Jump to content

Թռչուններու Քարայրը

Թռչուններու Քարայրը, փոքր քարայրներու համալիր, Նորավանքի կիրճի մուտքին։[1]

Թռչուններու Քարայրը կը գտնուի M2 մայրուղիի` Նորավանքի կիրճի մուտքին, գետափնեայ ճաշարաններու ետին գտնուող ժայռի մէջ (դէպի կիրճ թեքուող աջ կողմը)։ Քարայրը նեղ անցուղիներով իրարու միացած քարայրներու շղթայ մըն է։ Ժայռի վերի պատերուն վրայ ունի քանի մը փոքր խորշեր։

Նորավանքի թռչուններու քարայրը, շնորհիւ իր ինքնատիպ ու կայուն կլիմային, յարմար նկատուած է սննդամթերքի արտադրութեան եւ պահեստաւորումի համար[2]։

Պեղումներու ընթացքին Քարայրէն ի յայտ եկաւ էնէոլիթեան դարաշրջանի գինեգործութեան վկայութիւններ, որոնք եթէ հաստատուին, քարայրը կը դառնայ աշխարհին յայտնի գինիի խմորումի ամենավաղ շրջանի վայրերէն մէկը (Ք․ա. 4200–3800 թուական)։[1]

Թռչուններու քարայրին հիմնական վտանգը մարդոց անուշադիր գործունէութիւնն է։ Այցելուները մեծ վնաս հասցուցած են քարայրի ներսի պատերը նկարելով, կոտրելով կամ իրենց հետ տանելով քարէ աշխատանքներէն հատուածներ։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 «Նորավանքի մօտ գտնուած Թռչուններու Քարայրը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-07-26-ին։ արտագրուած է՝ 2019-07-26 
  2. «Թռչուններու քարայրի ինքնատիպ կլիման»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-07-26-ին։ արտագրուած է՝ 2019-07-26