Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան
Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան (աւազանի անունով՝ Միհրան Պէրթիզլեան) | |
---|---|
Ծննդեան անուն | Միհրան Պէրթիզլեան |
Ծնած է | 1982 |
Ծննդավայր | Հալէպ, Սուրիա |
Կրօնք | քրիստոնէութիւն |
Մասնագիտութիւն | քահանայ |
Ծնողներ | Միհրան եւ Սեդայի |
Խորէն Պէրթիզլեան (1982, Հալէպ, Սուրիա)
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նախնական կրթութիւնը ստացած է Հալէպի Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանին, ապա միջնակարգ եւ երկրորդական ուսումը շարունակած է Լ. Նաճարեան-Գ. կիւլպէկնեան Կեդր. վարժարանէն ներս, որուն ընթացքը աւարտած է 1997-ին։ Այնուհետեւ, մուտք գործած է աշխատանքի ասպարէզ եւ հօրը հետ զբաղած է վաճաոականութեամբ, մինչեւ 1999։ Սակայն ուսման սէրը զինք կը հեռացնէ վաճառականութենէն եւ կը մղէ ուսումնական կեանքի։ Ազատ դիմելու համար պաքալորիայի քննութեան, կը լծուի տքնաջան աշխատանքի հետեւելով գրական ճիւղին եւ բարձր նիշով կր յաջողի ձեռք բերել պետական վկայականը 2000-ին։ Ուսումնառութեան զուգահեռ կը յաճախէ Ս. Գէորգ կիրակնօրեայ վարժարան եւ իբրեւ դպիր կր ծաոայէ նոյն եկեղեցւոյ մէջ 1992-2001։ Տան մէջ, մեծ մօր եկեղեցասիրութիւնն ու աղօթասիրաթիւնը մեծապէս ազդած են անոր նկարագրի կերտումին եւ զինք առաջնորդած՝ դէպի Աստուած, եկեղեցի ու քրիստոնէական արժէքներ։ Այս հոգեւոր մթնոլորտի տարիներու ընթացքին Միհրանի մէջ կ'արթննայ հոգեւորական դառնալու բուռն փափաքը։
Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղականութիւնն ու շրջանակը Միհրանի մէջ կը տեսնեն հոգեւորականի արժանիքներն ու եկեղեցւոյ զօրաւոր կապուածութիւնը։ Կ'որոշեն Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ համար քահանայութեան թեկնածու դարձնել զինք եւ իրենց փափաքը կը փոխանցեն Միհրանին։ Ան երբ սիրով կ'ընդաոաջէ, կը դիմեն Բերիոյ Հայոց Թեմի օրուան Աոաջնորդ՝ Սուրէն Սրբ. Արք. Գաթարոյեանին եւ Կրօնական Ժողովին, որոնք ընթացք կու տան դիմումնագիր նամակին։ Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ, 2001-ին կ'ընդունուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Զարեհեան դպրեվանքը։ Աւարտելով Դ. Ժառանգաւորացի եւ Ա. եւ Բ. րնծայարանի դասընթացքները 2003-ին, սարկաւագ կր ձեռնադրուի Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ձեռամբ Տ.Եփրեմ Արք. Թապաքեանի։ Երբ Հալէպ կը վերադաոնայ, Թեմի Աոաջնորդ Սուրէն Ս. Արգ. Գաթարոյեանի տնօրինութեամբ կրօնի ուսուցիչ կը նշանակուի Ազգ. Զաւարեան վարժարանի 5-րդ եւ 6-րդ կարգերուն, 2003-2004 ուսումնական տարեշրջանին։ Այնուհետեւ, ան կ'ընտրէ իր կեանքի ընկերը՝ Լիպարեան ընտանիքի դուստրը՝ օրդ. Ռիթան, որուն հետ կր պսակուի 27 Դեկտեմբեր 2003-ին, Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ եւ մասնակցութեամբ քահանայից դասուն։ Յետագային կը բախտաւորուի երկու դուստրերով՝ Սարին եւ Ծիլա։ Թեմիս Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ, Միհրան սարկաւագի քահանայական ձեոնադրութիւնն ու օծումը տեղի կ'ունենան Հալէպի Ս. Քաոասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ Տ. Սուրէն Ս. Արք. Գաթարոյեանի, 2 Մայիս 2004-ին, վերակոչուելով Տ. Խորէն, օծակից ունենալով Տ. Զարեհ քհնյ. Շաքարեանը։ Իր քառասնօրեայ շրջանը կ'անցընէ Ս. Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ շրջափակի սենեակին մէջ եւ շրջանը աւարտելէ ետք, հոգեւոր հովիւ կը նշանակուի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ, փոխարինելով հանգստեան կոչուած Տ. Գարեգին Ա. Քհնյ. Քիրազեանը։ Նորընծայ քահանան իր հօտին հետ ծանօթանալէն ետք, կը հետաքրքրուի գիրով ու գիրքերով։ Այդ պատճառով ալ 2006-ին մաս կը կազմէ «Օշական» կիրակնօրեայ լրատուի խմբագրական յանձնախումբին։ 2006էն ի վեր, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հոգեւոր Լսարանին իր ծաոայութիւնը կը մատուցանէ Տ. Մաշտոց Ա. քհնյ. Արապաթլեանի գլխաւորութեամբ։ 2006-2007 ուսումնական տարեշրջանէն ի վեր կրօնագիտութիւն կը դասաւանդէ Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանէն ներս։ Թղթակցութիւններով կ՚աշխատակցի Թեմիս «Գանձասար» շաբաթաթերթին եւ «Շաւիղ» պարբերաթերթին։ 2007-ին կ'ընտրուի Կրօնական Ժողովի անդամ։ Նոյն տարին կը մասնակցի նախակրթարանի Ա. կարգի Կրօնի դասագիրքի պատրաստութեան աշխատանքին։ Ունի արաբերէն մշակուած լեզու եւ կ՚ընթերցէ ո՛չ միայն հայերէն, այլեւ արաբերէն կրօնական բովանդակութեամբ գիրքեր։ Բնաւորութեամբ հաղորդական է եւ հեզ։