Jump to content

Կապոյտ հազ

(Վերայղուած է Խեղդահազ-էն)
Խեղդահազէ վարակուած մանչ մը

Կապոյտ հազ-խեղդահազը (անգլերէն՝ Whooping cough-pertusis) սուր վարակիչ (infectious) հիւանդութիւն մըն է եւ կը յատկանշուի շնչառական ուղիներու` խռչափողի, շնչափողի եւ ցնցուղներու (bronchi)  լորձնաթաղանթներուն բորբոքումով եւ ջրուռեցքով, ինչպէս նաեւ` ուժգին, սաստիկ, ջղաձգային, անհակակշռելի եւ նոպայական հազով:

Պատճառ ու փոխանցման ձեւեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կապոյտ հազի առաջին դէպքը արձանագրուած է 16-րդ դարուն, իսկ անոր յարուցիչը յայտնաբերուած է 1906-ին:

Կապոյտ հազի յարուցիչը Պորտեթելլա փերթուսիս (Bordetella pertussis) մանրէն է: Ան կը փոխանցուի օդակաթիլային ընթացքով` հազի եւ փռնգտալու միջոցով: Վարակուող անձը հազալով, փռնգտալով եւ արտաշնչելով յարուցիչ ցպիկները կը տարածէ իր շրջապատին եւ կը վարակէ իր շուրջը գտնուղ առողջ անհատները: Այս ցպիկները, մտնելէ ետք առողջ անձի մը շնչառական համակարգը, կ՛արտադրեն յատուկ թունաւոր նիւթ մը (toxin): Այս թունաւոր նիւթը կը վնասէ շնչառական խողովակներու խլնաթաղանթային բջիջներուն եւ կ'առաջացնեն խլնաթաղանթի ջրուռեցք եւ խողովակներու նեղացում: Այս ընթացքին մանրէները կը բազմանան շնչառական խողովակներուն մէջ եւ արտաշնչումով կը տարածուին օդին մէջ:

Հիւանդութեան փուլեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կապոյտ հազը ունի երեք փուլեր:

Առաջին փուլը կը սկսի վարակումէն մինչեւ 15 օր: Այս փուլին վարակուող անձը կ՛ունենայ պարզ հարբուխի ախտանշանները` մեղմ հազ, փռնգտուք, քթահոսք եւ մեղմ ջերմութիւն:

Երկրորդ փուլը կը սկսի վարակումէն 2 շաբաթ ետք եւ կը տեւէ մօտաւորապէս 6-8 շաբաթ, եւ վարակուողը կ՛ունենայ հետեւեալ ախտանշանները` սուր, նոպայական, անհակակշռելի, իրերայաջորդ հազի պոռթկումներ, գերքրտնութիւն, բարձր ջերմութիւն, դող, գլխացաւ, մկանային ցաւ եւ ախորժակի նուազում: Կրկնակի հազի պոռթկումներէն ետք հիւանդը կը ներշնչէ խորունկ ձայնային երանգով մը, որ կը կոչուի խեղդոց (whooping) եւ ապա կը փսխէ պոռթկումով: Սուր հազին պատճառով կրնան պատահիլ ողնայարային զարկերակի (vertebral artery) պատռուածք եւ մեծածաւալ արիւնահոսութիւն, աղեթափութիւն (hernia), մէզի անպահութիւն  (incontinence), կողոսկրներու (rib) կոտրուածք, ենթաակնազօդային (subconjunctival) արիւնահոսութիւն, որովայնի զարկերակի եւ թոքամաշկի (pleura) պատռուածք եւ ենթաթոքաթաղանթային օդակուտակում (pneumothorax):

Մինչեւ մէկ տարեկան երեխաներ երբեմն, հազի փոխարէն  կ՛ունենան շնչահեղձութիւն, շնչադադարի (apnea) նոպաներ եւ լուրջ բարդութիւններ, մանաւանդ անոնք, որոնք չեն պատուաստուած: Այս բարդութիւններէն կարեւորագոյններն են` թոքատապ (pneumonia), մարմնական ընդհանուր ցնցումներ, ջղացնցումներ,  ուղեղատապ, ուղեղային արիւնահոսութիւն, ուղեղային հիւծում (atrophy)  եւ նոյն իսկ մահ:

Կապոյտ հազը վարակիչ է հազը սկսելէ ետք եւ յաջորդող 15 օրերուն ընթացքին:

Երրորդ փուլը կը սկսի վարակումէն մօտաւորապէս 10 շաբաթ ետք եւ կը տեւէ 2-3 շաբաթ: Այս փուլին հիւանդին նոպայական հազը կը մեղմանայ եւ շնչառութիւնը կը դառնայ բնականոն:

Ախտորոշում եւ դարմանում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կապոյտ հազին ախտորոշման համար խիստ կարեւոր է բժիշկին տպաւորութիւնը եւ հիւանդին ցուցաբերած ախտանշանները: Ախտորոշման համար կը կատարուի  կոկորդի եւ քթաըմբանի քսուկի (swab) տարրալուծարանային քննութիւն` յայտնաբերելու համար կապոյտ հազի մանրէներ-ցպիկները:

Խեղդահազին դարմանումը կը կատարուի յատուկ հակամանրէական դեղերու գործածութեամբ: Այս դեղերը պէտք է գործածուին շատ կանուխ, այսինքն` ախտաճանաչումը կատարուելէ անմիջապէս ետք եւ 4-6 շաբաթ տեւողութեամբ: Հակամանրէական դեղ ստացող հիւանդներ հինգերորդ օրէն ետք վարակիչ չեն նկատուիր: Ընդհանրապէս դարմանումը կը կատարուի տան մէջ: Հիւանդին կը տրուի առատ հեղուկ, օշարակի տեսակներ, պտուղ եւ սննդարար կակուղ կերակուր: Հիւանդը պէտք է շնչէ բարեխառն շոգի եւ հեռու պէտք է մնայ գրգռիչ ազդակներէ, ինչպէս` փոշի, ծուխ, մուխ:

Վարակուած երեխաներուն 50 տոկոսը կարիքը կ՛ունենան հիւանդանոցային խնամքի:

Կանխարգիլման ձեւեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կապոյտ հազը կանխարգիլելի է յատուկ հազի դէմ պատուաստի գործածութեամբ: Պատուաստը կը պատրաստուի կապոյտ հազի սնանուած մանրէներէ: Կապոյտ հազի պատուաստը հասանելի եղած է բժիշկներուն 1940-ին:

Կապոյտ հազի պատուաստը կը տրուի պրկախտի (tetanus) եւ կեղծմաշկի (diphtheria) պատուաստներուն հետ` որպէս եռեակ պատուաստ: Մանուկներուն կը տրուի հինգ պատուաստ: Առաջին  երեք պատուաստումները կը կատարուին, երբ մանուկը 2, 4 եւ 6 ամսու է: Չորրորդ եւ հինգերորդ պատուաստումները կը կատարուին, երբ մանուկը 4 եւ 6 տարեկան է: 7 տարեկանէն վեր պատանիներուն կը տրուի մէկ պատուաստ` 11 կամ 12 տարեկանին: Յղի կիներ պէտք է ստանան պատուաստը իրենց յղութեան 27-36-րդ շաբթուան ընթացքին` պաշտպանելու համար իրենց ապագայ ծնելիք զաւակը կապոյտ հազէն:

Կապոյտ հազին պատուաստը ապահով է: Ան ոչ մէկ բարդութիւն եւ կամ վնաս կը յառաջացնէ: Պատուաստումէն ետք կրնան պատահիլ անցողակի եւ ժամանակաւոր մեղմ ջերմութիւն, պատուաստի սրսկումի տեղական ցաւ, կարմրութիւն եւ կամ ուռեցք:[1]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Կապոյտ Հազ-Խեղդահազ Whooping Cough-Pertusis»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2020-03-13։ արտագրուած է՝ 2020-08-02