Խռկալ Եւ Խռկոց
Խռկոցը (snoring) քունի մէջ քթային կամ բերանային շնչառութեան ընթացքին արտադրուած անբնական ձայնն է: Այս խռկոցին արտադրութեան գործողութիւնը կը կոչուի խռկալ (snore): Խռկալ բառին հայերէն հոմանիշներն են՝ խռնչել, խռմփալ, խռալ եւ խռլտալ: Իսկ խռկոց բառին հոմանիշներն են՝ խռնչոց, խռմփոց, խռոց եւ խռլտոց:
Խռկոցին սկզբնաղբիւրները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Խռկոցը ունի երկու սկզբնաղբիւրներ (origin).
Խռկոցին հիմնական ախտապատճառները կը գտնուին այս երկու կեդրոններուն մէջ:
Քթային ախտապատճառները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Քթային ախտապատճառները կրնան ըլլալ միակողմանի կամ երկկողմանի: Այս ախտապատճառներն են.
- քիթի գերզգայնութիւն, որ կը յառաջացնէ քիթի խլնաթաղանթի արիւնախռնում (congestion) եւ ջրախռնում (edema).
- քիթի միջնորմի (septum) ծուռութիւն.
- քիթի լաւորակ եւ վատորակ ուռեր.
- քիթի յետսամասի ընդոծին մկանային կամ ոսկրային մասնակի խցում (choanal atresia).
- քիթին մէջ օտար մարմինի գոյութիւն.
- Քթաըմբանի գեղձուռոյցք (adenoids).
- Քթաըմբանի զանազան տեսակի ուռեր:
Վերոյիշեալ ախտապատճառները կը խցեն քիթի խոռոչը մասնակիօրէն: Ներշնչուող օդը դժուարութեամբ կ՛անցնի քիթի խոռոչէն եւ կը յառաջացնէ տեսակաւոր սուլոցային ձայներ, որոնց ուժգնութիւնը կախեալ է խցումի տարողութենէն:
Ըմբանային-բերանային ախտապատճառները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ըմբանային-բերանային ախտապատճառներն են.
- Ծաւալած նշիկներ (tonsils), լեզուակ (uvula), լեզու եւ լեզուի արմատ, որոնք կրնան ըլլալ ընդոծին կամ բորբոքումի մը հետեւանքով.
- Ըմբանի յետսապատի ուռեր եւ թարախակոյտ.
- Ըմբանային լաւորակ եւ վատորակ ուռեր.
- Լեզուի թուլութիւն քնանալու ընթացքին, երբ լեզուն կ՛ուղղուի դէպի ըմբան.
- Ծնօտի ընդոծին յետադարձութիւն (retrognathia), որուն հետ լեզուն ալ մասնակիօրէն կը տեղադրուի ետեւ՝ դէպի ըմբան:
Վերոյիշեալ հինգ ախտապատճառները մասնակիօրէն կը խցեն կոկորդը: Ուստի ներշնչուած օդը հանգստօրէն չուղուիր դէպի խռչափող եւ կ՛արտադրուի անբնական շնչառական ձայն մը՝ խռկոցը:
Ընդոծին երկար եւ թոյլ մկանային քիմք: Քնանալու ընթացքին երկար եւ թոյլ մկանային քիմքը կը թրթռայ եւ կ՛արտադրէ յատուկ թրթռացումային խռկոց:
Խռկոցին երկրորդական ախտապատճառները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Խռկոցը ունի նաեւ երկրորդական ախտապատճառներ.
- Գիրութիւն. Գէր անձը կ՛ունենայ ըմբանային անցքի նեղութիւն եւ մասնակի խցում:
- Ալքոլամոլութիւն. Ալքոլը կը թուլցնէ կոկորդի եւ քիմքի մկանները, որոնք մասնակիօրէն կը խցեն ըմբանը:
- Ծխախոտի գործածութիւն. Ծխախոտի երկարատեւ գործածութիւնը կը յառաջացնէ կոկորդի եւ քիթի մնայուն բորբոքում եւ մասնակի խցում:
- Քնաբեր եւ հակագերզայնութեան դեղեր ու թմրեցուցիչներ. Այս դեղերը կը թուլցնեն կոկորդի եւ քիմքի մկանները:
- Քնանալու ընթացքին մարմինի, վիզի եւ գլխու սխալ դիրքորոշում. Կռնակի վրայ պառկած վիճակով լեզուն կ՛ուղղուի դէպի ըմբան եւ կը խցէ զայն մասնակիօրէն: Հակառակը կը պատահի, երբ կը քնանանք փորի վրայ եւ կամ կողմնակի դիրքորոշումով:
- Բարձի կազմուածք. Թոյլ եւ կակուղ բարձի գործածութեամբ լեզուն դարձեալ կ՛ուղղուի դէպի ըմբան եւ կը յառաջացնէ կոկորդի մասնակի խցում:
Քունէ առաջ ստամոքսը ծանրաբեռնել մեծածաւալ եւ դժուարամարս կերակուրներով. Խռկացող անհատը կ՛ունենայ նաեւ այլ ախտանշաններ համաձայն ախտապատճառին: Յաճախակիօրէն տեսնուած ախտանշաններն են.
- Ցերեկ ատեն քնոտութիւն, որ վտանգաւոր կը դառնայ ինքնաշարժ վարելու ընթացքին.
- Կեդրոնացումի տկարացում-նուազում.
- Կոկորդի չորութիւն եւ ցաւ.
- Անհանգստաւէտ քուն.
- Արեան ճնշումի բարձրացում.
- Կրծքավանդակի մկանային եւ ոսկրային ցաւ:
խռկալը անբնական երեւոյթ է: Անիկա հիւանդագին բնոյթ կը ստանայ, երբ քիթի եւ կոկորդի խցումը աւելի զարգանայ, շնչահեղձութիւնը սաստկանայ, ուղեղին թթուածինով յագեցումը զգալիօրէն նուազի եւ տեղի ունենայ քունի շնչադադար: