Jump to content

Լիբանանի հայ կաթողիկէ լրատուամիջոցներ

Լիբանանի հայ կաթողիկէ լրատուամիջոցներ, Լիբանանի մէջ կը գործեն հայ կաթողիկէ մամուլի աւելի քան 12 միջոցներ՝ ամսագիրներ, պատկերասփիւռի յայտագիրներ, տարեգիրքեր, տարբեր պարբերաթերթեր եւ կայքէջեր։

“Աւետիք” պարբերաթերթը, հիմնադրուած՝1932-ին, կը հանդիսանայ հայ կաթողիկէ մամուլի ընտանիքին աւագը։ Անիկա Պէյրութի մէջ լոյս ընծայուող պատրիարքական հրատարակութիւն է եւ ուղղուած է հայ ընթերցողներուն՝ աշխարհի ամբողջ տարածքին։ “Աւետիք”-ի համարներուն մէջ կը գտնուին վկայութիւնները՝ տասնամեակներու վրայ երկարող հայ կաթողիկէ համայնքային կեանքի իրադարձութիւններուն եւ իրագործումներուն։ Այնտեղ արտացոլուած են մանաւանդ հայ կաթողիկէ իրարայաջորդ կաթողիկոս պատրիարքներուն գործունէութիւնը։ Պարբերաթերթը աղբիւր մըն է բանասիրական եւ մանաւանդ հայ եկեղեցագիտական ուսումնասիրութիւններու, ինչպէս նաեւ հանդէս մը՝գրական ստեղծագործութիւններու։ “Աւետիք”-ի մէջ հրապարակուած են կաթողիկոս պատրիարքներու թուղթերն ու պատգամները՝ նուիրուած համայնքային եւ համազգային նշանակութեան առիթներու։

Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի հրատարակութիւն է “Մասիս” ազգային քաղաքական եւ մշակութային շաբաթաթերթը, հիմնադրուած 1947-ին։ Սկսած 2014 թուականէն անոր պատասխանատու խմբագիրն է հայր Սեպուհ վրդ. Կարապետեան։ Երկար տարիներու պատասխանատու խմբագիր եղած է հայր Անդրանիկ Կռանեան, որուն օրերուն շաբաթաթերթը աչքի ինկած է յատկապէս հրապարակախօսական իր համարձակ նիւթերով՝ նուիրուած համայնքային, համասփիւռքեան եւ համազգային հարցերու։

Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանէն լոյս տեսած է նաեւ “Աւետաբեր” շաբաթաթերթը։ Հսկողութեամբ արհիապատիւ Յովհաննէս եպիսկոպոս Թեյրուզեանի, շաբաթաթերթը ընթերցողներուն կը ներակայացնէր քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ հոգեւոր զարգացման վերաբերեալ նիւթեր։ Անիկա անվճար կը տարածուէր եկեղեցիներու, դպրոցներու եւ միութիւներու մէջ։

Պաշտօնական կայքէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան պաշտօնական կայքէջն է www.armeniancatholic.org։ Կայքէջը ունի գլխաւորաբար տեղեկատուական բնոյթ, ինչպէս նաեւ կը հանդիսանայ շտեմարան մը՝ հայ կաթողիկէ աշխարհասփիւռ թեմերու եւ կառոյցներու մասին նիւթերով։ Կայքէջի այցելուն անոր միջոցով կրնայ ծանօթանալ հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան պատմութեան եւ պատրիարքական մարմիններու գործունէութեան։ Այնտեղ ներկայացուած են հայ կաթողիկէ թեմերը, միաբանութիւնները, կրթական, մշակութային, բարեսիրական, առողջապահական, երիտասարդական եւ այյ կառոյցները։ Կը գործէ նաեւ բաժին մը՝ հայ կաթողիկէ պարբերական թէ այլ հրատարակութիւններու ներկայացման համար։

“Հայ Մանկավարժ” ուսումնագիտական եւ մանկավարժական եռամսեայ հանդէսը Հայ Կաթողիկէ պատրիարքութեան հրատարակութիւն է։ Անիկա հիմնադրուեցաւ 2010-ին, նախաձեռնութեամբ պատրիարքարանի “Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի” կեդրոնի Դպրոցական հայագիտութեան զարգացման գրասենեակին։ “Հայ Մանկավարժ”-ը զուտ ուսումնագիտական եւ մանկավարժական ուղղութեան պարբերաթերթ մըն է, որ կը նպատակադրէ նպաստել հայկական վարժարաններու մէջ մանկավարժական եւ հայեցի դաստիարակութեան գործին։ Անոր կ’աշխատակցին մանկավարժութեան, մանուկներու հոգեբանութեան եւ հայագիտութեան մասնագէտներ՝ սփիւռքեան տարբեր երկիրներէ եւ Հայաստանէն։ “Հայ Մանկավարժ”-ի պատասխանատու խմբագիրն է հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան, վարիչ տնօրէնը՝ Վարդան Թաշճեան։

Զուարթնոց պարբերաթերթ եւ Կանչ Հրեշտակապետի

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայ Կաթողիկէ պատրիարքութեան աթոռանիստ Զմմառու վանքին վարչութիւնը լոյս կ’ընծայէ “Զուարթնոց” տարեգիրքը եւ “Կանչ Հրեշտակապետի” պարբերաթերթը։ Առաջինը բանասիրական-եկեղեցագիտական ուղղութեան հրատարակութիւն մըն է, ուր լոյս կը տեսնեն գիտական ուսումնասիրութիւններ՝ նուիրուած հայ եկեղեցական պատմութեան եւ հայ քրիստոնէական մշակոյթին, իսկ երկրորդը հանդէսն է Զմմառու ժառանգաւորներուն, որոնք պարբերաթերթին էջերէն կը ներկայացնեն տեղեկատուութիւն՝ ժառանգաւորաց վարժարանի կեանքին մասին, ինչպէս նաեւ իրենց կատարած ուսումնասիրական աշխատանքները։

Մուսա Լեռ եւ Ուխտաւոր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այնճարի Հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութիւնը կը հրատարակէ “Մուսա Լեռ” ամսագիրը, խմբագրութեամբ հայր Մեսրոպ Թոփալեանի։ Ամսագրին մէջ կը ներկայացուի ժողովրդապետութեան եւ անոր ծիրին մէջ գործող մարմիններու առօրեան, ինչպէս նաեւ հոգեւոր դաստիարակութեան նուիրուած նիւթեր եւ գրական ստեղծագործութիւններ։ Նմանատիպ ուղղութիւն ունի Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցուոյ “Ուխտաւոր” պարբերաթերթը։

Հայր Մեսրոպ Թոփալեան կը հրատարակէ բացառապէս մարեմագիտութեան նուիրուած “Մարիամ” պարբերաթերթը, ուր լոյս կ’ընծայուին հայ թէ օտար հեղինակներու գործեր եւ թարգմանութիւններ։

Դպրոցական պարբերաթերթեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լիբանանի մէջ լոյս կը տեսած են հայ կաթողիկէ դպրոցական շարք մը պարբերաթերթեր. 2001-ին հիմնադրուած “Մեսրոպեան Լրաբեր”-ը հրատարակութիւնն էր Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարանին, իսկ 1998-ին հիմնադրուած “Թռիչք”-ը հրատարակութիւնն է Գէորգ Հարպոյեան վարժարանին։ Առաջինը լոյս կը տեսնէր ամսական դրութեամբ, երկրորդը՝ եռամսեայ։ Երկուքին մէջ ալ գլխաւորաբար կը ներկայացուին դպրոցական առօրեան, ինչպէս նաեւ աշակերտական ստեղծագործութիւններ։ “Լրաբեր”-ի գլխաւոր խմբագիրն եղած են Վարդան Թաշճեան, Կարինէ Թաշճեան եւ Ռաֆֆի Տեմիրճեան, “Թռիչք”-ի գլխաւոր խմբագիր՝ Վարդան Թաշճեան եւ Լիւսի Տէօքմեճեան։ Դպրոցական հրատարակութիւններու շարքին էր Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Հռիփսիմեանց վարժարանի “Սլացք” տարեգիրքը եւ պարբերաթերթը (գլխ. խմբագիր՝ Կարինէ Թաշճեան)։

14 Յուլիս 2014-ին կանոնաւորապէս սկսաւ գործել Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Լոյս Զուարթ պատկերասփիւռի յայտագիրը։ Յայտագրի պատասխանատւն է հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան, վարիչ խմբագիրը՝ Վարդան Թաշճեան։ Լոյս Զուարթ յայտագիրը հիմնադրուեցաւ Թելէ Լիւմիեռ պատկերասփիւռի ընկերութեան հետ գործակցաբար։ Անիկա կը սփռուի այդ ընկերութեան կողմէ 2014 տարուայ կիսուն հիմնադրուած Նուր ալ Շարք կայանէն, որ միտուած է դառնալու հաղորդամիջոց մը Լիբանանի քրիստոնէական յարանուանութիւններուն համար եւ անոնց միջեւ՝ ի լուր յատկապէս Արեւելքի քրիստոնէութեան։

Լուրերու մասով Լոյս Զուարթ յայտագիրը կը ներկայացնէ հայ կաթողիկէ համայնքի նորութիւնները, կրօնական, մշակութային եւ կրթական միջոցառումները, իսկ վաւերագրական տեսանիւթերով՝ գլխաւորաբար հայ եկեղեցական պատմութիւնն ու մշակոյթը։

Լոյս Զուարթ յայտագիրը Պէյրութի ժամով կը սփռուի իւրաքանչիւր երկուշաբթի, երեկոյեան ժամը 7-ին, եւ կը կրկնուի իւրաքանչիւր շաբթուայ ուրբաթ օրը՝ կէսօրէ ետք ժամը 1։00-3։00 եւ շաբաթ՝ առաւօտեան ժամը 5։00-7։00 ։ Յայտագիրը կը սփռուի Նուր ալ Շարք կայանէն, Նայլ Սաթ արբանեակային դրութեան վրայ, յաճախականութիւնը՝ 11177 Horizontal։

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]