Jump to content

Թուփաք Շաքուր

Թուփաք Շաքուր
Tupac Shakur

Թուփաք Ամարու Շաքուր (անգլերէն՝ Tupac Amaru Shakur, ծնած է Լիսէյն Բէրիշ Գրուգս (անգլերէն՝ Lesane Parish Crooks) 16 Յունիս, 1971 - 13 Սեպտեմբեր, 1996), յայտնի է նաեւ 2Pac, Pac, Makaveli բեմական կեղծանուններով, ամերիկացի րէփր, երգերու հեղինակ եւ դերասան։

Մանկութիւն (1971-1990)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թուփաք Ամարու Շաքուրը ծնած է 16 Յունիս 1971-ին Արեւելեան Հարլէմ, Մանհաթան շրջանին մէջ, Նիւ Եորք: Անունին ծագումը Túpac Amaru II էն կու գայ, Բերուցի յեղափոխական մը, որ իր ցեղը ապստամբեց Սպանիոյ դէմ ու մահուան ենթարկուեցաւ: Մայրը՝ Աֆենի Շաքուր (Panther 21-երէն մէկը), եւ հայրը՝ Պիլի Կարլանտ, Black Panther Party-ի գործօն անդամներ էին Նիւ Եորք-ի մէջ 1960-ական թուականներէն մինչեւ 1970-ի սկիզբը: Թուփաքը ծնած է մօրը հատուցումէն մէկ ամիս վերջ: Ան ամբաստանուած էր աւելի քան 150 հարցի մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն դէմ: Պզտիկ տարիքէն արդէն, պայքարն ու բանտարկութինը Թուփաքին կեանքին մաս կը կազմէր: Իր կնքահայրը՝ Էլմեր «Ժերոնիմօ» Բրադ, Black Panthers-ներէն կարեւոր անդամ մը, ուսուցիչի մը սպանութեան մէջ յանցաւոր նկատուեցաւ, բայց պատիժը ջնջուեցաւ: Խորթ հայրը՝ Մուդուլու Շաքուրը, չորս տարի FBI-ի տասը ամէնէն փնտռուած փախստական անձերու ցանկին վրայ էր 1982-էն սկսեալ: 1986-ին, Մուդուլուն կը բանտարկուի 1981-ի «Պրինք՛ս»-ի բեռնակառքի գողութեան համար, որ կատարեցին Black Liberation Army-ն ու May 19th Communist Organization-ը: Թուփաքը ունէր խորթ քոյր մը՝ Սեքիուա եւ խորթ եղբայր մը՝ Մոփրեմ «Գոմանի» Շաքուր, որ իր քանի մը ձայնագրումներուն մասնակցած է: Ան ուսանած է թատրոն, բանաստեղծութիւն, ճազ եւ դասական պար: Տանա «Մաուս» Սմիսին հետ՝ beatbox ընող ընկերներէն մէկը, Շաքուրը կը շահի ռափի մրցումներու մեծամասնութիւնը: Նորոյթի հետեւող հագուստ չ'ուներ, սակայն Թուփաքը յայտնի անձ մըն էր դպրոցին մէջ իր նուրբ երգիծանքին, պատուական ռափի կարողութիւններուն ու որեւէ անձի հետ կապուելու դիւրութեան համար: Ան Ժատա Բինքեդին հետ կը մտերմանայ ու կապերնին կը պահեն մինչեւ մահ:

Ասպարէզի սկիզբ (1991-1993)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թուփաքին ասպարէզը սկսաւ 1990-ի սկիզբը, երբ Digital Underground խումբին Same Song երգէն տուն մը գրեց: Ան կը շարունակէ մասնակցիլ ու երեւիլ այդ խումբին յաջորդ ալպոմներուն մէջ։ 12 նոյեմբեր 1991-ին, 2Pacalypse Now անունով առաջին անձնական ալպոմը մէջտեղ կը բերէ, որ ոսկի սալիկ կը համարուի 19 Ապրիլ 1995-ին Recording Industry Association of America (RIAA)-ին կողմէ: Իր տարած աշխատանքը մարդկային հարցերը մէջտեղ բերելու համար ու քաղաքական դիրքին շնորհիւ, ալպոմը բաւական յաջողութիւն գտաւ: Սակայն, չոր ու հասարակ բառերուն պատճառով, քննադատութիւններ կը ստանայ Ամերիկայի փոխ նախագահ Տան Քեյլին ու ծնողական խումբերու կողմէ: Երկրորդ ալպոմը՝ Strictly 4 My N.I.G.G.A.Z, հրապարակուեցաւ 16 Փետրուար 1993-ին եւ լսնոսկի սալիկ համարուեցաւ RIAA-ի կողմէ: Շաքուրի հանրածանօթութիւնը բաւական կ'աճի Էրնեսդ Ռ. Տիքերսոնի Juice ֆիլմին մէջ դեր մը ունէնալէն վերջ 1992-ին: Այս դերը նաեւ իրեն ուրիշ դերերու դռները կը բանայ:

Դատական խնդիրներ (1991-1994)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հակառակ անոր որ Շաքուրը ճանչցուած էր երարժշտական ու ֆիլմարուեստական առումով, ան նաեւ արդարադատութեան հետ խնդիրներ ունեցող անձ մը եղած է: Հոկտեմբեր 1991-ին՝ Օքլանտի ոստիկանութէնէն տասը միլիոն ԱՄՆ տոլար հատուցում պահանջեց, աղաղակելով թէ զինք վայրագաբար ծեծեցին քանի անուշադրօրէն փողոցը կ'անցնէր: 1992-ին, 2Pacalypse Now (ալպոմ ուր ոստիկաններու սպանութեան մասին երգեր կան, մանաւանդ Violent երգը) մտիկ ընող պատանի մը Դեքսասի ոստիկան մեռցուց: Լուրը երկրին մէջ տարածուեցաւ ու կարեւորութիւն առաւ: Ամերիկայի փոխ նախագահ՝ Տան Քեյլը պահանջեց որ ալպոմը շուկայէն քաշուի, նաեւ լրատուական միջոցներէն, որ սփռումը դադրի: Թուփաքը պատասխանեց թէ իր առաջին ալպոմը կը ցուցադրէ Ամերիկա ապրող Ափրիկեցիներուն ամէնօրեայ հարցերը, բայց ան քննադատուեցաւ խօսած ձեւին եւ իր բռնութեան նկարին համար օրէնքներուն հանդէպ: Քեյլը բացայայտ յայտարարեց թէ այս ալպոմը «տեղ չ'ունի մեր համայնքին մէջ»: 22 Օգոստոս 1992-ին, Մարին Սիդիի մէջ Շաքուրը կ'երգէր փառատօնի մը առիթով ու մնաց ինքնագիր ստորագրելու համար: Ընդհանուր մթնոլորտն ու տրամադրութիւնը վատացան երբ Թուփաքին խօսք զարնող անյեր մէջտեղ ելան: Թուփաքը գրպանէն զէնք մը հանեց բայց գետին ձգեց: Եղբայրը՝ Մոփրեմ զէնքը վերցուց ու երեքէն վեց փամփուշտ կրակեց: Հոն կը նահատակուի վեց տարեկան պզտիկ տղայ մը: Երկուքն ալ ոստիկանութենէն առանց մեղադրանքի ելան: 1995-ին տղուն մայրը դատ բացաւ: Հրատարակչատունը 300 000-500 000 ԱՄՆ տոլար վճարեց: 1994-ին ֆիլմ արտադրիչի մը յարձակումին յանցաւոր յայտարարուեցաւ:

1993 ի վերջաւորութեան, Թուփաքը ընկերներով Thug Life խումբը ստեղծեց: Միայն մէկ ալպոմ հրապարակեցին՝ Thug Life: Volume 1, ոսկի սալիկ համարուած: Thug Life-ի գաղափարը կեանքի փիլիսոփայութիւն մըն էր Թուփաքին համար, որ իր ապրելակերպը կը նկարագրէ: Ապրելակերպ մը ուր անձերը ոչինչէ սկսելով ամէն դժուարութիւններէն կ'անցնին ու իրենց նպատակներուն կը հասնին: Այսինքն հարուստ մէկը Thug Life մը չի կրնար ապրիլ քանի վերապրելու համար պայքարելու պէտք չունի: Հակառակ երեւոյթին, այս գաղափարը փողոցային կամ ոճրագործ ըլլալու հետ կապ չունի:

Յարձակում Նիւ Եորքի մէջ (1994)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

30 Նոյեմբեր 1994-ի գիշերը, Quad Recording Studios մտած ատեն Մանհաթանի մէջ, երեք զինուած մարդ հետեւեցան եւ յարձակեցան Թուփաքինն ու իր երեք հետը եղող անձերուն վրայ։ Կռիւի ատեն, Թուփաքը հինգ տեղէ գնդակահարուեցաւ որոնցմէ երկու հատը գլխուն: Յարձակողները վերադարձան 40 000 ԱՄՆ տոլար արժէք ունեցող գոհարեղէններով: Աւելի ուշ, Թուփաքը Շըն Քոմպսին, Անտրէ Հարելինն ու Տը Նոթորիուս Պիկին ամբաստանեց, որոնց դիմաց ինկած էր յարձակումէն անմիջապես վերջ: Թուփաքը այս տեսարանը շատ տարօրինակ կը համարէ քանի ոչ մէկը շարժեցաւ իրեն օգնելու եւ ամէնն ալ զինք դիտեցին կարծես ապշած որ չի մեռաւ: Անմիջապէս հիւանդանոց տարուեցաւ եւ գործողութենէն երեք ժամ վերջ ելաւ, հակառակ բժշկական մարմինին կարծիքին: Յաջորդ օրը, վճիռին դատին մասնակցեցաւ: Բանտարկուեցաւ յանցաւոր նկատուելով երեք հարցի համար ու անմեղ՝ ուրիշ վեց հարցի համար:

Բանտարկութիւն (1995)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

14 Սեպտեմբեր 1995-ին, Թուփաքի պատիժը սկսաւ Տանմորա-ի բանտին մէջ։ Մարտին իր առաջին բազմալսնոսկի ալպոմը լոյս տեսաւ՝ Me Against the World, որ հինգ շաբաթ Billboard 200-ին առաջին մնաց, Թուփաքին ընելով առաջին տեղ գրաւող միակ բանտարկեալ արուեստագէտը: Բանտարկութենէն 11 ամիս վերջ, Death Row-ի տնօրէնը՝ Սիւճ Նայթ, իր օգնութեամբ ու ազդեցութեամբ 1,4 միլիոն ԱՄՆ տոլար երաշխիքը վճարելով Թուփաքին դուրս հանեց, իրմէ սպասելով թէ երկու ալպոմ արձանագրէ իր լապելին հետ: Բանտէն ելլելէն անմիջապէս ետք, Թուփաքը նոր խումբ մը ստեղծեց՝ Outlaw Immortalz, ու Death Row-ի համար առաջին ալպոմը հանեց: 13 Փետրուար 1996-ին, All Eyez on Me զոյգ ալպոմով (չորրորդ մեներգ ալպոմը), հինգ անգամ լսնոսկի ալպոմ պաշտօնակարգուեցաւ:

Սպանութիւն Լաս Վեկասի մէջ (1996)

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

7 Սեպտեմբեր 1996-ի գիշերը, Շաքուրը գնաց Մայք Դայզոնի եւ Պրուս Սելտոնի միջեւ կռփամարտի խաղը դիտելու ՄԿՄ Կրանտի մէջ, Լաս Վեկաս: Պանդոկ-խաղատունէն ելքին, Սիւճին գործընկերներէն մէկը Օրլանտօ «Պեյպի Լան» Անտերսոնին (Քրիփսէն անդամ մը) ու լուր տուաւ Թուփաքին որ անմիջապէս վրան ցատկեց: Կռիւէն վերջ, Շաքուրը պէտք էր Սիւճին հետ Գլուպ 662 երթար ուրեմն BMW E38 berline-ի մը նստեցան: Ճամբուն վրայ, ճերմակ Քատիլաք մը իրենց ինքնաշարժին քովը կեցաւ, պատուհանը իջաւ ու ներսէն կրակեցին: Թուփաքը չորս փամփուշտ ստացաւ որմէ երկուքը մահացու: Սիւճը թեթեւ վիրաւորուած կ'ելլէ: Ոստիկանութիւնն ու շտապ օգնութիւնը անոնց University Medical Center տարին: Տեսակցութեան մը մէջ, Death Row-ի անդամներէն մէկը ըսաւ թէ կրակողները հեռաձայնած ու սպառնացած էին Թուփաքին, ըսելով որ իր մահավճիռը պիտի հաստատեն: Ան անմիջապէս լուր տուած էր Լաս Վեկասի ոստիկանութեան, որ պատասխանած էր թէ մարդուժի պակասի պատճառով, բան մը չէին կրնար ընել: Թուփաքը արդիական մահաթմբիրի մէջ էր ու միայն կարողութիւններուն 13% վերստացաւ վեցերորդ գիշերէն ետք հիւանդանոցը: 13 Սեպտեմբեր 1996-ին, ներքին արիւնահոսութեան ենթարկուեցաւ: Մայրը՝ Աֆենին, տեսնելով բժիշկներուն անկարող վիճակը, որոշեց տղուն աւելորդ չչարչարել: Ատանկով, տեղական ժամը չորսին, Թուփաքը մեռած յայտարարուեցաւ: Յաջորդ օրը, մարմինը մոխրացուեցաւ ու Outlawz-ի անդամներուն կողմէ մոխիրները քանապիսի խառնելով ծխուեցաւ:

Թուփաքի վաճառուած ալպոմներու քանակը 2007 թուականի դրութեամբ կազմած է 75 միլիոն ԱՄՆ տոլար,[1] որու շնորհիւ ճանչցուած է աշխարհի լաւագոյն պահանջարկ վայելող երաժշտական գործիչներէն մէկը։ «Ռօլինկ Սթոնզ» ամսագրին կողմէ որակուած էր որպէս բոլոր ժամանակներու մեծագոյն երգիչներէն մէկը։[2]

Հիփ-հօփ ասպարէզէն զատ նկարահանուած է նաեւ ֆիլմերու մէջ։ Թուփաքի կատարումներու հիմնական թեմաներն են բռնութիւնը, ցեղապաշտութիւնը, մեծ քաղաքներու մէջ տիրող զրկանքներն ու դժուարութիւնները եւ այլ ընկերային խնդիրներ, ինչպէս նաեւ տարաձայնութիւնները այլ հիփ-հօփ երգիչներու հետ, որոնք սկզբնաւորուած էին 90-ականներու ընթացքին արեւելեան եւ արեւմտեան ափերու ռափըրներու միջեւ (East Coast - West Coast hip hop rivalry

Երաժշտական ասպարէզը սկսած է որպէս «Digital Underground» ալդըրնըթիւ հիփ-հօփ, օգնական, այնուհետեւ` էմ Սի (MC):[3][4][5]

Եղած է նաեւ Thug Life, Outlawz (անգլանօրէններ), եւ Amerikaz Most Wanted խումբերու անդամ։

1996 թուականին, 13 Սեպտեմբեր-ին Լաս Վեկասի մէջ Թուփաքի վրայ կը կրակեն չորս անգամ։ Անոր անմիջապէս կը տեղափոխեն Հարաւային Նեւատայի բժշկական կեդրոն, ուր 6 օր մնալէն ետք շնչառական անբաւարարութեան եւ սրտի աշխատանքի թուլացման պատճառով կը կնքէ իր մահկանացուն։

Թողարկմամբ Ալպոմներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Կաղապար:Cite document
  2. Rolling Stone Magazine: Բոլոր ժամանակների 100 մեծագույն արտիստները Archived 2012-05-23 at Archive.is. հունիսի 22, 2010.
  3. Tupac Shakur – Thug Angel (The Life of an Outlaw)։ 2002
  4. Tupac Shakur – hotshotdigital.com.
  5. Էդվարդս, Փոլ, 2009, Ինչպես ռեփ արտասանել` հիփ հոփի արուեստն ու գիտութիւնը, «Չիկագո ռեվյու պրես», էջ 330.

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]