Jump to content

Խնձորեսկի Ճօճուող Կամուրջ

Խնձորեսկի ճօճուող կամուրջը

Խնձորեսկի Ճօճուող Կամուրջ, կամուրջ Սիւնիքի մարզի Խնձորեսկ գիւղին մէջ, Գորիս-Ստեփանակերտ մայրուղիի աջ կողմը, խոր ձորի զառիվարի լանջերուն եւ սարահարթի վրայ։

Կամուրջը կը գտնուի Սիւնիքի մարզի Խնձորեսկ գիւղին մէջ։ Իրարու կը միացնէ հին Խնձորեսկիի երկու «ափերը»` Հին եւ Նոր Խնձորեսկները, ուր կ՛երեւին Խնձորեսկիի չորս եկեղեցիները եւ «Ինը մանուկի» աղբիւրը։

Կամուրջը կառուցուած է 2012 թուականին խնձորեսկցիի գործարար Ժորա Ալեքսանեանի հովանաւորութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ։ Ան կառոյցը կը նուիրէ իր ծնողներուն՝ Հայկ եւ Թամարա Ալեքսանեաններիու յիշատակին։ Կամուրջը կառուցուած է ձեռքի աշխատանքով եւ որեւէ թեքնիկական միջոցներ չեն օգտագործուած:

Կամուրջի տեսքը կեդրոնէն

Կամուրջէն կը բացուի տեսարան մը դէպի ձոր, ուր կը գտնուի Սուրբ Թադէոս եկեղեցին, որուն բակը թաղուած է Մխիթար Սպարապետը։ Կամուրջի միւս ծայրը քարայրային քաղաքն է՝ իր բազմաթիւ տուն-քարանձաւներով ու «առանձնատներով»[1][2]։

Կամուրջի երկարութիւնը 160 մեթր է, բարձրութիւնը՝ 63 մ․, ծանրութիւնը՝ 14 թոն։ Կամուրջը միաժամանակ կրնայ «սպասարկել» միջին ծանրութիւն ունեցող շուրջ 700 մարդ։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]