Ծաղկունք (թերթ)
Արտաքին տեսք
«Ծաղկունք», խորհրդային շրջանի երկօրեայ թերթ։ Առաջին անգամ լոյս տեսած է 1965 թուականին, Ապարանի մէջ։ Տպագրած է ԽՄԿԿ, ՀԿԿ եւ շրջանային կազմակերպութիւններու որոշումները։ Ընդհանրացուցած է արտադրական ձեռնարկութիւններու նուաճումներն ու առաջաւոր համարուողներու փորձը, ներկայացուցած է շրջանի մշակութային եւ մարզական առօրեան, արծարծած մանկավարժութեան եւ երիտասարդ սերունդի կոմունիստական ագիտացիոն դաստիարակութեան հարցեր։
ՏԱՍՍ-ի եւ Արմէնպրեսի նիւթերով ծանօթացուցած է միջազգային եւ հանրապետական իրադարձութիւններուն (խորհրդային գաղափարախօսութեան սահմաններուն մէջ)։
«Ծաղկունք»-ին նախորդած են «Անասնապահ Կոլխոզնիկ» (1933-1954), «Անասնապահ Կոլտնտեսական» (1954-1962) եւ «Արագած» (1962-1965, միջշրջանային) թերթերը։