Jump to content

Լոռիի Մարզի Զինանշան

Լոռիի Մարզի Զինանշան
Մանրամասներ
Կրող Լոռիի մարզ
Հիմք արծիւ, խաչ, Սմբատ եւ Գուրգէն թագաւորներ, հասկ, եկեղեցի, կաղնիի տերեւ
Զինանշանի հեղինակ Խաչիկ Ղարաբեկեան


Լոռու մարզի զինանշան, Լոռու մարզի խորհրդանիշերից մեկը։

Զինանշանը ընդունուած է 5 յունիս 2003-ին Լոռիի մարզպետարանին մէջ, մարզի զինանշանի համար հայտարարուած մրցոյթի ընթացքին։ Հեղինակն է նկարիչ Խաչիկ Ղարաբեկեանը։

Լոռիի մարզի զինանշանը կը պատկերէ հզոր թեւերուն հենած արծիւ, որուն աջ թեւին քրիստոնէական խաչ է։ Արծիւի կուրծքէն դէպի աջ պատուհանը կը ձգուին երեք ճամբայ, որոնք, համապատասխանաբար, ունին մեր պետական դրօշի գոյները՝ կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն։ Անոնց տակ արծիւի կուրծքին գրուած է «Լոռիի մարզ»։

Մարզի անուան տակ հարթաքանդակի ձեւով պատկերուած են ինը խորհրդանշական թասեր, որպէս լինելութեան, առատութեան եւ հիւրասիրութեան խորհրդանիշ։ Արծիւի որովայնի մասին մէջ պատկերուած են Հաղպատի վանքին քանդակուած Սմբատ եւ Գուրգէն թագաւորները ձեռքներուն վանքի մանրակերտը։ Այս պատկերը, որպէս հաւատքի խորհրդանիշ, պաշտպանուած է արծիւի թեւերու հովանիի տակ, իսկ հզօր ոտքերը ամուր կը պահեն հասկը եւ կաղնիի տերեւը՝ մարզի անտառներու, բնութեան խորհրդանիշը[1]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Լոռու մարզպետարանի կայքէջ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2014-09-08-ին։ արտագրուած է՝ 2016-06-29