Jump to content

Կալափակոս կղզիներու կրիաները

Կալափակոս կղզիներու հսկայ կրիաները, դրախտային վայր մը գտած են մէջը ապրելու, մեկուսացած քանի մը կղզեախումբերու մէջ:

Հսկայ կրիաները հոն կրցած են ազատօրէն աճիլ:

Հնդկաց ովկիանոսին մէջ գտնուող Սէյշել կղզիներու եւ Խաղաղական ովկիանոսին մէջ գտնուող Կալափակոս կղզիներու հսկայ կրիաները կրնան կշռել մինչեւ 200-400 քիլօ:

Անոնք ընդհանրապէս կ'ապրին նաեւ մօտաւորապէս հարիւր տարի: [1]

Հսկայ կրիաները մաս կը կազմեն պաղ արիւն ունեցող անասուններու ընտանիքին: Անոնք կը սիրեն արեւածագէն ետք երկու ժամ արեւուն տակ մնալ` ուժանիւթ ամբարելով իրենց պատեանին ընդմէջէն:

Անոնք գործօն են օրական միայն ութէն ինը ժամ եւ շատ դանդաղ կը յառաջանան (ժամական` մօտաւորապէս 300 մեթր):

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]