Jump to content

Լսատեսողական Ժառանգութեան Համաշխարհային Օր

Լսատեսողական ժառանգութեան համաշխարհային օր (անգլերէն՝ World Day for Audiovisual Heritage), 2005 թուականին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդունած բանաձեւին համաձայն՝ Հոկտեմբեր 27-ը հռչակուած է Լսատեսողական ժառանգութեան համաշխարհային օր։ Հռչակագիրին մէջ նշուած է, որ Լսատեսողական բոլոր միջոցներուն շնորհիւ հնարաւոր է յաղթահարել լեզուական եւ մշակութային սահմանները[1], ու այդ բոլորը ընկալելի կը դառնան աւելի մեծ զանգուածի համար, քան՝ խօսքը:

Լսատեսողական ժառանգութիւն կը համարուին ժապաւէնները, ձայնասփիւռը եւ հեռատեսիլային թողարկումները, լսատեսողական ձայնագրութիւնները: Այդ բոլորին զանգուածային տարածումը սկսած է 20-րդ դարուն, իսկ հիմա անոնք սկզբնական տեղեկատուութեան հիմնական միջոցներն են[2]:

Այս նպատակով ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն ստանձնած է այդ բոբորը պահպանելու պարտականութիւնը, եւ 1997 թուականէն սկսեալ «Աշխարհի յիշողութիւն» միջազգային տոմարին մէջ կը պահպանուին նաեւ այն լսատեսողական տուեալները, որոնք համաշխարհային նշանակութիւն ունին:

Հիմնական նպատակները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէն ընտրուած սոյն օրն կը հետապնդէ հետեւեալ նպատակները։

  • Բարձրացնել հանրային իրազեկութիւնը՝ պահպանութեան անհրաժեշտութեան
  • Հնարաւորութիւններ ապահովել նշելու յատուկ տեղական, ազգային կամ միջազգային ժառանգութեան երեւոյթները
  • Լուսարձակի տակ առնել արխիւներու մատչելիութիւնը
  • Գրաւել լրատուամիջոցներուն ուշադրութիւնը՝ ճառանգութեան հարցերու շուրջ
  • Լսատեսողական ժառանգութեան մշակութային դիրքը բարձրացնել
  • Լուսարձակի տակ առնել վտանքուած լսատեսողական ճառանգութիւնը, յատկապէս զարգացող երկիրներուն մէջ։

Օրուան Թեմաներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Տարեթիւ Թեմա
2016 Այդ քու պատմութիւնդ է, մի՛ կորսնցներ զայն[3]։
2015 Արխիւները վտանքուած են։ Պահպանենք աշխարհի ինքնութիւնը[4]։
2014 Արխիւները վտանգի տակ են։ Ընելիք շատ բան կայ[5]։
2013 Պահպանենք մեր ժառանգութիւնը՝ նոր սերունդներուն փոխանցելու համար[6]։
2012 Լսատեսողական ժառանգութեան յիշողութի՞ւնը։ Ժամացոյցը կը զարնէ։[7]։
2011 Լսատեսողական ժառանգութիւն: տեսնել, լսել, եւ սովիլ[8]։
2010 Պահպանեցէ՛ք եւ վայելեցէ՛ք ձեր Տեսաձայնային ժառանգութիւնը- Հիմա[9]։
2009 Վտանգուած ժառանգութիւն: Կրնանք զայն պահպանել[10]։
2008 Լսատեսողական ժառանգութիւնը մշակութային ինքնութեան որպէս վկայ[11]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «UNESCO Official Proclamation of 27 October as World Day for Audiovisual Heritage»։ UNESCO։ արտագրուած է՝ 13 April 2014 (անգլերէն)
  2. «World Day for Audiovisual Heritage»։ United Nations։ արտագրուած է՝ 13 April 2014 (անգլերէն)
  3. 2016 Theme:“It's Your Story - Don't Lose It”(անգլերէն)
  4. World Day for Audiovisual Heritage 2015(անգլերէն)
  5. World Day for Audiovisual Heritage 2014(անգլերէն)
  6. World Day for Audiovisual Heritage 2013(անգլերէն)
  7. World Day for Audiovisual Heritage 2012(անգլերէն)
  8. World Day for Audiovisual Heritage 2011(անգլերէն)
  9. World Day for Audio Visual Heritage 2010 Archived 2017-01-08 at the Wayback Machine.(անգլերէն)
  10. Welcome to World Day for AV Heritage Site Archived 2019-04-07 at the Wayback Machine.(անգլերէն)
  11. AMIA Member Updates(անգլերէն)

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]