Ինքնիշխան պետութիւն

Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան անդամ երկիրներ, որոնք բոլորն ալ ինքնիշխան պետութիւններ են, թեեւ պարտադիր չէ, որ բոլոր ինքնիշխան պետութիւնները անդամակցած ըլլան:

Ինքնիշխան պետութիւն, պետութիււն, որ ունի յստակ սահմանուած տարածք, որու վրայ գոյութիւն ունի ներքին եւ արտաքին ինքնիշխանութիւն, ունի մշտական բնակչութիւն, կառավարութիւն, կախեալ չէ այլ երկրներէ, ընդունակ է եւ լիազորուած մտնել միջազգային հարաբերութիւններու մէջ միւս ինքնիշխան պետութիւններու հետ[1][2]: Ինքնիշխան պետութեան կառավարութիւնը ունի սեփականութեան իրաւունք պետութեան ամբողջ ունեցուածքներուն վրայ[3]:

Երբեմն, ինքնիշխանութիւնը կ'ընկալուի որպէս պետութիւն մը, որ կախեալ չէ որեւէ այլ պետութիւններէ կամ միաւորուած պետութիւններէ, թեեւ վերացական առումով ինքնիշխան պետութիւն մը գրնայ գոյութիւն ունենալ առանց այլ ինքնիշխան պետութիւններու կողմէ ճանչցուելու: Աշխարհի վրայ կան չճանչցուած պետութիւններ, որոնք յաճախ դժուարութիւններ կ'ունենան իրականացնելու լիազորութիւններու ամբողջ շրջանակը պայմանագիրներու կնքնման, ինչպէս նաեւ այլ ինքնիշխան պետութիւններու հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման գործին մէջ:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Perspectives On International Law, Kluwer Law International, 1995.
  2. sovereign [1][permanent dead link] (4th ed.), Houghton Mifflin Company, 2004. Проверено 21 февраля 2010.
  3. sovereign (2nd ed.), Oxford: Oxford University Press, ISBN 0-19-517077-6