Jump to content

Խնդուքի համաճարակ

Խնդուքի համաճարակ, սկսած է 1962-ին, Թանզանիոյ Քաշաշայի քաղաքին գիշերօթիկնոցի մը երեք աղջիկներու մօտ:

Այդ ժամանակաշրջանին երկիրը տակաւին կը կոչուէր Թանկանիքա: Խնդուքը շատ շուտ կը տարածուի ամբողջ դպրոցին մէջ: Անիկա կը վարակէ մօտաւորապէս 100 աշակերտ:

Կարգ մը «հիւանդներու» պարագային, խնդուքը կը տեւէ մինչեւ երկու շաբաթ[1]:

Նոյն տարուան Մարտ ամսուն դպրոցը կը փակէ իր դռները, սակայն համաճարակը կը տարածուի դրացի գիւղի մը մէջ, երբ մանուկներ իրենց տուները կը վերադառնան: Դպրոցը դարձեալ կը բացուի Մայիս ամսուն, սակայն ստիպուած` ան իր դռները դարձեալ կը փակէ Յունիս ամսուն:

Խնդուքի այս համաճարակը կը վարակուի նաեւ դրացի նախակրթարանի, ապա` ուրիշ գիւղի մը, եւ ուրիշ երկու մանչերու դպրոցներու մէջ[2]:

Համաճարակը կը մարի 18 ամիս ետք։ Բացի ծիծաղէն, հաղորդուած է նաեւ ուղեկցող ախտանիշներու մասին՝ ցաւեր, ուշաթափութիւններ, փորափքանք, շնչառական հարցեր, լացի եւ ճիչի նոպաներ։

Ընդհանուր առմամբ փակուած է 14 դպրոց, աւելի քան 1000 մարդ ինկած է համաճարակի ազդեցության տակ։

Ծիծաղի համաճարակի յառաջացման հնարաւոր պատճառներէն մէկը աշակերտուհիներու ուսումնառութեան վատ պայմանները եւ իրենց՝ բողոքները չարտայայտելու համադրութիւնն է։

Ծիծաղը շրջակայ իրականութեան բողոքելու անմեղ միջոցներէն մէկն էր[3]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]