Կայծեր (թերթ, Պէյրութ)

Կայծեր, հասարակական-քաղաքական պարբերաթերթ։ ՀՀԳ երիտասարդական միութիւններու հրատարակութիւն։

Լոյս կը տեսնէ Յուլիս 1983-էն մինչեւ 1987 թուականը՝ եռամսեայ, 1988-1994 թուականներուն՝ քառամսեայ, 1995-1996 թուականներուն լոյս չի տեսներ, 1997-1999 թուականներուն՝ դարձեալ եռամսեայ (ընդամէնը՝ 44 համար)։

Խմբագիրներ՝ Կարօ Յովհաննէսեան, Գրիգոր Աչգեան, Շահան Գանտահարեան, Արփի Համբարեան, Յակոբ Հաւաթեան եւ Սրբուհի Ճենանեան։ Կը հրապարակէ ՀՀԳ բիւրոյի, կուսակցական այլ մարմիններու պաշտօնական յայտարարութիւնները, կը լուսաբանէ ՀՀԳ քաղաքականութեան տարբեր կողմերը, կ՚անդրադառնայ հայկական, մերձաւոր արեւելեան ու միջազգային քաղաքական կարեւորագոյն անցուդարձերուն։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայ Սփյուռք» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։