Լեւոն Ա․ (Աբխազիոյ արքայ)
Լեւոն Ա. | |
---|---|
Մահացած է | 767 |
Կրօնք | քրիստոնէութիւն |
Աշխատավայր | Աբխազիոյ արքայ |
Ամուսին | Gurandukht? |
Երեխաներ | Լևոն II? եւ Թեոդոսիոս II? |
Լեւոն I (վրաց.՝ ლეონ I), Աբխազիոյ իշխան (էրիսթաւի) 745-767 թուականներուն, Կոստանդին Բ.-ի եղբայրը[1]: Եղած է Բիւզանդիոնի կայսեր վասալը։ Աբխազական արքաներու դիւանին մէջ ան կը նշուի որպէս 8-րդ դարու առաջին կէսի իշխան։
Լեւոն Ա.-ի կառավարման տարիներուն աբխազները համառ պայքար մղած են արաբ նուաճողներու դէմ, եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատած Իբերիոյ եւ Կախէթի իշխանութիւններու հետ։ Լեւոնը օգնութեան խնդրանքով կը դիմէ Բիւզանդիոնի Լեւոն Գ. Իսավրացի կայսրին՝ Օմայեան խալիֆայութեան դէմ պայքարելու համար։ Կայսրը կը համաձայնի, բայց փոխարէնը կը պահանջէ ճանաչնալ իր գերիշխանութիւնը։ Լեւոն Ա.-ի իշխանութիւնը պիտի տարածուէր ոչ միայն Աբխազիոյ մէջ, այլեւ շրջակայ գաւառներու վրայ։ Կախէթի իշխան Արչիլը իր եղբօր դուստրին Գուրանդուխտին կնութեան կու տայ Լեւոն իշխանին։
735 թուականի արաբական արշաւանքէն ետք Աբխազիա կ՛ենլարկուի աւերածութիւններու։ Վրաց-աբխազական միացեալ բանակը կը կարողանայ հակահարուած տալ արաբներուն[2]:
Լեւոն Ա.-ի իշխանութեան տարիները հզօրացման ժամանակաշրջան էին երկիրին համար։ Բացի քաղաքական կայունութենէն, Աբխազիոյ եւ Արեւելեան Վրաստանի մէջ վերջնականապէս կ՛ամրապնդուի ուղղափառ քրիստոնէութիւնը: