնյ. Նալպանտեան
Ծնած է 1932
Ծննդավայր Հալէպի
Մահացած է 2003
Երեխաներ Զապէլ եւ Վաչէ

Տ. Կարապետ Քհնյ. Նալպանտեան, (1932 - 2003) Աւազանի անունով՝ Կարպիս, որդի Տէր Կարապէտ Ա. քահանայի եւ Զապէլի, ծնած է այնթապցի ծնողքէ, Հալէպի մէջ 1932-ին։

Նախնական կրթութիւնը ստացած է կրթասիրաց վարժարանին մէջ, ուրկէ շրջնաւարտ եղած է 1946-ին։ Յաճախած է նաեւ Մխիթարեան Վարժրանը մէկ տարի։ իսկ կրօնական ուսում ստանալու համար ան մեկնած է Անթիլիասի դպրեվանքը, ուր 1947-1948 ուսումնական տարեշրջանը մնալէ ետք, վերադարձած է Հալէպ։ Իր հօր օրինակին հետեւելով, մանկութեան օրերէն սկսեալ յաճախած է եկեղեցի ու եղած է դպիր։ 1936-էն մինչեւ իր քահանայական կոչման արժանանալը, ան իբրեւ դպիր ծառայած է Ս.Աստւածածին եկեղեցւոյ, ստանալով ուրարակիրի եւ սարկաւագութեան աստիճան։ 1948-1952 տարիներուն, ան հետեւած է արհեստի։ Իսկ հէտագային անձնական գործի ձեռնարկելով ղբազած է վաճառականութեամբ։ Տարիներու աշխատանքով իր նիւթական վիճակը բարելաւելէ ետք, պատրաստուած է ամուսնութեան։ Կարպիս իր կեանքի ընկերը կ'ընտրէ օրդ. Սեդա Սիւլահեանը, որուն հետ կը պսակուի 1966-ին, Ս. քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ Տէր Զարմայր Ա. Քհնյ. Հինտոյեանի: Ունեցած է երկու զաւակներ՝ Զապէլ եւ Վաչէ։ Ան հետաքրքրուած է կրօնաբարոյական դաստիարակութեամբ։ եկեղեցւոյ պէս յաճախած է կիրակնօրեայ դպրոց եւ օրինաւոր յարատևւութեամբ հասած լրումին ու շրջանաւարտ եղած՝ 1955-ին։ Ան իրրեւ Վկայեալ ուսուցիչ, երկու տարի երաժշտութիւն դասաւանդած է Կիրակնօրեայ վարժարանին մէջ, աշակերտներուն շարական սորվեցնելով։ Եղած է կրթասիրաց Միութեան վարչական անդամ եւ ատենապետ՝ կոմիտասի անուան երաժշտական դպրոցի յանձնախումբին։ իր աոօրեայ աշխատանքներուն զուգահեր հետաքրքրուած է երաժշտութեամբ։ Ւնքնաշխատութեամբ հարստացուցած է երաժրշտական գիտելիքներր։ Այնքան, որ հրաւէր ստացած է Հալէպի հայկական վարժարաններուն մէջ երաժշտաթիւն դասաւանդելու։ 1964-1972, ան յաջորդաբար դասաւանդած է կրթասիրաց, Մխիթարեան ու Վարդանանց Վարժարաններուն, ինչպէս նաեւ կիլիկեան ճեմարանին մէջ։ երր Տ. Գալուստ Ա. Քհնյ, էքմէքճեան անակնկալօրէն կր մահուան , Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ թաղականութիւնն ու այնթապցի հայրենակիցները, անմիջական պէտքր կր զգան այնթապցի քահանայի մր ձեռնադրութեան։ Թաղականութիւնն ու այնթապցի շրջանակր կր համոզեն Տէր կարապետ Ա, Քհնյ, Նալպանտեանի որդին՝ կարպիս Աարկաւագը, որ քահանայ ձեռնադրուի Ս, Աստւածածին եկեղեցւոյ համար։ Հակառակ իր յառաջացած տարիքին, ան կխնդունի իր հայրենակիցներուն որոշումը։ Անոնք երր Առաջնորդ Սրբազան Հօր կր ներկայացնեն իրենց թեկնածուն, կ'ընդունի եւ կ'որոշուի ձեոնադրութեան թուականը։ Իր քահանայական ձեռնադրութիւնն ու օծումը տեղի ունեցած են Կիրակի, 12 Մայիս 1996-ին, ձեռամբ՝ բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Տ, Սուրէն Ս. Արք. Գաթարոյեանի, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, հաւատացեալներու եւ հայրենակիցներու հոծ բազմութեան ներկայութեան, վերակոչուելով իր հանզուցեալ հօր անունով՝ Տէր կարապետ։ Իր քառասնօրեայ քահանայական պատրաստութեան շրջանը լրւսւյոււյած՝ ան հոգեւոր Հովիւ կր նշանակուի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ։ Սրրազան Հօր թելադրութեամբ, իրեն փոխանցուած է Հանգուցեալ Տէր Գալուստ Ա, քհնյ. էքմէքճեանի ծխատևտրր, որ կր բովանդակէր աւելի քան եօթ հարիւր րնտանիքներու անուանացանկր։ Այս ևկերյեցւոյ մէջ նորրնծայ Տէր Հօր գործակիցնևրր կ'ըլլան Տ. ՍաՀակ Ա, քհնյ. Արապաթլեան, Տ. Տաթևւ քհնյ, Միքայէւեան եւ Տ. Ասողիկ քհնյ, Ժամկոչեան։ Ւսկ Տէր Ասողիկի այլ թեմ Հաստատուելէ ետք, Տ. Արամ Քհնյ, Գլրնճեան կր տեղափոխուի Ս. Աստւածածին էկեղեցի։ Տէր Հօր անղրանիկ պարտականութիւնր կ'լլայ այցեյել իր բոլոր ծուխերր, մօտէն ճանչնալու համար զանոնք[1]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ 266։