Լոյ Քրաթոնկի փառատօն

Լոյ Քրաթոնկի փառատօնը, կը տօնուի Թայլանտի մէջ:

Ամէն տարի Թայլանտի մէջ կը տօնուի Լոյ քրաթոնկի փառատօնը` Լոյսի փառատօնը:

Ամէն մարդ քրաթոնկ մը կը շինէ, կամ կը գնէ` զայն ջուրին վրայ դնելու եւ ձգելու, որ հեռանալով հետը տանի վատ բախտը, կամ անցած տարուան մեղքերը, եւ հետը բերէ բախտը նոր տարուան համար:

Քրաթոնկը փոքրիկ նաւակ մըն է, կամ ծփացող կողով մը, որ աւանդականօրէն շինուած է զգուշօրէն ծալուած պանանի տերեւներէ: Իւրաքանչիւր քրաթոնկ լեցուած կ'ըլլայ ծաղիկներով, խունկի երեք ցպիկներով, եւ մէջտեղը դրուած կ'ըլլայ մոմ մը:

Աւանդութիւն է, որ մարդիկ մաղթանք մը կատարեն կամ աղօթք մը արտասանեն, երբ իրենց նաւակը կը դնեն ջուրին վրայ:

Կ'ըսուի, որ եթէ կեդրոնի մոմը հեռանալով փայլուն կերպով վառի, մաղթանքը պիտի իրականանայ[1]:

Պատկերասրահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]