Jump to content

Կայսերական Կարաժ

Կայսերական կարաժ

Կայսերական կարաժ (ռուսИмператорский гараж), պատմական շէնքերու համալիր Սեն Փեթերսպուրկի Փուշքինի շրջանի Փուշքին քաղաքին մէջ։ Կառուցուած է 1906-1915 թուականներուն, կը համարուի մշակութային ժառանգութեան կեդրոն[1][2]: Կը գտնուի Ակադեմական պողոտայի 2-6 շէնքին մէջ:

Ի. դարու սկիզբը Նիքոլա Բ.-ին համար ինքնաշարժներու ձեռքբերման գործով զբաղած է իշխան Վլատիմիր Օրլովը եւ անոր կողմէն գնուած առաջին կայսերական մեքենաները յայտնուած են Ցարսքոյէ Սելոյի մէջ 1906-ի սկիզբը: Նոյն ատեն ալ սկսած է առաջին կարաժի շէնքին շինարարութիւնը (այժմ` տուն 4) Ալեքսանտրովեան պալատի հարեւանութեամբ գտնուող փակ տարածքին մէջ։ Նախագիծին հեղինակը եղած է Ցարսքոյէ Սելոյի պալատական վարչութեան ճարտարապետ Սիլուիօ Տանինը: Առաջին յարկին վրայ տեղակայուած էին նորոգման արհեստանոցները եւ կառասրահը: Երկրորդ փայտէ յարկին վրայ կը բնակէին ծառայողները: Համալիրին երկրորդ շէնքը (այժմ` տուն 2) կառուցուած է 1908-ին ճարտարապետ Վլատիմիր Լեպսկիի կողմէ, արդիւնաբերական սպասարկման կայանի ղեկավարին եւ կայսերական անձնական վարորդին նստավայրին համար: Այդ ատեն կայսերական կարաժի ինքնաշարժներու թուաքանակը կը հասնէր մօտաւորապէս յիսուն մեքենայի: 1913-ին ճարտարապետ Ալեքսանտր Մինիաեւի նախագիծով կը կառուցուի նոր մասնաշէնք մը, այսպէս կոչուած «Սպիտակ կարաժը» (տուն 6), 40 ինքնաշարժի համար[3][4]:

Հոկտեմբերեան յեղափոխութենէն ետք կարաժին շէնքը կը շարունակուէր օգտագործուիլ ըստ նշանակութեան, այնուհետեւ շարժիչներու նորոգման գործարան: Հայրենական մեծ պատերազմէն ետք շէնքերը կը յանձնուին Լենինկրատի գիւղատնտեսական ուսումնարանին, որու տնօրինութեան տակ կը գտնուի մինչ օրս: Կարաժին համալիրին մէջ տեղակայուած է ինքնաշարժներու եւ թրաքթորներու ամպիոնը (ներկայիս գիւղատնտեսական մեքենաներու ամպիոն), ինչպէս նաեւ ռազմական ամպիոնը եւ աշխատանքի պաշտպանութեան ամպիոնը[3][4]:

Ճարտարապետութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Առաջին շէնքը (տուն 4) կը յիշեցնէ անգլիական տնակ, որու վերին փայտէ յարկին վրայ կը գտնուի աղիւսաշար վանդակամած: Երկրորդ շէնքը (տուն 2) կառուցուած է նոր ոճով: Շէնքին կեդրոնական ճակատամասին մէջ, մուտքէն վեր պահպանուած է հարթաքանդակ մը, ուր պատկերուած է Ցարսքոյէ Սելոյի մէջ անցած առաջին ինքնաշարժներու մրցաշարքը: Երրորդ շէնքը (տուն 6) կը ներկայացնէր դահլիճ մարզասրահ, նեոկլասիցիզմի ոճով արտաքին ձեւաւորմամբ եւ նման էր Լիւատիի կարաժին: Շէնքին գլխանիստային ճակատային մասին մէջ կը գտնուի եռակի կամարային որմնախորշ մը, որ վերէն եզրաւորուած է կոշտաքար որմուածքով[3][4]:

  • Семенова Г. В. Царское Село: знакомое и незнакомое. — М.: Центрполиграф, 2009. — С. 48. — 638 с. — ISBN 978-5-9524-4249-8.

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]