Jump to content

Ինտիա Բէյլ Էյլ (IPA)

IPA (Այ-Փի-Էյ) գարեջուրի տեսակ մըն է, որ կը բնորոշուի գայլուկի (hop) առատութեամբ եւ կը պատկանի «փէյլ էյլ» (pale ale) ընդհանուր դասակարգին։

IPA-ն յառաջացած է Միացեալ Թագաւորութեան մէջ՝ Հնդկաստան արտածուելու համար, որ մինչեւ 1858 թուականը կը գտնուէր Բրիտանական Արեւելահնդկական ընկերութեան (British East India Company) տիրապետութեան տակ։ Գարեջուրին մէջ գայլուկի բարձր պարունակութիւնը՝ (18-21 °C)[1] կը ծառայէր որպէս բնական պահածոյիչ՝ կանխելով անոր փճացումը ծովային երկարատեւ ճամբորդութեան ընթացքին[2]։

IPA-ի ժողովրդականութիւնը նուազեցաւ 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու կիսուն։ Սակայն 1970-ական թուականներէն ի վեր անիկա վերստին մեծ տարածում գտաւ՝ սերտօրէն առնչուելով տնային գարեջրագործութեան եւ արհեստագործական գարեջուրի մշակոյթին հետ։[3]

18-րդ դարու սկզբնական շրջանի «փէյլ էյլ» (pale ale) տեսակները թեթեւօրէն գայլուկուած (hopped) էին եւ բաւական տարբեր՝ արդի տեսակներէն։ 18-րդ դարու կիսուն, այս գարեջուրը յաճախ կը պատրաստուէր քոքսով (coke) բովուած ածիկով (malt), ինչ որ ածիի (barley) մշակման ընթացքին նուազ ծուխ ու այրուածութիւն կը յառաջացնէր, եւ հետեւաբար՝ աւելի բաց գոյնի գարեջուր կը ստացուէր։ Տեսակներէն մէկն էր «Old ale»-ը՝ բաց գոյնի եւ առատ գայլուկով եփ մը, որ տարածուած էր կալուածատէր ազնուականութեան մօտ, որոնք զայն տնային պայմաններու մէջ կը պատրաստէին. եփուելէ ետք անիկա պէտք է երկու տարի մառանի մէջ հնանար։

Հնդկաստան գարեջուր արտածող առաջին ծանօթ գարեջրագործներէն էր Ճորճ Հոճսընի «Bow Brewery»-ն, որ կը գտնուէր Միտըլսեքս-Էսեքս սահմանագծին վրայ։ 18-րդ դարու վերջաւորութեան անոր գարեջուրները տարածուեցան «Արեւելահնդկական ընկերութեան» առեւտրականներու պաշարներուն մէջ, քանի որ գործարանը կը գտնուէր Արեւելահնդկական նաւամատոյցներէն հազիւ երկու մղոն հեռաւորութեան վրայ, ինչպէս նաեւ՝ Հոճսընի ընձեռած 18-ամսեայ վարկային դիւրութիւններուն շնորհիւ։ Նաւերը այս գարեջուրը կը փոխադրէին Հնդկաստան. անոնց կարգին էր նաեւ իր «old ale»-ը, որ բացառիկ կերպով կ’օգտուէր ճամբորդութեան պայմաններէն եւ բարձր կը գնահատուէր Հնդկաստանի սպառողներուն կողմէ։ Յաջորդ դարու սկզբնաւորութեան գործարանը անցաւ Հոճսընի որդիին տնօրինութեան տակ։

Պերթընի (Burton) գարեջրագործները կորսնցուցին Մայրցամաքային Եւրոպայի (ներառեալ՝ Սկանտինաւիոյ եւ Ռուսաստանի) արտածման շուկան, երբ Նափոլէոնեան շրջափակումը պարտադրուեցաւ, եւ անոնք սկսան նոր շուկայ փնտռել իրենց գարեջուրին համար։

«Արեւելահնդկական ընկերութեան» թելադրանքով, «Allsopp» գործարանի գլխաւոր ածիկագործ Ճոպ Կուտհետը մշակեց Հոճսընի ոճով առատ գայլուկուած «փէյլ էյլ» մը՝ Հնդկաստան արտածելու համար։ Պերթընի այլ գարեջրագործներ, ինչպէս՝ «Bass»-ը եւ «Salt and Co»-ն, հետեւեցան անոր օրինակին՝ օգտագործելով Պերթընի ջուրը նմանօրինակ գարեջուրներ պատրաստելու համար։

Լոնտոնի Իսթ Էնտի (East End) գարեջրագործ «Charrington»-ի կողմէ 1827-ին դէպի Մատրաս եւ Կալկաթա կատարուած «India Ale»-ի փորձնական առաքումները յաջողութեամբ պսակուեցան, եւ կանոնաւոր առեւտուր սկսաւ բրիտանական գլխաւոր գործակալներու ու վաճառականներու հետ։

Վաղ շրջանի IPA-ները ալքոլի պարունակութեամբ հազիւ թէ կը տարբերէին այդ ժամանակուան միւս գարեջուրներէն, սակայն քաղցուի (wort) մեծ մասը կը խմորուէր, ինչ որ կը նշանակէր շաքարի քիչ մնացորդ եւ առատ գայլուկ։ Թէեւ IPA-ները ստեղծուած էին ծովային երկար ճամբորդութիւններուն աւելի լաւ դիմանալու համար, քան այդ ժամանակուան միւս տեսակները, սակայն «փորթըր» (porter) տեսակը նոյնպէս յաջողութեամբ կ’արտածուէր Հնդկաստան եւ Քալիֆորնիա։

Մինչեւ 1860-ական թուականները, IPA-ները արդէն լայնօրէն կը պատրաստուէին Անգլիոյ մէջ. անոնք շատ աւելի թեթեւ (attenuated) էին եւ աւելի շատ գայլուկ կը պարունակէին, քան «փորթըր»-ներն ու սովորական «էյլ»-ները։

Արտածման համար նախատեսուած այս տեսակին նկատմամբ պահանջարկը, որ արդէն ծանօթ դարձած էր որպէս «India pale ale», Անգլիոյ մէջ զարգացաւ 1840-ի շուրջ եւ դարձաւ շատ տարածուած արտադրութիւն։ 19-րդ դարու վերջաւորութեան որոշ գարեջրագործներ զեղչեցին «India» բառը, սակայն արձանագրութիւնները ցոյց կու տան, որ այդ «pale ale»-ները կը պահպանէին նախկին IPA-ներու յատկանիշները։ Ամերիկեան, աւստրալիական եւ քանատական գարեջրագործները նոյնպէս կ’արտադրէին IPA պիտակով գարեջուրեր մինչեւ 1900 թուականը։

Այդ շրջանին IPA ոճի գարեջուրերը սկսան արտածուիլ նաեւ այլ գաղութային երկիրներ, ինչպէս՝ Աւստրալիա եւ Նոր Զելանտա, ուր շատ մը գործարաններ պարզապէս զանոնք կը կոչէին «Pale Ale» կամ «Export Pale»։ «Kirkstall Brewery»-ն եւ բազմաթիւ այլ մրցակիցներ շոգենաւերով մեծաքանակ գարեջուր կ’ուղարկէին աշխարհով մէկ՝ զանոնք տեղ հասնելուն պէս մեծավաճառներուն աճուրդով վաճառելու համար։[5]

Այսօր կը բաժնենք "Այ Բի Էյ" քարեջուրները 3 ընտանիքի որոնք կը տարբերին հոտով, տեսոքով ու համով.՝

  • Անգլիական Այ Բի Էյ (English IPA)
  • Ամերիկեան Այ Բի Էյ (American IPA)
  • Կայսերական Այ Բի Էյ (Imperial IPA)[3]

Ծանօթագրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. https://fr.wikipedia.org/wiki/Fermentation_de_la_bi%C3%A8re#Fermentation_hauteոր
  2. (անգլերեն) India pale ale, 2026-03-09, https://en.wikipedia.org/w/index.php?title=India_pale_ale&oldid=1342606292, վերցված է 2026-03-31
  3. 1 2 http://www.happybeertime.com/blog/2014/07/30/hip-hip-ipa/
  4. (անգլերեն) India pale ale, 2026-03-09, https://en.wikipedia.org/w/index.php?title=India_pale_ale&oldid=1342606292, վերցված է 2026-03-31
  5. https://www.theguardian.com/lifeandstyle/2015/jan/30/brief-history-of-ipa-india-pale-ale-empire-drinks