Jump to content

Իտալիոյ Դրօշ

Իտալիոյ Դրօշ
Տեսակ ազգային դրօշ
Իրաւասութեան տարածք Իտալիա
Նշան 🇮🇹
Յարաբերութիւն 3:2
Ընդունուած է 18 Յունիս 1946
Գոյներ կանաչ, ճերմակ եւ կարմիր
Պատկերուած է դաշտ

Իտալիոյ դրօշը իրենից կը ներկայացնէ կանաչ, սպիտակ եւ կարմիր գոյներով (ձախէն աջ), հաւասարաչափ ուղղահայաց շերտեր ունեցող ուղղանկիւն պաստառ։ Լայնքի եւ երկայնքի յարաբերութիւնը հաւասար է 2։3։ Որոշ աղբիւրներու համաձայն, դրօշի սպիտակն ու կանաչը Միլանի ոստիկանութեան համազգեստի գոյներն են, որմէ ետք աւելցուեցաւ կարմիր գոյնը։

Իտալիոյ դրօշը նախագծել ած է Նափոլէոնը, որ նման էր Ֆրանսայի յեղափոխութեան դրօշին։ Հիմքը ինկած են Միլանի գերբի գոյները՝ սպիտակ եւ կարմիր, ինչպէս նաեւ կանաչ՝ տեղական ոստիկանութեան համազգեստի գոյնը։ Իբրեւ Ցիսպադանական հանրապետութեան դրօշ հաստատուած է 9 Դեկտեմբեր 1797-ին։ Յետագային նոյն գոյները օգտագործուած են նաեւ Իտալիոյ նափոլէոնեան թագաւորութեան դրօշումին մէջ։ Սակայն դրօշները երկու պարագային ալ կը տարբերուէին Ֆրանսայի դրօշէն։ Առաջին դէպքին անոնք հորիզոնական շերտեր էին, իսկ երկրորդը՝ կարմիր պաստառ էր սպիտակ շեղանկիւնով՝ վրան կանաչ ուղղանկիւն (ուղղանկեան վրայ ոսկեգոյն նափոլէոնեան արծիւ)։

1830-էն ետք դրօշը ֆրանսական «եռագոյնի» նման է, բայց կանաչ շերտը փոխարինուեցաւ յեղափոխական շարժման կապոյտով, որոնք կը պայքարէին յանուն միասնական Իտալիոյ ազատութեան։ Այս դրօշով ալ տեղի ունեցաւ Իտալիոյ միաւորումը Սարտինական թագաւորութեան միապետի գլխաւորութեամբ․ թագաւորը հաստատեց այն իբրեւ պետական դրօշ 1848-ին։ Սպիտակ շերտագիծի վրայ զետեղուեցաւ Սավոյական դինաստիայի գերբը։ Միաւորուած Իտալական թագաւորութեան մէջ (18611946) կ՚օգտագործուէր Սարդինեան թագաւորութեան 1848-ի նախկին դրօշը։ 1946-ին դրօշէն հեռացուեցաւՍավայական գերբը։

2 Յուլիս 2005-ին Իտալիոյ խորհրդարանը օրէնք ընդունեցաւ՝ համաձայն որու Իտալիոյ մէջ ազգային դրօշի անարգման համար կը տուգանուեէին 1000-էն մինչեւ 1500 եւրոյով։

2003-ին կառավարութիւնը որոշեց իտալական դրօշի ճշգրիտ գոյները, սակայն ընտրուած երանգները բուռն քննարկումներ արժանացան եւ յետագային փոխուեցան։ Վերջնական տեսքը հաստատուեցաւ 2006-ին[1]։

Գունային պատկեր Կանաչ Սպիտակ Կարմիր
Pantone Fern Green Bright White Flame Scarlet
CMYK 100-0-100-45 0-0-0-0 0-100-100-0
RGB 0-146-70 241-242-241 206-43-55
HTML #009246 #F1F2F1 #CE2B37

Դրօշի կողմերիու յհարաբերութիւնը 2։3 է, շերտերը հաւասար լայնութեան են։

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Disposizioni generali in materia di cerimoniale e di precedenza tra le cariche pubbliche»