Ժիրայր Քէչէճեան
Ժիրայր Քէչէճեան | |
---|---|
Ծննդավայր | Հալէպ, Սուրիա |
Կարողութիւն | «JIRO DANCE GROUP» (ԺԻՐԱՅՐ ՊԱՐԱԽՈՒՄԲ)-ի հիմնադիր |
Մասնագիտութիւն | պարուսոյց |
Գործունէութիւն | պարի դասատու |
Աշխատավայր | Ազգային «Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան» Երկրորդական վարժարան եւ «Աֆհիլ» հաստատութեան մէջ պարի դասատու |
Վարած պաշտօններ | պարի դասատու |
Ամուսին | Սիլվա Քէչէճեան |
Երեխաներ | Նարինէ եւ Խաչիկ |
Ժիրայր Քէչէճեանը պարուսոյց եւ «JIRO DANCE GROUP» (ԺԻՐԱՅՐ ՊԱՐԱԽՈՒՄԲ)-ի հիմնադիրն է: Ազգային «Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան» Երկրորդական վարժարանէն ներս պարի դասեր կու տայ առաջին կարգէն մինչեւ աւարտական դասարանները, ինչպէս նաեւ «Աֆհիլ» հաստատութեանը մէջ կը դասաւանդէ Ballet-ի դասեր:
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ժիրայր Քէչէճեան ծնած է Հալէպ, Սուրիա: Արմատներով՝ Այնթապէն է:Մայրը՝ Ազատուհի Գուրումլեան, Դամասկոսցի, հայրը՝ Խաչիկ Քէչէճեան,Հալէպցի, երկուքն ալ արուեստագէտներ: Մայրը եղած է փրոֆէսիոնալ մանտոլին նուագող, իսկ հայրը երգիչ եւ ուտ նուագող: Ունի երեք քոյր բժշկուհիներ՝ Երանուհի, Մելինէ եւ Անահիտ, ինչպէս նաեւ եղբայր մը՝ Կարպիս: Քոյրը՝ Երանուհին եղած է հօրը ձայնին ժառանգորդը՝ ըլլալով հանրածանօթ երգչուհի մը, ինչպէս նաեւ Մելինէն[1]:
Նախակրթարանի ուսումս ստացած եմ Հալէպի Կիլիկեան վարժարանը մինչեւ 10-րդ դասարան, իսկ անկէ ետք յաճախած եմ արաբական դպրոց մը: Հօր եւ եղբօր հետ միասին աշխատած են ոսկերիչ:
Պարուսոյցի ասպարէզը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Իբրեւ ասպարէզ, պարուսոյց կը դառնայ երբ 9-րդ դասարան էր: Միեւնոյն ատեն, որպէս պարուսոյց, 12 երկար տարիներ դասաւանդեր է Հալէպի Կիլիկեան վարժարանէն ներս, ինչպէս նաեւ՝ Մխիթարեանի ամավերջի հանդէսներուն, երբ հանդէս կու գար նաեւ իր կնոջ՝ երգչուհի Սիլվա Քէչէճեանը, որ եղած է իր աշակերտուհին: Զինուորական ծառայութեան ընթացքին Ժիրայր Քէչէճեան կ՛ուղղուէր դէպի Հալէպ, պատրաստելու համար հանդէսներ:
Ժիրայր Քէչէճեանի պարուսոյցը եղած է Աբրահամ Կոստանեանը: 1983-էն մինչեւ 1995, Ժիրայր Քէչէճեան եւ տիկնը Սիլվա Քէչէճեանը պարած են «Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան» Ազատ Ղարիպեան պարախումբին մէջ որպէս մենապարողներ: Ճամբորդած են տարբեր եւրոպական երկիրներ՝ հասնելով մինչեւ Հայաստանի բոլոր քաղաքները, ունենալով յաղթական ու պանծալի ելոյթներ, մաս կազմելով Ազատ Ղարիպեանի «ԿՌՈՒՆԿ» պարախումբին մէջ: Ինչպէս նաեւ Հայաստանի պարարուեստի ուսումնարանին մէջ պատրասրտած են իրենց ծրագիրը:
«JIRO DANCE GROUP» (ԺԻՐԱՅՐ ՊԱՐԱԽՈՒՄԲ)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նոր Սերունդի պարախումբը երբ կը դադրի գործունէութիւնը, Ժիրայր Քէչէճեան անձնական պարի կեդրոններու մէջ կը սկսի դասաւանդել: Երկու տարիներու ընթացքին, իր ղեկավարութեամբ կը պատրաստէ երգի ու պարի փառատօներ՝ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան նախաձեռնութեամբ: Իրականացնելու համար իր փափաքը, կը հիմնէ անձնական պարախումբը՝ «JIRO DANCE GROUP» (ԺԻՐԱՅՐ ՊԱՐԱԽՈՒՄԲ) անունով, որ Սուրիոյ մէջ առաջին անձնական պարախումբն էր[2]:
1996-ին, պարախումբը կոչուեցաւ իր անունով՝ ԺԻՐԱՅՐ ՊԱՐԱԽՈՒՄԲ (JIRO DANCE GROUP)[2]: Առաջին ելոյթը տեղի կ'ունենայ Կրթասիրաց վարժարանի սրահին մէջ, Հալէպ, որմէ ետք, Արաբական կառավարական թատրոններու մէջ կը ստանձնէ պարուսոյցի պաշտօնը, ինչպէս նաեւ՝ որպէս դերասան, երկար տարիներ:
Արուեստի ճանապարհը Այնճարի մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն, կը հաստատուի Այնճար, Լիբանան: Պարի դասեր կու տայ Ազգային «Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան» Երկրորդական վարժարանի առաջին կարգէն մինչեւ աւարտական դասարանները: Իսկ «Աֆհիլ» հաստատութեանը մէջ նաեւ կը դասաւանդէ Ballet-ի դասեր, 4 տարեկանէն մինչեւ 20 տարեկան պատանիներու[2]:
2016 տարին չբոլորած, Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան քոլեճի աշակերտութիւնը գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկաւ Այնճարի «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ` Կաղանդի ու Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ անուանակոչութեան զոյգ տօներուն առթիւ: Ա.-Բ. դասարաններու պարախումբը (պարուսոյց Ժիրայր Քէչէճեան) հանդէս եկաւ «Թամուր աղա» պարով, Գ.-Դ. պարախումբը` հայկական ժողովրդական պարով, իսկ Ե.-Զ.` արաբական «Տալունա» պարով[3]:
Պարգեւներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ժիրայր Քէչէճեան ելոյթ ունեցած է Նախագահ Պաշշար Ալ Ասատի զանազան հրաւէրներով եւհասարակական զանազան փառատօներուն: Պատերազմի տարիներուն, պարախումբերով ելոյթ ունեցած են այնպիսի պարեր, որոնք արդէն իսկ կը ցուցադրուէին եւ կը շարունակուին ցուցադրուիլ Սուրիական պատկերասփիւռէն: 2017-ին, ան կը պարգեւատրուի Առաջին կարգի մեծ վկայագիրով մը Դամասկոսի OPERA-ի դահլիճին մէջ[2]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Ռատիո ԱՅԳի հարցազրոյցը հանրածանօթ արուեստագէտ պարուսոյց Ժիրօ Քէչէճեանի հետ[permanent dead link]
- ↑ 2,0 2,1 2,2 2,3 «հարցազրոյց հանրածանօթ արուեստագէտ պարուսոյց Ժիրօ Քէչէճեանի հետ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-09-28-ին։ արտագրուած է՝ 2020-10-28
- ↑ Ազգային «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» Քոլեճ. Աշակերտական Գեղարուեստական Յայտագիր` Կաղանդի Ու Ս. Պօղոս Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօներուն Առթիւ
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Յօդուածներ որոնց մէջ փճացած յղումներ կան from October 2023
- Pages with citations having redundant parameters
- Անձինք այբբենական կարգով
- «JIRO DANCE GROUP» (ԺԻՐԱՅՐ ՊԱՐԱԽՈՒՄԲ)-ի հիմնադիր
- Պարուսոյց
- Այնճարի Ազգային «Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան» Երկրորդական վարժարանի պարի դասատու
- Պէյրութի «Աֆհիլ» հաստատութեան մէջ պարի դասատու