Jump to content

Ժանն տ'Արք

Ժանն տ'Արք
Ծնած է 6 Յունուար 1412
Ծննդավայր Դորեմի լա Պյուսել, Բարսի դքսություն, Ֆրանսայի Թագաւորութիւն[1]
Մահացած է 30 Մայիս 1431
Մահուան վայր Ռուան, Նորմանդիա, Անգլիայի և Ֆրանսիայի դուալիստական միապետություն[2]
Քաղաքացիութիւն Ֆրանսա
Մայրենի լեզու միջին ֆրանսերեն?
Կրօնք Հռոմի Կաթոլիկ եկեղեցի
Մասնագիտութիւն զինուորական ծառայող
Ծնողներ Ժաք տ'Արք, Իզապէլ Ռոմէ
Ստորագրութիւն

Ժանն տ'Արք (ֆրանսերէն՝ Jeanne d'Arc, 6 Յունուար 1412[4][5], Դորեմի լա Պյուսել, Բարսի դքսություն, Ֆրանսայի Թագաւորութիւն[1] - 30 Մայիս 1431[2][3], Ռուան, Նորմանդիա, Անգլիայի և Ֆրանսիայի դուալիստական միապետություն[2]), Ֆրանսայի ազգային հերոսուհի, կաթողիկէ եկեղեցւոյ սուրբ, յայտնի նաեւ որպէս Օրլեանի կոյս։ Գլխաւորած է ֆրանսական ժողովուրդի ազատագրական պայքարը անգլիացիներու դէմ Հարիւրամեայ պատերազմի (1337—1453 թուականներ) ժամանակ։

Ծնած է հաւանաբար 6 Յունուար 1412-ին՝ Ֆրանսայի հիւսիս-արեւելքը գտնուող Տոմրեմի գիւղին մէջ՝ ունեւոր գիւղացիներու ընտանիքին մէջ։ Օժտուած էր սուր մտքով, ողջախոհութեամբ եւ, միաժամանակ, ոգեւորելու ընդունակութեամբ, սակայն կրթութիւն չէ ստացած։ Մանկութենէն ականատես եղած է Հարիւրամեայ պատերազմի ռազմական գործողութիւններու, քանի որ անգլիական եւ պուրկունտական զօրքերը յաճախ կ'ասպատակէին Տոմրեմիի շուրջ ինկած տարածքները։ 13 տարեկանէն Ժաննը լսած է «ձայներ» եւ տեսիլքներ ունեցած է, որոնց մէջ իրեն կը յայտնուէին սուրբեր եւ հրեշտակներ։ Մոլեռանդ կրօնապաշտ Ժանն տ’Արքը հաւատացած է, որ իրեն նախասահմանուած ազատագրած է Ֆրանսան։ 1428-ին անգլո-պուրկունտական միացեալ զօրքը պաշարեց Օրլեան քաղաքը։ Ֆրանսայի գահի թագաժառանգ Շառլը փակուած էր Շինոնի ամրոցին մէջ եւ գրեթէ ոչինչ կը ձեռնարկէր իր թագաւորական լիազօրութիւններու հաստատման համար։ Նոյն ժամանակամիջոցին Ժաննը կը սկսի հաւատալ, որ իրեն երեւացող տեսիլքները կը հրամայեն իրեն երթալ Օրլեան եւ թոթափել պաշարումը։ Ժաննը կը դիմէ տեղական թագաւորական զօրքերու հրամանատար Ռոպեր տը Պոտրիկուրին՝ համոզելով իրեն տրամադրել պահակազօրք, որ կ'ուղեկցի իրեն թագաժառանգի մօտ։ 6 Մարտ 1429-ին կը կայանայ Ժաննի եւ թագաժառանգի հանդիպումը։ Սկիզբը Ժաննին կասկածով կ'ընդունին, սակայն քիչ ժամանակ ետք Շառլը կը հաւատայ, որ ան ուղարկուած է Աստուծոյ կողմէ։ 1429 Ապրիլին թագաժառանգի կողմէ տրամադրուած զօրքով Ժաննը կը շարժի Օրլեան եւ յամառ մարտերու արդիւնքով 8 Մայիս 1429-ին կը քակէ պաշարման օղակը: Իր ղեկավարութեամբ ֆրանսական զօրքերը կը հասնին շարք մը յաղթանակներու՝ Յունիսի վերջը շարժելով դէպի հիւսիս։ Ժաննի եւ զօրքերու ուղեկցութեամբ Շառլը կը մտնէ Ռէյմս քաղաք, որուն տաճարին մէջ 17 Յուլիս 1429-ին կը կայանայ Շառլի թագադրութեան արարողութիւնը։ Ան գահ կը բարձրանայ Շառլ Է. անունով։

Ժողովրդավարական պատերազմի ծաւալը եւ Ժանն տ’Արքի լայն ժողովրդականութիւնը վախցուցած են թագաւորը եւ ազնուականութիւնը։ Ժաննը կը շարունակէ ղեկավարել անգլիացիներու դէմ ռազմական գործողութիւնները մինչեւ 23 Մայիս 1430, երբ անգլիացիներու դաշնակից պուրկունտացիները անոր գերի կը վերցնեն եւ կը փոխանցեն անգլիացիներուն 10 հազար լիւր գումարի դիմաց։ Անգլիացիները կը մեղադրեն անոր վհուկութեան եւ հերետիկոսութեան մէջ։ Ռուան քաղաքի եկեղեցականներէն կազմուած ատեանը կանխատեսելի դատավճիռ կ'ընդունի։ Ժանն տ'Արքը մեղաւոր կը ճանչցուի՝ սկիզբը դատապարտուելով ցկեանս բանտարկութեան, այնուհետեւ՝ մահապատիժի։ 30 Մայիս 1431-ին զայն կ'այրեն Ռուանի Հին շուկայի հրապարակին վրայ։ Կ'այրեն անոր ողջ մարմինը, սակայն չ'այրիր անոր սիրտը։

Զարգացումներ Ժանն տ'Արքի Մահէն Ետք

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շառլ Է.ն սակայն կը կարողանայ զարգացնել Ժանն տ'Արքի յաջողութիւնները։ 1435-ին նա անջատ հաշտութիւն կը կնքէ պուրկունտացիներու հետ, կ'իրականացնէ բանակի եւ պետական եկամուտի վերակազմակերպում, որմէ ետք կը վերսկսի Անգլիոյ դէմ պատերազմը, որուն արդիւնքով արդէն 1453-ին անգլիացիները կը զրկուին Ֆրանսայի տարածքին իրենց բոլոր տիրոյթներէն, բացի Կալէ նաւահանգիստէն։ Ատկէ ետք Շառլը կը նախաձեռնէ Ժանն տ'Արքի վարկի եւ հեղինակութեան վերականգնման ուղղուած միջոցառումներ։ 1455-ին Ռուանի մէջ կը գումարուի նոր եկեղեցական ատեան, որ կը բեկանէ դատավճիռը՝ մաքրելով Օրլեանի կոյսին բոլոր մեղադրանքներէն։ Ֆրանսայի մէջ Ժանն տ'Արքի պաշտամունքի սկիզբ կը դրուի։ 1909-ին Կոյսը եկեղեցւոյ կողմէ կը ճանչցուի երանելի, իսկ 16 Մայիս 1920-ին՝ կը դասուի սուրբերու շարքին։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]