Jump to content

Լուսիկ Մելիքեան

Լուսիկ Մելիքեան

Լուսիկ Մելիքեան (1922), ծնած Է Թեհրան եւ նախակրթութիւնը ստացած է տեղւոյն Դաւթեան վարժարանին մէջ։ Ֆրանսական եւ պարսկական վարժարաններու մէջ միջնակարգ կրթութիւն ստանալէ ետք՝ գրականութեան եւ լեզուական ճիւղերու հետեւած է Իրանի պետական եւ Նիւ Եորքի Գոլոմպիա համալսարաններու ամառնային լսարաններուն մէջ։

Գրական սկզբնաւորութիւնը կը զուգադիպի 1940ական տարիներուն, երբ իր արձակ էջերով կ՚աշխատակցի սփիւռքեան հայ մամուլին, մասնաւորաբար Թեհրսւնի «Ալիք», «Անի» եւ «Արփի» օրաթերթին ու պարբերականներուն, ինչպէս «Նայիրի»ի (Պէյրութ), «Հայաստանի Կոչնակ»ի, «Հայրենիք»ի եւ այլ հրատարակութիւններու։ Իր առաջին երկու գործերով,— «Կեանքի էջերից» ու «Թեւածող մտքեր» (վէպ), բերաւ վկայութիւնը ինքնատպութեան մը, որ կը յատկանշուի մարդոց, կեանքին, երեւոյթներու եւ բարքերու սեւեռելու իւրայատուկ թեքնիքով մը, մտայնութիւններ վերբերելու արագ, արթուն, թարմաշունչ եղանակով։ Չի սիրեր պատմել, նկարագրել։ Կուտայ վիճակներ, կը պատկերէ կացութիւններ, եւ կը թողու որ մարդիկ տեսնեն տրուածէն անդին սեւեռելի տիպարներու, դէպքերու եւ դրութիւններու ամբողջական էութիւնը։ Կեանքէն փոխադրած կամ տիպարներէ ու դէպքերէ գրականութեան փոխանցած իր բարացուցական պատկերացումներուն մէջ՝ գրագիտուհին յաճախ հեգնանք ունի, սրտի բաժնին հետ՝ նաե՜ւ մտքի բաժինը. կտրուկ, հպանցիկ բայց տպաւորիչ։ Անակնկալներ, ինքնատիպ բնորոշումներ, անդրադարձումի հրաւիրող խորհրդածութ-իւն– ներ՝ իր արձակին տրոփ եւ խորութիւն կուտան։

Մեզի ղրկած իր կենսագրական ուրուագծին մէջ Լուսիկ կը հաստատէ. «Ուղղութիւնս միշտ մնացել է գլխաւորապէս կենցաղային-ը։ երազս է մեր գրականութեան տալ գադութային մեր կեանքի պատկերը՝ վիպականօրէն։ Նկատեյ եմ որ սփիւռքեան մեր իրավիճակը ընդհանրապէս խուսափում է հայ արձակադիր-վիպագիրների ուշադրութիւնից, մինչ քնարերգութիւնը շարունակում է տիրական տեղ գրաւել։ վիպասանութիւնը լուրջ բնագաւառներից է եւ իմ ձգտումն է այսուհետեւ ներկայացնել Միաց. Նահանգների Հայութիւնն իր իւրայատուկ ապրելակերպով, իսկ անգլերէն գրուածքներիս մեջ Հայն եմ ծանօթացնում իր մարդկային գիծերով։»

Այս առոումով ուշադրութեան արժանացաւ իր նոր գործը՝ «Ռամատանի արգիլուած օրերը» (վէպ), անգլերէնով։ Ընկերային, հանրային, մարդկային եւ բարոյական հարցեր կ'արծարծուին նաեւ այս հատորին մէջ։ 1981-ին «Թեհրան» անուն հատորով մը ի մի խմբեց եւ հրատարակեց տասը պատմուածքներ եւ տասը բանաստեղծութիւններ՝ որոնք ցարդ ցրուած կը մնային օրաթերթերու եւ պարբերականներու մէջ։ Պատրաստ է եւ շուտով տպագրութեան կը յանձնուի նորագոյն գործը՝ «Մի աղջիկ եւ արեւ», որմէ կուտանք հատուած մը՝ ստորեւ։

Ի դէպ» Լուսիկ առանձին չէ այս անտեսումին կամ մոռացման մէջ։ Ուրիշներ ալ, այր թէ կին, որոնց կեանքի գիծերը կ՚երեւին մենագրային բաժնի նշմարներուն մէջ, անիմաստ նկատած են թուական յիշատակելու, արձանագրելով հանդերձ ծննդավայր ու յարակից այլ կէտեր։

նշումի կը կարօտի երկրորդ կէտ մը։ — Կարգ մը գրողներ անտեսած են նաեւ հրապարակային մեր կոչն ու հրաւէրը՝ իրենց լուսանկարը ընկերացնելու կենսադրականներուն։ Անոնցմէ ոմանք՝ իրենց վաստակին որակով ներկայութեան իրաւունք մը կը պարտադրեն մեզի, ու մեր կողմէ թերացում մը պիտի նկատուի, արդարօրէն, իրենց բացակայութիւնը այս հատորէն։ Այս պարագային եւս, մեղաւորը մենք չենք։ Կը յարգենք րո|որին ա| անհատական վերապահութիւնները, առաջին կէտին թէ այս երկրորդ տնտեսումին մէջ, սակայն կ՚ուզենք յարգել նաեւ մե՛ր գործին պահանջները։ Երբ անխտիր րո|որ դէմքերու դիմանկարը կ'ընկերանայ կենսագրականներուն, կարգապահական ըմբռնումը բացառութիւններ ճանչնալու իրաւունք չի տար մեղի։ Ակամայ զանց առած ենք անոնց յատուկ մենադրութիւնները: Մ. Թ.

  • Դար մը գրականութիւն, հատոր Բ, էջ 395