Լիբանանի Տնտեսական Իրավիճակը Համաշխարհային Առաջին Պատերազմի Ընթացքին

Գլխաւոր Պատճառներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հետեւեալներն են պատճառները Լիբանանեան «տաքնապին» համաշխարհային առաջին պատերազմի ընթացքին՝

Հողատարածքի Նուազում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աքքարի, Հարաւի եւ Պէքաաի դաշտերու անջատումէն ետք, մշակելի հողատարածները մեծ մասամբ նուազեցան Լիբանանի մէջ, իսկ կացութիւնը վատթարացաւ երկրին պարտադրուած շրջաբակումէն ետք։

Դաշնակիցներու Կողմէ Պարտադրուած Ծովային Շրջաբակում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լիբանանի եւ Սուրիոյ ծովային շրջաբակումով՝ թրքական նաւերը չկրցան հասնիլ այդ նաւահանգիստները, դադրեցաւ Եւրոպայի հետ վաճառականութիւնը, ինչպէս նաեւ արտերկրի լիբանանցիներու գումարները չկրցան հասնիլ Լիբանանի մէջ ապրող իրենց հարազատներուն։

Մարախներու Ժամանում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տնտեսական կացութիւնը վատթարացաւ երբ մարախները յարձակեցան Լիբանանի վրայ, ծածկելով արեւուն լոյսը եւ բճացնելով ձանգը։

Լիբանանի անտառներէն հռչակաւոր Մայրիի ծառերը

Օսմանեան Քաղաքականութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Ցամաքային Շրջափակում՝ Թուրքերը շրջափակումի ենթարկեցին լեռնալիբանանը, արգիլելով հացահատիկներու մուտքը։
  • Ծովային Շրջափակում՝Անոնք նոյնիսկ արգիլեցին, որ ժողովուրդը օգտուի ծովէն ձկնորսութիւն կատարելով կամ աղ արտահանելով։
  • Բժիշկները վերապահեցին միայն Օսմանեան բանակին։
  • Գրաւեցին բերնատար անասունները եւ պղնցեայ անօթները:
  • Հատեցին Լիբանանի անտառները եւ բայտը օգտագործեցին ջերուցման եւ երկաթուղղագծի կարուցման համար։
  • Օսմանեան կայսրութիւնը հրապարակեց թղթադրամը եւ անոր արժեքը հաւասարեցուց ոսկէդրամին արժեքին։ Այսպիսով անկում կրեց անոր արժեքը եւ մարդիկ մերժեցին թղթադրամով աշխատանքը։