Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան Կեդրոնական Վարժարան
Արտաքին տեսք
Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարան, հիմնուած է 1954 թուականին, Հալէպի մէջ՝ ամերիկահայ Լազար Նաճարեանի նուիրատուութեամբ։ Մինչեւ 1960 թուականը նախակրթարան էր, այնուհետեւ երկրորդական վարժարան՝ 12-ամեայ ուսուցմամբ։ Ունի երկսեռ 3 բաժանմունք՝ մանկապարտէզ, նախակրթարան, երկրորդական վարժարան։
Շրջանաւարտները կրնան ընդունուիլ Սուրիոյ հիմնարկները։
Վարժարանը ունի գրադարան, «Նազարեան» սրահ, ընթերցասրահ, տարրալուծարան։ Հրատարակած է «Բարձունք» գրական պարբերագիրքը (1958-1971)։ Սերտ կապեր ունի Հայաստանի հետ, ուրկէ կը ստանայ դասագիրքեր, պարբերականներ եւ այլ գրականութիւն։ Աշակերտներուն թիւը՝ 1560 (2003) է։ Կը հովանաւորուի Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան կողմէ։