Ժորժ Մարտիրոսեան

Ժորժ Մարտիրոսեան
Ծննդավայր Թաւրիզ, Պարսկաստան
Քաղաքացիութիւն Պարսկահայ
Ազգութիւն հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ
Մասնագիտութիւն Ուսուցիչ
Աշխատավայր

խմբագրած է
«Ալիք Պատանեկան»

երկշաբաթաթերթը։

Ժորժ Մարտիրոսեան, ծնած է Թաւրիզ, Պարսկաստան։ Դեռ երկու տարեկան չեղած կը կորսնցնէ իր հայրը եւ կը մեծնայ մօր խնամքին տակ։ Տարրական կրթութիւնը կը ստանայ Թաւրիզի Հայկազեան-Թամարեան դպրոցին մէջ։ Ապա հայկական վարժարաններու փակման հետեւանքով իր ուսումը կը շարունակէ ամերիկեան եւ պարսկական դպրոցներու մէջ։ Կը յառաջդիմէ ինքնաշխատութեամբ։

24 տարի կը պաշտօնավարէ հայկական ազգ․ վարժարաններու մէջ, որպէս հայերէն լեզուի եւ յարակից դասերու ուսուցիչ։

22 տարիէ ի վեր կ'աշխատի «ալիք» օրաթերթի խմբագրութեան մէջ, իբրեւ լեզուական խմբագիր։ Եօթը տարի խմբագրած է «Ալիք Պատանեկան» երկշաբաթաթերթը։

իր գործերն են․

«Խինդ» եւ «Արցունք», կարճ պատմուածքներ (1965), «Կեանքի Ոլորտներում», երգիծա-քննադատական յօդուածներ եւ բանաստեղծութիւններ(1977), «Զանգիւլիւմի Երգեր», «ալիք»ի մէջ հրատարակուած աշխատասիրութիւն[1]։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Սփիւռքահայ արդի գրականութիւն (խմբ. խմբագրող և համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն էջ 104։