Lua–ի սխալ՝ expandTemplate: template "ref-uk" does not exist։
Խարկով (ուքր.՝ Ха́рків), քաղաք Ուքրանիոյ մէջ, բնակչութեան թուաքանակով Ուքրանիայի 2-րդ քաղաքը (մինչեւ 1934 թուականը՝ ուքրանական ՍԱՀ մայրաքաղաքը)։ Կը հանդիսանայ Խարկովի մարզի վարչական կեդրոնը։ Երկրի գիտական, արդիւնաբերական, թրանսբորդային եւ ուսանողական կերդոնը կը համարուի։
Քաղաքին անունը յառաջացած է իր համանուն գետէն՝ Խարքիւ (Kharkiv): Գոյութիւն ունի ժողովրդական ստուգաբանութիւն մը, որ թէ՛ բնակավայրին եւ թէ՛ գետին անունը կը կապէ Խարքօ (Kharko) անունով լեգենդար կազակ հիմնադիրի մը հետ (Խարքօն յունական Խարիթոն [Chariton] անուան փաղաքշական ձեւն է, ուքրաներէն՝ Харитон, կամ Զաքարիա [Zechariah] անուան, ուքրաներէն՝ Захарій): Սակայն, գետին անունը յիշատակուած է աւելի կանուխ, քան ամրոցին հիմնադրումը:
«Kharkov»-ը՝ անուան ռուսերէն տառադարձութիւնը, անգլերէնի մէջ քաղաքին անուան աւանդական եւ ընդունուած ուղղագրութիւնն էր մինչեւ 1991 թուականի Ուքրանիոյ անկախացումը (նման «Kiev» եւ «Kyiv» տարբերակներուն):
Ինչպէս երկրի բոլոր միւս քաղաքները, «Kharkiv»-ը դարձաւ ուքրաներէն անուան լատինատառ տառադարձութեան միջազգային չափանիշը՝ համաձայն Ուքրանիոյ ազգային տառադարձութեան համակարգին: Այս համակարգը պաշտօնական օգտագործման համար որդեգրուեցաւ Ուքրանիոյ նախարարաց խորհուրդին կողմէ 2010-ին, հաստատուեցաւ ՄԱԿ-ի Աշխարհագրական անուններու փորձագէտներու խումբին կողմէ 2012-ին եւ որդեգրուեցաւ BGN/PCGN-ի (Աշխարհագրական անուններու պրիթանական եւ ամերիկեան մարմիններուն) կողմէ 2019-ին: Այս ուղղագրութիւնը կը հանդիպի «Պրիթանիքա» հանրագիտարանին (Encyclopædia Britannica) եւ բառարաններուն մէջ՝ որպէս ուքրանական քաղաքին անուանաձեւը: «Kharkiv» տարբերակը որդեգրուած է նաեւ ԱՄՆ-ի Քոնկրեսի գրադարանի անուանացանկին (Library of Congress Name Authority Heading) կողմէ:
Ինչպէս նշած է «Christian Science Monitor»-ը, անգլիալեզու լրատուամիջոցներէն շատերը պատմականօրէն քաղաքը կը գրէին «Kharkov», նոյնիսկ «Kiev»-ը «Kyiv»-ի փոխելէ ետք, սակայն 2022-ին Ռուսաստանի Ուքրանիա ներխուժումէն ի վեր, աւելի մեծ թիւով լրատուամիջոցներ եւ ուղեցոյցներ սկսած են հրաժարիլ ռուսական տառադարձութիւններէն:
Կը գտնուի Խարկով, Լոպան եւ Ուդա գետերու միախառնման տեղը։ ԽՍՀՄ-ի տարիներուն արտադրական, մշակութային եւ գիտական խոշոր կեդրոններէն մէկը եղած է, ինքնաշարժային երրորդ հանգոյցը (Մոսկուայէն եւ Լենինկրատէն յետոյ)։ 1,449,000 բնակիչ (2012): Հիմնադրած են ուքրանացի կազակները մօտաւորապէս 1655-1656 թուականներուն: Անունը ստացած է Խարքով գետէն: 19-րդ դարու 70-ական թուականներուն Խարքովը նարոտնիկական շարժման կեդրոններէն մէկն էր. 90-ական թուականներու սկիզբին հոս ստեղծուեցան մարքսիստական առաջին խմբակները, 1898-ին՝ ՌՍԴԲԿ (Ռուսաստանի Սոցիալ-դեմոկրատական բանուորական կուսակցութեան) կոմիտէն, իսկ 1917 թուականի Մարտ 2-ին (15)՝ Բանուորներու եւ զինուորներու պատգամաւորներու Խորհուրդը (Սովետ): Խորհրդային իշխանութիւնը հաստատուեցաւ 1917-ի Նոյեմբեր 10-ին (23): 1941 թուականի Հոկտեմբեր 24-ին Խարքովը գրաւուեցաւ գերմանա-ֆաշիստական զօրքերուն կողմէ, իսկ 1943 թուականի Օգոստոս 23-ին ազատագրուեցաւ: 1970-ին Խարքովը պարգեւատրուեցաւ Լենինի շքանշանով: