Լեւոն Լեւոնեան

Լեւոն Լեւոնեան
Ծնած է 1883
Ծննդավայր Այնթապ
Մահացած է 1929
Մահուան վայր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Կրօնք քրիստոնէութիւն
Մասնագիտութիւն ուսուցիչ

Լեւոն Լեւոնեան (1883, Այնթապ - 1929, Ամերիկա), հայ մանկավարժ։

Լեւոնեան Այնթապի գոլէճը կ'աւարտէ 1902-ին: Կ'երթայ Կիւրին ուր երկու տարի ուսուցչութիւն կ'ընէ։ 1904-ին Այնթապ կու գայ, ուրկէ Ամերիկա կ'անցնի եւ մանկավարժութիւնը մասնագիտութիւն կ'ընէ։ Մէկ տարի կ'ուսանի Պոսթըն եւ երկու տարի ալ Գոլոմպիայի Համալսարանը եւ վերջինէն շրջանաւարտ կ'ըլլայ M.A. տիտղոսով։ Քաղաքական պատճառներով Այնթապ չկարենալ վերադառնալով, 1908-ին կու գայ Պէյրութ ուր Ամերիկեան Համալսարանի մէջ թուրքերէն կը դասաւանդէ երեք տարի։ 1911-ին դարձեալ Ամերիկա կը մեկնի, ուր եւ կը մեռնի 1929-ին որպէս արդիւնք կուրաղիի գործողութեան մը[1]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Սիսակ Վարժապետեան, Հայերը Լիբանանի մէջ: Հանրագիտարան Լիբանանահայ գաղութի, հ. հատոր, Պէյրութ, էջ 440։