Լոռուայ Գիւղացիութեան Ձայնը
Արտաքին տեսք
«Լոռուայ Գիւղացիութեան Ձայնը», խորհրդային շրջանի հասարակական-քաղաքական երկշաբաթաթերթ։ Հանդիսացած է Լոռիի բոլշեւիկեան կազմակերպութիւններու եւ գիւղացիական միութեան օրգանը։ Առաջին անգամ լոյս տեսած է 1920 թուականին, Լոռիի «Չեզօք գօտիին մէջ» (տպագրուած է Երեւան)։ Խմբագիր-հրատարակիչ՝ Ս. Երզնկեան։
Լուսաբանած է բոլշեւիկներու ագրարային քաղաքականութիւնը, տպագրած հողի մասին լենինեան դեկրէտը։ Կոչ ըրած է աշխատաւորութեան «աշխուժօրէն մասնակցիլ հասարակական կեանքին, ստեղծել ժողովրդավարական տուներ, գիւղացիական ակումբներ, ընթերցարան-գրադարաններ»։
Լուրեր հաղորդած է Կովկասեան ճակատին Կարմիր բանակի գործունէութեան մասին։