Իրապաշտ արձակը հայ գրականութեան մէջ
Իրապաշտ արձակը
1880–ական տարիներուն, անդարձօրէն փոխուած են Զարթօնքի առաջին տասնամեակներու քաղաքական տանելի պայմանները։
Օսմանեան Թուրքիոյ քայքայման ընթացքը արագացած է, կեղեքումները ծանրացած, Ռուսիոյ մէջ քաղաքական յետադիմութիւնը եւ ռուսացման ճնշումը աճած։ Ուրեմն, կը ստեղծուին նոր կացութիւն ու նոր պայմաններ։
Հակառակ ծանրացող գրաքննութեան, «իրապաշտ» կոչուած սերունդի գրագէտներէն, գոնէ փոքր թիւ մը կը պահէ հանրային–քաղաքական գործօնութիւն։ Պարոնեան, իր սերունդի ռահվիրան, քաղաքական-գաղափարական պայքարի ախոյեան կը մնայ մինչեւ մահը։ Արփիարեան կուսակցական գործունէութիւն ունի հրապարակագրական եւ գրական արտադրութեան կողքին։ Մելքոն Կիւրճեան – Հրանդ նոյնպէս կապ ունի յեղափոխական ընդյատակին հետ։ Ճիշդ է որ 1890–ական տարիներուն, աստիճանաբար ծանրացող պայմանները տեղւոյն վրայ ալ անկարելի պիտի դարձնեն այդ տեսակի որեւէ գործօնութիւն։
Բայց իրապաշտ սերունդին մէջ մեծ թիւ կը կազմեն հրապարակագրական պայքարի մարդերը. նոյնիսկ եթէ պայքարի թեմաները պետական-քաղաքականէն սահմանափակուած են հայկական մարզին՝ գրաքննական ճնշումի բերումով։ Ասիկա ունի նաեւ այլ պատճառ. փոխուած է ուժերու դասաւորումը հայութեան մէջ։ Յատկապէս արեւմտահայ ճակատի վրայ, «Ազգային Սահմանադրութեան» ղեկը գրաւուած է պահպանողական խաւի մը կողմէ. պատրիարքարանի յարակից ժողովներն ու մարմինները պարզ խօսարաններ դարձած են։ Իրապաշտները յանուն ժողովրդական զանգուածին կը դատապարտեն ձեւական ժողովրդավարութեան այս պատկերը, կը զգաստացնեն անոր անլուրջ դերակատարները։
Իրապաշտ սերունդին մօտ կը հաստատենք գրականութեան ըմբռնման արագ բիւրեղացում՝ գրական փայլուն արտադրութեան մը հետ։ Գրականութիւնը, մնալով հանդերձ յանձնառու՝ ազգային եւ ժողովրդական իտէալներու, կը զտէ ինքզինք, կը դառնայ հաւաքական կեանքին հարազատ։ Ինչպէս օրին վիպապաշտ ուղղութիւնը, իրապաշտ շարժումը եւս մեր մէջ արձագանգ մըն է դարակիսուն Եւրոպայի գրական շարժումներուն։ Բայց, դարձեալ, անիկա հեռու է նոյնանալէ արեւմտեան շարժումներուն հետ։ Ե՛ւ արեւմտահայ, ե՛ւ արեւելահայ ճակատներուն վրայ, իրապաշտ ներշնչումով գրականութիւնը ներքին հասունացման մը բնականոն մէկ փուլն է, աւելի շատ հակազդեցութիւն մըն է ընդդէմ նախորդ սերունդի վիպական խանդավառութիւններուն ու յուսախաբութիւններուն, քան՝ «դպրոցի» իրապաշտութիւն մը, քան՝ արդիւնքը արտաքին ազդեցութիւններու ընթերցումներու կամ թարգմանութիւններու ճամբով։
Աղբիւր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն, Յարութիւն Քիւրքճեան, երկրորդական բաժին Բ.-Գ. տարիներ, էջ 55: