Jump to content

Լաբիւրինթոսին Մէջ Վազողը

Լաբիւրինթոսին Մէջ Վազողը (անգլերէն՝ The Maze Runner), Ճէյմզ Տաշնըրի առաջին գիրքը «Լաբիւրինթոսին մէջ վազողը» շարքէն։

Վէպը հրատարակուած է 21 Հոկտեմբեր 2009-ին «Delacorte Press» հրատարակչութեան կողմէ։ Յաջողութիւն գտնելէ ետք, գրուած են գիրքին երկու շարունակութիւնները՝ «Կրակով փորձութիւն» (2010-ին) եւ «Դեղ մահուան դէմ» (2011-ին)։ Օգոստոս 2012-ին Ճէյմզ Տաշնըր գրած է «Սպաննութեան հրաման»ը (կը պատմէ այն իրադարձութիւններուն մասին, որոնք տեղի ունեցած են նախորդ երկու գիրքերուն իրադարձութիւններէն առաջ)[1]։

Գիրքին հիման վրայ նկարահանուած է համանուն ֆիլմը։ Գլխաւոր դերերով հանդէս եկած են Տիլըն Օ'Պրայըն (Dylan O'Brien), Թովմաս Սենկսթըր (Thomas Brodie-Sangster) եւ Քայա Սքոտելարիօն (Kaya Scodelario)։ Ֆիլմին շնորհահանդէսը Ռուսաստանի մէջ կայացած է 18 Սեպտեմբեր 2014-ին։

Թովմաս կ'արթննայ եւ ինքզինք կը գտնէ մութ վերելակի մը մէջ։ Իր անունէն բացի ոչինչ կը յիշէ: Երբ վերելակին դուռը կը բացուի, ինքզինք կը գտնէ ամայի տարածութեան մը մէջ (Glade), որուն չորս կողմերը շրջապատուած են հարիւրաւոր մեթր բարձրութեամբ քարէ պատերով եւ որոնք ամէն գիշեր կը շարժին։ Ան կամաց- կամաց կը յայտնաբերէ, թէ «Կլէյտ»ը կը ղեկավարեն երկու տղաք՝ Էլպին, որ գլխաւոր առաջնորդն է եւ Նիւտը՝ իր փոխանորդը. երկուքն ալ կարգ ու կանոն կը պահպանեն՝ կիրարկելով պարզ, բայց արդիւնաւէտ օրէնքներ: Վերելակին արկղը շաբաթը անգամ մը գետնին տակէն դուրս կ'ելլէ եւ կը մատակարարէ նոր սնունդ, գործիքներ, դեղեր, երբեմն ալ զէնք: Ամէն ամիս նոր պատանի մը, որ իր անունէն բացի ուրիշ ոչինչ կը յիշէ, կը յայտնուի այդ վերելակին արկղին մէջ: «Կլէյտ» եւ իր բնակիչները՝ շուրջ յիսուն պատանի, որոնք կ'անուանուին «Կլէյտըր»ներ, շրջապատուած են վիթխարի Լաբիւրինթոսով, ուրկէ երկու տարուան ընթացքին ոչ ոք կրցած է դուրս գալ[2]։ «Կլէյտըրները կը փորձեն ողջ մնալ, ինչպէս նաեւ «լուծել» լաբիւրինթոսին գաղտնիքը՝ «վազողներ» նշանակելով, որոնք կը փորձեն արագ անցնիլ անոր մէջէն, հետեւելով պատերուն շարժումներուն եւ կը փորձեն ելք մը գտնել փախչելու համար: Լաբիւրինթոսին մէջ կան սարսափելի մահաբեր հրէշներ՝ «Կրիվըր»ներ, որոնք կը սպաննեն իւրաքանչիր անհատ, որ կը գիշերէ Լաբիւրինթոսին մէջ։ Պատերը ամէն գիշեր կը շարժին՝ պաշտպանելով «Կլէյտ»ը «Կրիվըր»ներէն։

«Կլէյտ»ին մէջ պատանիները պարտականութիւններ կը ստանձնեն՝ իւրաքանչիւրը իր կարողութեան համաձայն։ Կան խոհարարներու, մսագործներու, այգեպաններու եւ այլ պարտականութիւններ։

Ամէն ինչ կը փոխուի, երբ Թովմասին ժամանումէն մէկ օր ետք, վերելակին միջոցով աղջիկ մը՝ Թէրէզան, կը տեղափոխուի «Կլէյտ». աղջնակը կը գտնուի մահաքունի մէջ, իսկ ձեռքին մէջ գրութիւն մը կայ, որուն վրայ գրուած է. «Ան վերջինն է»: Ասիկա կ'ենթադրէ, որ այլեւս պատանիներ պիտի չուղարկուին «Կլէյտ»։ Տղաքը չեն հասկնար, թէ ինչ կրնայ նշանակել ատիկա։ Անոնք աղջիկը կը մեկուսացնեն եւ կը շարունակեն իրենց սովորական առօրեան։

Թէրէզային ժամանումը կարգ մը փոփոխութիւններ կը յառաջացնէ «Կլէյտ»ի կեանքին մէջ: Մարդիկ կը սկսին տարօրինակ կերպով վարուիլ, արեւը կ'անհետանայ, շաբաթական դրութեամբ մատակարարումները կը դադրին եւ լաբիւրինթոսին դռները գիշերը բաց կը մնան, ինչ որ առիթ կու տայ «Կրիվըր»ներուն մուտք գործելու «Կլէյտ» եւ «որսալ»ու պատանիները:

Օր մը Մինհօն՝ «վազող»ներէն մէկը, սովորականէն աւելի շուտ կը վերադառնայ եւ կը յայտնէ, թէ Լաբիւրինթոսին մէջ մահացած «Կրիվըր» մը տեսած է։ Պատանիներուն առաջնորդ Էլպին, վազողին հետ կ'երթայ ստուգելու պատահարը, բայց վերջինս յանկարծ կ'առողջանայ եւ կը վիրաւորէ Էլպին։ Մինհօն իր առաջնորդը ուսերուն վրայ կը տանի, բայց չի հասնիր զինք ներս առաջնորդելու։ Ան կը տեսնէ Թովմասը, որ հակառակ Լաբիւրինթոսէն դուրս գալու խիստ արգելքին, օգնութեան կը փութայ։ Դուռները կը փակուին Թովմասին ետեւէն։ Երեք պատանիները փակուած կը մնան Լաբիւրինթոսին մէջ։

Անոնց վրայ կը յարձակին «Կրիվըր»ները։ Մինհօ, մտածելով, թէ ամէն ինչ կորսուած է, կը փախչի, իսկ Թովմաս կ'որոշէ փրկել Էլպին։ Ան վերջինս կը կախէ օդին մէջ բաղեղի մը օգնութեամբ, իսկ ինք կը շեղէ «Կրիվըր»ներուն ուշադրութիւնը, որոնք կը վազեն իր ետեւէն։ Ճամբան կը հանդիպի Մինհոյին, եւ անոնք միասին կը վազեն դէպի «անդունդը»։ «Անդունդը» տեղ մըն է, որուն պատերուն միջեւ վիթխարի փոս մը կայ։ Մինհօ եւ Թովմաս այնպէս մը կ'ընեն, որ «Կրիվըր»ները կ'իյնան անդունդին մէջ։

Առաւօտեան «Կլէյտ»ի բնակիչները զարմացած կը դիմաւորեն զիրենք։ Միայն Կալլի կատարուածէն կը զայրանայ։ Թովմասին հետ բախումներէն ետք, Կալլի կը վազէ Լաբիւրինթոսին մէջ եւ հոն ալ կը կորսուի ։

Այն ատեն Թէրէզա կ'արթննայ եւ կ'ըսէ․ «Ես դրի վերջին սկիզբը»։ Այդ երեկոյ Լաբիւրինթոսին դուռները չեն փակուիր, ինչ որ կը նշանակէ «Կրիվըր»ները կրնան դիւրին մտնել «Կլէյտ»։

Բոլորը կը պատրաստուին պաշտպանութեան՝ ամրացնելով Հոմսդետին (իրենց քնանալու վայրը) պատերը։ Առաջին գիշերը «Կրիվըր»ները կը մտնեն «Կլէյտ»։ «Կրիվըր»ներուն հետ միասին անսպասելիօրէն կը մտնէ նաեւ Կալլին, որ կը գոռայ, թէ հրէշները ամէն գիշեր պիտի գան եւ պատանի մը պիտի տանին ։

Յաջորդ առտու Թովմաս գաղափար մը կը յղանայ։ Ան կը համեմատէ Լաբիւրինթոսին քարտէսները, որոնք կը հաւաքուէին «վազող»ներուն կողմէ երկու տարուան ընթացքին եւ անոնց համար գաղտնաբառ մը կը ստեղծէ։ Ան կ'որոշէ նաեւ «կերպարանափոխուիլ», որպէսզի վերյիշէ իր նախկին կեանքը:

Գիշերը Թովմաս գիտակցաբար այնպէս մը կ'ընէ, որ «Կրիվըր» խայթէ զինք, որպէսզի Լաբիւրինթոսէն դուրս գալու ելքը յիշէ։ Ան կը յիշէ նաեւ, թէ ինք եւ Թէրէզան անդամ են այն կազմակերպութեան, որ զիրենք բերած է «Կլէյտ»։ Պատանիները կ'անդրադառնան, որ իրենք փորձարկուողներ են «World in Catastrophe: Killzone Experiment Department (WICKED)» կազմակերպութեան կողմէ ձեռնարկուած փորձի մը մէջ:

Ճիշդ այդ օրը Թովմաս իր ընկերներուն հետ կ'իրականացնէ փախուստի իր ծրագիրը։ Անոնք գիշերը կ'երթան «անդունդ»ին քով, զոր սկսած էին անուանել «Կրիվըր»ներու Որջ։ Թովմաս, Թէրէզա եւ Չաք կը պայքարին ու կը յաջողին մտնել «Կրիվըր»ներուն Որջը։ Վերջապէս անոնք Լաբիւրինթոսէն կը փրկեն ողջ մնացածները, որոնք ընդամէնը քսան հոգի էին։

Տարօրինակ տարածութեան մը մէջ իյնալով՝ «Կլէյտ»ներ»ը կը նկատեն կին մը, իսկ անոր կողքին՝ Կալլիին։ Կնոջ հրամանով Կալլի դանակ կը նետէ Թովմասին վրայ, բայց զինք կը փրկէ Չաքը, որ կը մահանայ Թովմասի ձեռքերուն մէջ։ Թովմաս վրէժխնդրութեամբ կը լեցուի եւ դաժանօրէն կը ծեծէ Կալլին՝ զինք հասցնելով մահամերձ վիճակի։ Յետոյ կը յայտնուին տարօրինակ զգեստներով մարդիկ, որոնք կը փորձեն փրկել զիրենք․․․:

Չակի մահը կարճ ժամանակ մը սգալէ ետք, քսան «Կլէյտ»ներ»ը կը փրկուին: Զանոնք կը հասցնեն անվտանգ վայր մը, ուր իրենց կը պատմուի ժահրի մը յառաջացման մասին, որ կը խլէ միլիոնաւոր մարդոց կեանքը: Փրկարարները կը պարզեն, թէ որբ երեխաները իբրեւ հետազօտութեան միջոց կ'օգտագործուէին, նոր ժահրին բուժումը գտնելու համար...:

  • Թովմաս - Գիրքին գլխաւոր հերոսը, որ նախավերջինը կը հասնի «Կլէյտ»։ Սակայն կը դառնայ առաջինը, որ կը յաջողի գիշերը Լաբիւրինթոսին մէջ ողջ մնալ։ Խելացի, մտածող, ուժեղ եւ խիզախ պատանի մըն է, որ միշտ կ'օգնէ դժուարութեան մէջ եղող հարազատներուն։ Հեռազգացողութեան կարողութիւնը ունի, որուն շնորհիւ Թէրէզային հետ մտովին կը կապուի։ Սակայն միշտ շփոթած վիճակ մը ունի։
  • Նիութ - Նախկին «վազող» (դադրած է վազող ըլլալէ ոտքը վիրաւորելէն ետք), Էլպիէն ետք երկրորդ առաջնորդը։ Բարի է, խելացի եւ ընկերասէր։
  • Թէրէզա - «Կլէյտ»ի միակ աղջիկ հերոսուհին։ Ան վերջինը կը քնանայ հոն։ Ունակ է հեռազգացողութեամբ կապուելու Թովմասին հետ։ Յամառ է, բայց նրբազգաց։ Ընկերական համակրանք մը կը զգայ գլխաւոր հերոսին հանդէպ։
  • Չաք -Թովմասին լաւագոյն ընկերը, որ «Կլէյտ» կը հասնի իրմէ առաջ։ Պատանիներուն ամէնէն փոքրն է։ Զրուցելու մեծ սիրահար է, նոյնիսկ եթէ զրուցելու յարմար առիթ մը չէ։
  • Մինհօ - «Վազող»ներուն առաջնորդը։ Երկրորդն է, որ յաջողած է գիշերը ողջ մնալ Լաբիւրինթոսին մէջ (Թովմասին հետ միասին)։ Բանական կարողութիւններով օժտուած է, կոպիտ։ Երկրորդ գիրքին մէջ կը նշանակուի ողջ մնացած «Կլէյտըր»ներու առաջնորդ եւ շատ լաւ կրնայ կատարել իր գործը)։
  • Կալլի - Պատանի մը, որ կերպարանափոխուած է եւ որուն իբրեւ արդիւնք՝ դարձած է աւելի դիւրագրգիռ։ Թովմասի հանդէպ ահաւոր ատելութիւն կը զգայ, բայց երրորդ գիրքին վերջը անոնք փոխըմբռնում մը կը գտնեն։
  • Էլպի - «Կլէյտ»ի նախկին առաջնորդը։ Դիւրագրգիռ է, բայց արդար։ Փրկուած է Թովմասի կողմէն Լաբիւրինթոսին մէջ։ Ինք եւս կերպարանափոխուած է, ինչ որ ամբողջովին փոխած է պատանիին բնաւորութիւնը։
  • Ֆրայփըն - «Կլէյտ»ի խոհարարը, որ հետամուտ է «Կլէյտըր»ներուն ուտելիք ապահովելու։ Կենսուրախ է եւ հոգատար, բացի այն պարագաներէն, երբ «Կլէյտըր»ները առանց թոյլտուութեան ուտելիք կ'առնեն խոհանոցէն։ Երբեմն կատակել կը սիրէ։
  • Ուինսթըն - Մսագործներու առաջնորդը։ Բարի պատանի մը։
  • Պեն - Շինարար: Փոխուելէ եւ Թովմասը սպաննելու փորձ մը կատարելէ ետք, կը վտարուի Լաբիւրինթոս եւ կը մահանայ մէկ գիշերուան ընթացքին:
  • «Կրիվըրներ» - Վշտացնող արարածներ, որոնք կը հետապնդեն Լաբիւրինթոսին մէջ գտնուող «Կլէյտըր»ները:

Գիրքը Յօրինելու Շարժառիթը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2005-ի աշնան Տաշնըր կը գրէ «Ճիմի Ֆինջըրի սական» (The Jimmy Fincher Saga) շարքին չորս գիրքերը՝ հրատարակուած փոքրիկ գաւառային հրատարակչութեան մը կողմէ։ Հրատարակիչը խորհուրդ կու տայ այդ շարքին գիրք մը եւս աւելցնել, բայց Տաշնըր կը նախընտրէ առանձին գիրք մը գրել, որ կարենար համաշխարհային շուկային ներկայացնել։ Նոյն տարուան Նոյեմբերին ան միտք մը կը յղանայ գրելու «Պատանիներու խումբի մը մասին, որոնք կ'ապրին Լաբիւրինթոսի մը մէջ, ուրկէ ելք չկայ եւ ուր ահաւոր հրէշներ կ'ապրին մութ եւ սարսափելի պայմաններու մէջ»։ Կ'ուզէ ուսումնասիրել, թէ ինչ կը կատարուի այդ պատանիներուն միտքին մէջ։ Անոնք կ'ենթարկուին ահաւոր փորձութիւններու եւ յուսահատութեան կը մատնուին, մինչեւ որ կը սկսին օգտագործել իրենց մտային կարողութիւնները»[3]։ Տաշնըր այս գիրքը գրած է Դեկտեմբեր 2005-էն մինչեւ Մարտ 2006:

Կարծիքներ Եւ Քննադատութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ամերիկեան «Kirkus Reviews»ը նշած է․ «Իսկապէս դժուար է ձգձգել գիրքին ընթերցումը։ Անիկա ընթերցողը կը ստիպէ անհամբերութեամբ կարդալ»[4]։

Ճեսիքա Հարիսըն «Deseret Morning News» ամսագիրին մէջ կը նշէ, թէ «Լաբիւրինթոսին մէջ վազողը» գրաւիչ արկածախնդրական գիրք մըն է 13+ լսարանի համար, ուր ընթերցողներուն սիրտերը արագ կը բաբախեն»։ Ան ըսած է նաեւ, թէ «գիրքին նախաբանը քիչ մը երկար է, բայց կը նկարագրէ, թէ ինչպէս Թովմաս կ'ընդունի նոր կեանքը, եւ աստիճանաբար վէպը կը վերածուի արկածախնդրութեան մը։ Վէպին միակ թերութիւնը այն է, որ կ'օգտագործուի ժողովրդական հասարակ ոճը, զոր կ'օգտագործեն պատանիները։ Բայց ընթերցողը աստիճանաբար կը սկսի վարժուիլ այդ ոճին եւ այդքան ալ ուշադրութիւն չի դարձներ անոր»[5]։

Պաստառի Վրայ Ցուցադրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յունուար 2011-ին կը յայտարարուի, թէ «Լաբիւրինթոսին մէջ վազողը» տեսերիզը կը նկարահանուի «20th Century Fox» ընկերութեան կողմէ։ Իբրեւ ֆիլմարտադրող հանդէս կու գայ Քեթրին Հարդուիք, իսկ իբրեւ ուրուագծող՝ Նօան Օպընհէյմ[6]։ Տաշնըր Թուիթըրի իր էջին մէջ կը գրէ, թէ յոյս ունի, որ Քեթրին Հարտուիք չի մասնակցիր նախագիծին[7]։ Մինչեւ 28 Ապրիլ 2012, գիրքը պաստառի վրայ ցուցադրելու թոյլտուութիւն չի ստանար, հակառակ անոր, որ ըստ հեղինակին պաշտօնական կայքին, տեսերիզին ուրուագիծը արդէն պատրաստ էր։

Վերջապէս, 2013-ի գարնան Տաշնըր՝ Թուիթըրի իր էջին մէջ կը յայտնէ, թէ տեսերիզին նկարահանումները սկսած են Մայիս 2013-ին եւ կ'աւարտին Փետրուար 2014-ին [8]։ Գլխաւոր դերով հանդէս եկած է Տիլըն Օ'Պրայըն։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «The Kill Order»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-07-26-ին։ արտագրուած է՝ 2017-06-28 
  2. James Dashner, The Scorch Trials (The Maze Runner Trilogy #2) (անգլերէն) "For two years, the Gladers held on to the hope that solving the maze meant that they would get to go home."
  3. Dashner James (16 Յուլիս, 2008)։ «The Tale of The Maze Runner» (английский)։ The Dashner Dude։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-07-04-ին։ արտագրուած է՝ 5 Փետրուար, 2012-ին 
  4. «The Maze Runner»։ Kirkus Reviews (английский)։ 15 Սեպտեմբեր, 2009։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-07-23-ին։ արտագրուած է՝ 5 Փետրուար, 2012-ին 
  5. Harrison Jessica։ «'Maze Runner' provides a thrilling adventure» (английский)։ Deseret Morning News։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-06-20-ին։ արտագրուած է՝ 19 Դեկտեմբեր, 2009-ին 
  6. Zeitchik Steven (4 Յունուար, 2011)։ «Young-adult sensation 'The Maze Runner' gets ready to run the movie gantlet (Updated)»։ The Los Angeles Times (английский)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-08-02-ին։ արտագրուած է՝ 5 Փետրուար, 2012-ին 
  7. Dashner James (1 Ապրիլ, 2012-ին)։ «Q&A: 2012 Part 1» (английский)։ The Dashner Dude։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-07-06-ին։ արտագրուած է՝ 2 Ապրիլ, 2012-ին 
  8. Dashner James (29 Մարտ, 2013-ին)։ «Much more casting news should be coming very soon. They start filming in May. Release date of Feb 14th 2014 #dashnerchat»։ Twitter։ արտագրուած է՝ 30 Մարտ, 2013-ին 

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]