Լէոնարտո Տա Վինչիի կեանքն ու Հայկական ծագումը

Լէոնարտո Տա Վինչիի կեանքն ու Հայկական հետքը,(1452_1519) Ծնած է 1452 թուականի Ապրիլ 15-ին, Իտալիոյ Ֆլորենսիայի մօտակայքը գտնուող Անկավինօ փոքրիկ գիւղին մէջ: Անուն-մականունը կը թարգմանուի իբրեւ Լէոնարտօ` պարոն Փիէրոյի որդի. Երկրորդ հազարամեակի հանճարագոյն գործիչը` նկարիչ, քանդակագործ, գրող, գիւտարար, մաթեմաթիքոս. Ուսումնասիրողներէն ոմանք Լէոնարտոն ծագումով հայ կը համարեն:

Հայկական Ծագումը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ուսումնասիրողներէն ոմանք Լէոնարտոն ծագումով հայ կը համարեն: Առաջինը այդ մասին վկայողները հայ ուսումնասիրողները չեն գրած: 2002-ին ռուս լրագրող եւ ուսումնասիրող Իկոր Օռլովը հանդէս եկաւ ցնցող յայտարարութեամբ, որ Լէոնարտօ տա Վինչին գրած է հայերէն եւ անոր ծածկագրերու գաղտնիքը մեսրոպեան այբուբենի մէջ է: Թէ իսկապէս որքանով ապացուցուած է անոր հայկական ծագումը, դեռ շատերու համար վիճելի հարց է, սակայն հայկական հետք անոր ստեղծագործութիւններուն մէջ, այնուամենայնիւ՝ կայ:

1481-1482 թուականներուն ան այցելած է Կիլիկիա եւ Հայաստան: Պահպանուած է Բագարանի եկեղեցւոյ, անոր ձեռքով կատարուած գծանկարը, որուն հիմքով ալ, նոյն յատակագիծով ան կառուցեց Միլանի տաճարը: Ընդհանրապէս, Եւրոպայի մէջ կեդրոնագմբէթ եկեղեցիներ սկսան կառուցել նոյն այդ ժամանակներէն: Եւ տեղին է հաւանութիւն տալու այն վարկածին, որ նոյն Լէոնարտոով կեդրոնագմբէթ եկեղեցիներու Անիական ոճը Հայաստանէն ներմուծուեցաւ Եւրոպա:

Ան նաեւ համոզեց անուանի ճարտարապետ Բրամանտէն` Հռոմի Սուրբ Պետրոս տաճարը նախագծել եւ կառուցել Բագարանի տաճարին օրինակով:

Լէոնարտոյի Հայաստան այցելելու մասին ակնարկներ կան անոր նամակներուն մէջ, ուր պահպանուած է նոյնիսկ Հայաստանի մէկ մասին վերաբերեալ քարտէզը: Իր նամակին մէջ Լէոնարտոն նաեւ կը պատմէ մանրամասնէր երկրաշարժի մը եւ ջրհեղեղի մը մասին, հաւանաբար նկատի ունենալով 1482 թուականի Երզնկայի երկրաշարժը:

Լէոնարտոն նաեւ ճամբորդական նօթեր գրած է` Հայաստանի մէջ անցուցած ժամանակահատուածի վերաբերեալ: Այդ փաստաթուղթը կը պահպանումի Միլանի «Ամպրոզանիա» գրադարանի մէջ եւ կը կոչուի «Հայկական նամակ»: Անոր մէջ արտացոլուած են Լէոնարտոյի նկարագրութիւնը Հայաստանի մասին, տեղեկութիւններ կան Եփրատ գետի, Տաւրոսի լեռնաշղթայի մասին: Նկարագրած է նաեւ մէկ դիպուած` օտար նուաճողի կողմէն հայութեան հանդէպ կիրառուած բռնարարքներու, կոտորածներու:

Ան նաեւ իր կտաւներու մէջ օգտագործած է Տեռռա Արմէնիա գոյնը` մութ շականակագոյն, որ կը պատրաստուի հայկական հողէն: Մինչ այդ Եւրոպայի մէջ այդ գոյնը ոեւէ մէկը չէ օգտագործած: Լէոնարտոյէն ետք այդ գոյնը օգտագործեց անուանի հայ նկարիչ Պոկտան Սալթանովը միայն:

Ան անձամբ նաեւ կը նուագէր եւ ժամանակին Միլանի մէջ յաղթած է վին նուագողներու մրցոյթին, ինչն էլ որոշ ուսումնասիրողներու համար առիթ հանդիսացած է, որ Լէոնարտոյի մէջ հայկական արմատներ որոնեն, անոր տա Վինչի մականունը կապած են վին գործիքի հետ` վին նուագող:

Լէոնարտոն դեռ Ֆլորենսիայի մէջ անպայման առնչուած է հայերու հետ: Նախ, դեռ ոչ վաղ անցեալին կործանուած Կիլիկիայի հայկական թագաւորութեան եւ իտալական քաղաքներու միջեւ սերտ առեւտրային եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ եղած են, բացի այդ, միջնադարուն հայերը Իտալիոյ մէջ կառուցած են 34 եկեղեցիներ եւ տուած 11 սուրբեր[1]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • «Անկախ» շաբաթաթերթ 2012 թ. Ապրիլ 17։