Կաթողիկէ Արձագանգ

Կաթողիկէ Արձագանգ
Տեսակ հանդէս
Խմբագիր Գ. Թերզիպաշեան
Երկիր Թուրքիա

«Կաթողիկէ Արձագանգ», կրօնական, գրական եւ տեղագրական շաբաթական հանդէս։ Հայ կաթոլիկներու Կ.Պոլսոյ պատրիարքարանի պաշտօնաթերթը։ Լոյս տեսած է 1911-1915 թուականներուն, Հռոմի եւ Կ. Պոլսոյ մէջ (1912)։ Տնօրէն-խմբագիր՝ Գ. Թէրզիպաշեան։

Ներկայացուցած է հայ կաթողիկէ համայնքի առօրեան, տպագրած պատրիարքարանի հրամաններն ու յայտարարութիւնները։ Հանդէս եկած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ դէմ։ Թշնամական վերաբերմունք ցուցաբերած է պոլսահայ առաջադիմական մամուլի նկատմամբ, որդեգրած է պահպանողական գործելակերպ պատրիարքարանի վարչակարգի ու կազմի բարեփոխման հարցերուն մէջ։ Տպագրած է կրօնա-բարոյախօսական բնոյթի յօդուածներ ու գեղարուեստական գործեր։ Ներկայացուցած է միջազգային եւ Թուրքիոյ քաղաքական կեանքը։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։