Խմիչքներու Տեսակներ

Խմիչք, որպէս սնունդ կամ հաճոյքի համար գործածուող հեղուկ։ Խմիչքները մեծ դեր ունին նաեւ մշակութային, կրօնական եւ ընկերային (օր. սուրճ խմելը) կեանքի մէջ։

Ջուր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ջուրը՝ խմիչքներու մեծամասնութեան հիմքը ու աշխարհի վրայ ամէնէն տարածուած բաղադրութիւնն է։

Կազային խմիչքներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կազային խմիչք մը կը պատրաստուի ջուրով, շաքարով, եւ բոյրով, որոնք կը խառնեն մեծ անօթի մը մէջ: Ապա, բնածխային կազ կը ներարկեն խմիչքը պարունակող շիշերուն: Վերջապէս, շիշը կը գոցեն եւ կազը մէջը կը լուծուի: Երբ շիշը բանանք, կազի պղպջակները խմիչքին երեսը կ'ելլեն: Կազային խմիչքներու օրինակներ են՝ քոլա, թոնիքի եւլն․։

Սուրճ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կը պատրաստուի սրճենիի բոված սերմերէն։ Սուրճը աշխարհի ամենատարածուած ըմպելիքներէն մէկն է։ Պրազիլը թիւ 1 սուրճ արտադրող երկիրն է: Սրճենին 7էն 8 մեթր բարձրութիւն կ'ունենայ՝ ծածկուած կարմիր պտուղներով: Ամէն պտուղ սուրճի երկու հատիկ կը պարունակէ: Պտուղները կը քաղուին եւ գետինը կը փռուին, որպէսզի արեւուն տակ չորնան: Մեքենայ մը զանոնք կը բաժնէ իրենց մորթէն: Սուրճի հատիկները ապա կը խանձուին եւ կ'աղացուին:

Կաթնեղէն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կաթով շինուած սննդեղէն: Կաթնեղէն կը սեպուի նաեւ՝ թան եւ քէֆիրը։

Գարեջուր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գարեջուրը կը պատրաստուի գարիի հունտերուն խմորումով: Հատիկները կը թրջեն որպէսզի ծիլ տան: Ծիլ տուած գարին, որ մալտ կը կոչուի, գաղջ ջուրի մէջ կը դրուի: Այս խառնուրդէն կը հանեն անուշ հեղուկ մը քաղցու, որ կ'եռացնեն հմուլի ծաղիկներուն հետ լեղի համ: Բնախմորի ազդեցութեան տակ, քաղցուին շաքարը կը լուծուի ալքոլի եւ բնածխային կազի մէջ: Գարեջուրին համը աւելի զօրացնելու համար՝ երեք ամիս կարասներու մէջ կ'ամբարեն: Վերջապէս, գարեջուրի փրփուրը կը վերցնեն զտումով՝ հեղուկը շիշերու կամ թիթեղէ տուփերու մէջ լեցնելէ առաջ:

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Մշակութային Իմ Առաջին Հանրագիտարան, Արամ Սեփեթճեան եւ ԼեւոնԹորոսեան, 2001-2002