Կայծեր (թերթ, Լիոն)

Կայծեր
Կայծեր եւ Gaïdzer
Տեսակ հանդէս
Լեզու հայերէն
Հիմնադրուած է 5 Օգոստոս 1933
Երկիր  Ֆրանսա
Հրատարակման վայր Լիոն
ISSN 1967-9661

«Կայծեր» շաբաթաթերթ, հայալեզու քաղաքական, հասարակական եւ գրական շաբաթաթերթ։ Լոյս տեսած է 1933-1935 թուականներուն, Լիոնի մէջ։ Ներկայացուցած է Խորհրդային Հայաստանի տնտեսական եւ մշակութային կեանքը, փորձած աջակցիլ սփիւռք-հայրենիք կապերու ամրապնդման։ Անդրադարձած է բանուորական շարժման եւ գործազրկութեան խնդրին, ազգայնական կուսակցութիւններու գործունէութեան, արտացոլած ֆրանսահայերու վիճակը, ՀՕԿ-ի մասնաճիւղերու եւ հայրենակցական միութիւններու աշխատանքները, բարձրացուցած ներգաղթի հարցը։ «Կայծեր»-ը լուսաբանած է նաեւ ժամանակի միջազգային իրավիճակը։

Գրական-գեղարուեստական բաժնին մէջ տպագրած է հայ, ռուս խորհրդային եւ արտասահմանեան հեղինակներու գործեր։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։