Jump to content

Խաթրավանք

Խաթրավանք
Խաթրավանք

Հիմնական տեղեկութիւններ
Տեղագրութիւն Վաղուհաս
Թեմ ՀԱԵ
Ճարտարապետական նկարագրութիւն
Ճարտարապ. ոճ Հայկական ճարտարապետութիւն
Կառուցման սկիզբ 12-րդ դար
Առանձնայատկութիւններ

Խաթրավանք, Խադավանք, ճարտարապետական յուշարձան Արցախի Հանրապետութեան Մարտակերտի շրջանի Վաղուհաս գիւղէն արեւմուտք, Դադիվանքէն հարաւ-արեւելք, Թարթառ գետի աջ ափին[1]։

Հիմնադրուած է վաղ միջնադարուն։ԺԲ. դարուն աւերուած է երկրաշարժէն, ապա՝ սելճուքներու արշաւանքէն։ Համալիրին այժմեան եկեղեցին 1204-ին կառուցած է Յովհաննէս եպիսկոպոս Խաչենեցին։

Ճարտարապետութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Խաթրավանքի արժէքաւոր խաչքարերէն երկուքը

Խաթրավանք եղած է միջնադարեան ճարտարապետական նշանաւոր վանական համալիր մը:

Հոն կը գտնուի խաչքարերու արժէքաւոր հաւաքածոյ մը: Խաթրավանքին պատերու մէջ ագուցուած են հին խաչքարեր եւ վիմագիր արձանագրութիւններ, պատմական յիշատակներու հետ կապուած իրեր եւ առարկաներ:

Վանքը բաղկացած է.

  • Եկեղեցիէ
  • Զանգակատունէ
  • Սեղանատունէ
  • Օժանդակ շինութիւններէ

Պահպանուած է Խաթրավանքի 1204-ին գրուած շինարարական վիմագիր արձանագրութիւնը: Հոն կը նշուի, որ եկեղեցին կառուցած է Յովհաննէս Խաչենեցին, որ հաւաքած է խաչեր, ձեռագիր մատեաններ եւ այլ սրբութիւններ, որոնք նուիրած է վանքին:[2]

Ներսէն խաչաձեւ, արտաքնապէս ուղղանկիւն, չորս անկիւններուն աւանդատուներով յօրինուածք մը ունի: Յատակագիծը անհամաչափ է: Աղօթասրահին մէջ ներառուած են ուղղանկիւն բեմ ունեցող միանաւ թաղածածկ երկու մատուռ-աւանդատուները: Ներսի սիւները սրբատաշ գորշ քարէ են, զարդարուած քանդակներով: Չորս սիւներէն երկուքը ամբողջական են, իսկ միւս երկուքը կազմուած են երկու կտոր քարէ: Խարիսխները քանդակուած են աւետարանիչներու խորհրդանիշներ:

Բեմը աւագ խորանով տեղաւորուած է արեւելեան պատին կիսաշրջանին մէջ: Կան նաեւ երկու մեծ եւ երկու փոքր խորաններ: Ներսէն պատերը ծեփուած են կրաշաղախով:

Եկեղեցւոյ կից է փլած զանգակատունը: Կիսաւեր պատերէն կ'երեւի, որ զանգակատունը եղած է կրկնյարկ՝ տորոնագոյն քարով պատուած:

Զանգակատան հիւսիսային մասը կը գտնուի սեղանատունը: Անիկա թաղածածկ դահլիճ մըն է: Հարաւ արեւելքէն- հիւսիս արեւմուտք երկարող սեղանատան դիրքը կարեւոր դեր կը խաղայ համալիրին ճարտարապետութեան ընդհանուր լուծման մէջ: Անիկա լաւ պահպանուած է: Պատերը եւ թաղը կառուցուած են տեղական կոպտատաշ քարերէ, կրաշաղախով միայն թաղակիր կամարները եւ որմնասիւներն են շարուած սրբատաշ քարերով:

Բաղկացած է երկու դահլիճէ: Մեծ դահլիճը ունի բուխերիկ (օճախ), պատերուն մէջ պահարաններ (խորշեր) եւ մէկ լուսամուտ: Իսկ միւս դահլիճը ունի միայն մէկ պատուհան:

Օժանդակ շինութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Եկեղեցւոյ հիւսիս-արեւելեան թեւին կը գտնուի մէկ այլ շինութիւն մը, որ կազմուած է երկու սրահէ: Առաջին մեծ սրահը շինուած է ժամատուներուն յատուկ ոճով եւ նմանութեամբ: Կամարակապ, երդիքաւոր ծածկը քառանիստ է:

Պարիսպապատերը, խուցերը եւ այլ շինութիւնները կը գտնուին բուսածածկոյթներու տակ, այդ իսկ պատճառով վանական համալիրին ամբողջական գլխաւոր յատակագիծին պատկերը անհնար է տալ: Նոյնիսկ շինութիւններուն տանիքները ծածկուած են ծառերով ու թփուտներով: Մեծ եկեղեցւոյ երկթեք ծածկը լիովին ծածկուած է ծառերով:

Խաթրավանքէն արեւմուտք՝ ժայռի մէջ, կը գտնուի Խաթրա բերդը:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Լեռնային Ղարաբաղի պատմաճարտարապետական յուշարձանները։ Երեւան։ 1985։ էջ 47 
  2. Մ. Բարխուդարեանց, Արցախ, էջ 194